Երեքշաբթի, 16 Յունիս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաուի յայտնած է, որ մօտօրէն Ասթանայի հովանաւոր երկիրներու՝Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներ, առցանց նիստ մը պիտի գումարեն Սուրիոյ իրավիճակին մասին խորհրդակցելու համար։
Յայտնենք, որ Ասթանայի ժողովները սկիզբ առած էին 2017-ին, Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ։ Ժողովներուն ընթացքին կողմերը կը շեշտէին Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնը յարգելու եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կը շեշտէին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պատերազմը շարունակելու կարեւորութիւնը՝ մինչեւ Սուրիոյ ամբողջական ազատագրումը։
Աղբիւրին համաձայն, Մուսաուի եզրափակելով շեշտած է Ուաշինկթընի մղած տնտեսական պատերազմը դադրեցնելու պահանջը, ապա կոչ ուղղած է եւրոպական երկիրներուն լուռ չմնալու ԱՄՆ-ի բռնատիրութեան ի տես։