«Երկիր».-Հայրենիքի համար նահատակուողներու եւ անյայտ կորսուածներուն յիշատակի օրուան առիթով Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 29 Յունիսին այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղած է անյայտ կորսուած ազատամարտիկներու յուշարձանին առջեւ:
Նախաձեռնութեան մասնակցած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Տէր Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան եւ պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեան: