Երկուշաբթի, 22 Յունիս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հասիչէի արուարձանի Քահթանիէ աւանին մէջ գտնուող Ֆարէս Քապիր գիւղի բնակիչները դէմ դրին ամերիկեան ուժերուն կողմէ իրենց գիւղը ուղղուող զինուորական հրասայլի մը եւ կանխեցին անոր մուտքը։
ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը աւելցնելով ըսաւ, որ բնակիչները հրասայլը քարկոծեցին եւ ստիպեցին, որ ետ քաշուի իր մուտք գործած ապօրինի խարիսխէն։