Քանատայի Հայ Դատի Յանձախումբի Արեւմտեան շրջանի եւ ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, 26 Յուլիսին կայացաւ Հայաստանի դէմ ատրպէրճայնական յարձակապաշտ վարքագիծը դատապարտող բողոքի ցոյց։ Աւելի քան 100 վանգուվըրահայերուն դէմ հակացոյցի դուրս եկան մօտ 50 ատրպէյճանցիներ, որոնք կը բացագանչէին «Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կը պատկանի»։
Ցոյցին կը մասնակցէին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան, Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Գեղարդ Կարապետեան եւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Յակոբեան։ Բողոքի հաւաքի ընթացքին, Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը դատապարտեցին Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Բալիկ Քոչկիրեան։