«Էրմէնիհապէր».- Թուրքիոյ իշխանութիւնները որոշած են ամբողջովին վերանորոգել Անիի աւերակներուն մէջ գտնուող Մանուչէի մզկիթը: Ըստ Թուրքիոյ արդիւնաբերութեան եւ ճարտարագիտութեան նախարարութիւնը յայտարարութեան, նախարարութեան կից Զարգացման գործակալութիւններու գլխաւոր վարչութեան հսկողութեամբ մեկնարկած են աշխատանքներ, որոնց նպատակը մզկիթը ապագայ սերունդներուն փոխանցելն ու աշխարհին հանրահռչակ դարձնել է:
Մզկիթի վերակառուցման եւ նախագիծի աշխատանքներուն իրականացման համար արձանագրութիւն ստորագրուած է Զարգացման գործակալութիւններու գլխաւոր վարչութեան եւ Մշակութային ժառանգութեան ու թանգարարններու գխաւոր վարչութեան միջեւ:
Ըստ արձանագրութեան` նախագիծին տնտեսական օժանդակութիւն ցուցաբերած են Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու մէջ գործող 26 զարգացման գործակալութիւններ, իսկ վերանորոգման աշխատաքները նախատեսուած է աւարտել 21 Օգոստոս 2021-ին, Մանազկերտի ճակատամարտի 950-րդ ամեակին: