Հինգշաբթի, 18 Յունիս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը, յայտնելով, որ Սուրիոյ դէմ ԱՄՆ-ի պարտադրած «Կայսեր Օրէնքը» շրջանցեց միջազգային բոլոր օրէնքները։ Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդն ու սուրիական բանակը թոյլ պիտի չտան Սպիտակ Տան մէջ դաւեր հիւսողներուն, որ Սուրիոյ դէմ իրենց ծրագիրները կեանքի կոչեն եւ արդիւնաւորեն։
Հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ, որ շատ մը պետութիւններ խստիւ դատապարտեցին ապօրինի, պարտադրուած տնտեսական այս պատժամիջոցները եւ ԱՄՆ-ի սոյն արարքը մարդկութեան դէմ ոճիր ու միջազգային օրէնքին խախտում համարեցին։ Անոնք կոչ ուղղեցին միջազգային ընտանիքին անմիջապէս վերջ տալու Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատիժներուն, որոնք կը սպառնան Սուրիոյ ժողովուրդի կեանքին, ապրուստի նուազագոյն պէտքերը ապահովելէ անգամ զրկելով զինք։