Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2020-ին, Դամասկոս ժամանեցին սուրիական-իրանեան տնտեսական խորհուրդի նախագահ Հասան Տանաաի Ֆար եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Անոնք հանդիպում ունեցան սուրիական կառավարական կարգ մը մարմիններու հետ, յատկապէս Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուսի եւ Սուրիոյ դէմ տնտեսական պատերազմին կամ «Կայսեր Օրէնք»ին հետեւանքները սերտող պատկան նախարարներուն հետ։ Կողմերը խորհրդակցեցան ապրուստի տագնապին առնչուող հարցերուն եւ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ սահմանուած ապօրինի պատժամիջոցները յաղթահարելու կարելիութիւններուն շուրջ։ Կողմերը նաեւ համաձայնեցան պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու համար միասնաբար որոշ քայլերու ձեռնարկելու։
Ֆար դիտել տուաւ, որ Իրան եւ Սուրիոյ դաշնակից պետութիւններ օժանդակութիւն պէտք է տրամադրեն Սուրիոյ ժողովուրդին, որպէսզի ան կարենայ դիմադրել տնտեսական այս գրոհը, ինչպէս նախապէս դիմադրեց եւ յաղթահարեց զինուորական իննամեայ պատերազմը։ Իրանեան պատուիրակութեան երկօրեայ այս այցելութեան ընթացքին հաւանական է, որ Ֆար Դամասկոսի մէջ մամլոյ ասուլիս մը ունենայ եւ պարզէ բոլոր այն հարցերը, որոնց լուծումներ որոնելու համար Դամասկոս այցելած է ան։