«Ալ Ուաթան».- Թրքական ուժերն ու անոնց հովանաւորութիւնը վայելող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները Երեքշաբթի, 22 Յունիսին ռմբակոծած են Հասիչէի հիւսիսարեւելքը գտնուող Թամըր աւանը։ Ըստ «ալ Ուաթան»ի թղթակիցին, ռմբակոծուած է նաեւ Թամըրէն 15 ք.մ. անդին գտնուող ալ Թուիլէ աւանը եւս, սակայն մարդկային զոհեր չեն արձանագրուած։
Ռմբակոծումը ծայր առած է Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած ալ Արպային եւ Լիլիան աւաններէն, թիրախ ունենալով M4 միջազգային մայր ճամբուն մօտակայքը գտնուող բնակչութեամբ հոծ աւանները։ Միւս կողմէն, Ռաս ուլ Այն, Թալ Թամըր եւ Հասիչէի մօտակայ այլ գիւղական շրջաններ, որոնք կը գտնուին բախումի գօտիին վրայ, կþենթարկուին առօրեայ ռմբակոծումներու թէ՛ թրքական ուժերուն եւ թէ անոնց հովանաւորութիւնը վայելող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէն։