16 Ապրիլին ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները, ՀՅԴ մարզային կառոյցներու օժանդակութեամբ սկիզբ առաւ «Օգնէ հայրենակիցիդ – #Միասինկըյաղթենք» ծրագիրը, որուն նպատակը Հայաստանի մէջ բնակող, ընկերայինօրէն անապահով եւ ճգնաժամի առջեւ մինակ մնացած ընտանիքներուն օգնութեան տրամադրումն է:

Հանրային դրամահաւաքէն գոյացած միջոցներով պատրաստուած են անհրաժեշտ պարէնամթերքով արկղեր, որոնք այնուհետեւ ուղղուած են տարբեր մարզերու մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն: Հետեւաբար մեր նուիրատուներուն տրամադրած միջոցներուն շնորհիւ առ այժմ Հայաստանի 7 մարզերու եւ Երեւանի մէջ բնակուող մօտաւորապէս 2000 ընտանիքի կարելի եղած է օժանդակել:

Ծրագիրը այժմ ընթացքի մէջ է: Կը կատարուին նախապատրաստական աշխատանքներ, որոնք դանդաղած են Հայաստանի մէջ համավարակէն ստեղծուած ծայրայեղ ծանր իրավիճակին պատճառով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք մինչեւ այս պահը ծրագիրին գումար նուիրաբերածներուն Ա. ցուցակը: Նուիրատուութիւնները տակաւին կը շարունակուին, անոնց պիտի անդրադառնանք հետագային: Կրկին մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք նուիրատուներուն եւ ՀՅԴ համահայկական կառոյցին, որուն միջոցով կարելի եղաւ կազմակերպել ու իրագործել այս կարեւոր ծրագիրը:
«Միասին Կը Յաղթենք» օժանդակութեան ծրագիրի նուիրատուներուն Ա. ցուցակը`
ԱՄՆ-ի Նոր Ջուղա «Զարթօնք» միութիւն
Արեւելեան ԱՄՆ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւն
Քանատայի հայկական համայնք
ԱՄՆ-ի «Սասուն» հայրենակցական միութիւն
ԱՄՆ «Ալեքս Փիլիպոս» դպրոցի սաներ եւ ուսուցչական կազմ
ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի ընկերներ
ՀՅԴ Պելճիքայի Երիտասարդական Միութիւն
ՀՅԴ Ֆրանսայի Երիտասարդական Միութիւն
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւն
ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւն
Նոր Ջուղայի Կրօնական Խորհուրդ
Յովիկ Ջուլհաճեան (Հոլլանտա)
Նշան Փիրումեան (ԱՄՆ)
Ոմն Հայաստան
վաչէ Թովմասեան (ԱՄՆ)
Նազարէթ Խարբերդեան (Հայաստան)
Ոմն Քանատա
Հրանդ Մարգարեան (Հայաստան)
Ոմն Հայաստան
Քոթանճեան (Պելճիքա)
Ոմն Հայաստան
Արթուր Աղաբեկեան (Արցախ)
Ոմն Անգլիա
Արտաշէս Չոքալեան
Ոմն Հայաստան
Սարհատ Փափազեան (Հայաստան)
Վրէժ եւ Լիւսի Հալէպեան
Ոմն Հայաստան
Ազատուհի Սիմոնեան (Հայաստան)
Քրիստինէ Վարդանեան (Հայաստան)
Ռուբէն Պօղոսեան (Հայաստան)
Արմէն Աբուլեան
Շահէն Աբուլեան
Վարդգէս Խղրդումեան
Ոմն Հայաստան
Ռաֆֆի Մարտիրոսեան Ամն
Վրէժ Հալէպեան
Լիւսի Հալէպեան
Ոմն Հայաստան
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններ