Ֆրանսական Սթրազպուրկի քաղաքապետ ընտրուած է Ֆրանսայի Կանաչներու կուսակցութեան ներկայացուցիչ, հայուհի Ժանն Բարսեղեան` հաւաքելով ընտրողներու ձայներուն 42,5 տոկոսը:

Բարսեղեան ծնած է 6 Դեկտեմբեր 1980-ին, Սիւրէն: Ժանն Բարսեղեան Հայաստանի Առաջին Հանարպետութեան խորհրդարանի կին պատգամաւորներէն մէկուն` Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանի եւ 20-րդ դարու ազատագրական պայքարի աշխոյժ մասնակից, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Սարգիս Բարսեղեանի ծոռն է:

1998-էն Փարիզի, Միւնսթըրի եւ Պերլինի մէջ ուսանած է ֆրանս-գերմանական իրաւագիտութեան հիմնարկներէն ներս:

Սթրազպուրկի մէջ Ժանն ստեղծած է Պարոյր Սեւակի անունը կրող «Սեւակ» միութիւնը, ուր աշխատանքային 2 տարուան ընթացքին հայոց լեզուն սորված է եւ ծանօթացած է հայ մշակոյթին:
2016-ին ան մասնակցած է Arte-ի «Ճանապարհորդութիւն Դէպի Անատոլիա» վաւերագրական ֆիլմի նկարահանումներուն:
Ժանն Բարսեղեան ընտրութիւններու առաջին փուլէն ետք վարակուած էր Covid-19 համավարակով, սակայն 5 շաբաթ անց, մեծ դժուարութեամբ ապաքինած է:
Աւելցնենք, որ 28 Յունիսը Ֆրանսայի քաղաքապետի ընտրութիւններուն երկրորդ փուլն էր: Առաջին փուլէն ետք, ընտրութիւնները յետաձգուած էին աւելի քան 3 ամիսով` պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով: Կանաչներու կուսակցութեան թեկնածուն յաղթած է նաեւ երկրի երրորդ մեծ քաղաքին ` Լիոնի մէջ: 2017-ին «Ընկերվարական» կուսակցութենէն Լիոնի քաղաքապետ ընտրուած հայազգի Ժորժ Քեփենեկեան այս ընտրութիւններուն երրորդ դիրք գրաւած է: Փարիզի ընկերվար քաղաքապետ Էն Իտալքոն վերընտրուած է: Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի «Առա՛ջ, Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը չէ յաջողած յաղթել որեւէ մեծ քաղաքի մէջ: