«Արմէնփրէս».- ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, հետամուտ ըլլալով օտարերկրեայ պետութիւններու յատուկ ծառայութիւններուն հետախուզական քայքայիչ գործունէութեան դէմ պայքարին եւ տեղեկատուական անվտանգութեան ոլորտէն ներս ՀՀ օրէնքով իրեն վերապահուած գործողութիւններու ու լիա­զօրու­թիւններու իրականացման, կը շարունակէ բացայայտել Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու յանցաւոր նկրտումները, ինչպէս նաեւ հակազդել համացանցի տարբեր հար­թակ­նե­րու վրայ ատրպէյճան­ցի օգ­­տա­տէ­րերու կողմէ շարու­նա­կական բնոյթ կրող հակա­հայ­­կական եւ ՀՀ զին­եալ ուժերու վար­կա­բե­­­կման շարժումներուն:

ՀՀ ԱԱԾ մամուլի կեդրոնի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է․

«Յիշեալ ուղղութեամբ իրականացուող առարկայական-հետախուզական նախաձեռնութիւններու տուեալներէն ի յայտ եկած է, որ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան յատուկ ծառա­յու­թիւններու «Արհեստավարժ Հետախոյզները», հաւատարիմ մնալով իրենց բնորոշ պարզունակ գործելաոճին եւ օգտագործելով արդի տեղեկատուական ճարտարագիտութեան կարելիութիւնները, կը շարունակեն հա­մա­ցան­ցի վրայ գրանցել ար­տ­երկրի մէջ բնակ­ող հայերու անուններով կեղծ էջեր եւ ներ­կա­յա­նա­լով որպէս գործարար-բա­րե­րարներ, կամ ՀՀ Զինեալ Ուժերու նախկին զինուորական ծառայողներ, ծա­նօթու­­թիւն­ներ կը հաստատեն հայ զինուորական ծա­ռա­յող-օգտա­տէրերու, կամ անոնց հարազատներուն հետ ու յարաբերութիւններու ընթացքին ռազմական բնոյթի տեղեկութիւններ կը կորզեն:

Ատրպէյճանի Հանրապետութեան յատուկ ծառայութիւններու գործողութիւնները այնքան նոյնաբովանդակ եւ պարզունակ են, որ ՀՀ ԶՈՒ զինուորական ծառայող-օգտատէրերը անոնց առաջին իսկ արտայայտութենէն կը հասկնան, որ գործ ունին ատրպէյճանական «Հզօր Հետախոյզ»ի հետ եւ կը դադրեցնեն անոնց հետ յարաբերութիւնները ու անմիջապէս կ’իրազեկեն համապատասխան մարմինները:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը անգամ մը եւս կը յորդորէ ՀՀ քաղաքացիները` յատկապէս զինուորական ծառայողները, հեռու մնալու ընկերային ցանցերու վրայ անծանօթ օգտատէրերու հետ յարաբերութիւններէն եւ չքննարկելու զինուորական ծառայութեան վերաբերող նիւթեր, իսկ նման իրադրութեան մէջ յայտնուած անձերէն եւ զինուորական ծառայողներէն, իրենց շահերէն մեկնելով, կը խնդրէ անյապաղ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն դիմել»: