Այսօր առաւօտ, Սուրիոյ երեսփոխանական ընտրութիւններու հայ համայնքի թեկնածու Ժիրայր Րէիսեան այցելեց Հալէպի տեղեկատուական գրասենեակի տնօրէն տիար Սաատ Ռաշէտին։

Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան ընտրութիւններու քարոզչական աշխատանքին եւ քաղաքացիներու իրազեկման առնչուող հարցեր։