Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Խնամակալութեան եւ Տնօրէնութեան, Ուրբաթ, 24 Յուլիս 2020-ին երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի երկրորդականի շրջանաւարտ հունձքին ամավերջի հանդէսը։
Հունձքը կոչուեցաւ «Յ.Թումանեան» սերունդ։ Հանդէսի գեղարուեստական յայտագիրը նուիրուած էր Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին գործին, գրական վաստակին ու կեանքին։
Հանդէսի բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու զոյգ քայլերգներով:
Հայերէն բացման խօսք արտասանեց շրջանաւարտ Նանար Շահինեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, վեր առաւ ծնողներուն զոհողութեան ոգին ու Յ. Թումանեան սերունդին անունով յայտնեց. «Երախտագիտական ջերմ զգացումներով այսօր հրաժեշտ կու տանք այս կառոյցին, որ կոփեց ու մշակեց մեր մտքերն ու հոգիները, Յ. Թումանեանի «Կաթիլ Մը Մեղր»ին պէս կաթիլ առ կաթիլ ազգային ու մարդկային արժէքներ սրսկեց մեր մէջ»:
Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ շրջանաւարտ Մարալ Ղազէլեան, յայտնելով որ «Ճեմարանի երկու շէնքերը ամէն տարի ականատես կ’ըլլան իրենց յարկերուն տակ թրծուող աւարտական հունձքի մը աւարտական հանդէսին: Հունձք մը, որ շրջանաւարտ դառնալով ու իր ապագան կերտելով կ’արժեւորէ վարժարանին առաքելութիւնը՝ հպարտութիւն առթելով իր ծնողքին, դպրոցին ու հայրենիքին»:
Հայերէն ուղերձով հանդէս եկաւ շրջանաւարտ Սէսիլ Պազարպաշեան, որ իր սերունդին անունով երախտագիտութիւն յայտնեց ճեմարանին, շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան, ապա եզրափակելով ըսաւ. «Ցտեսութիւն Ճեմարան, տաճար գաղափարական: Քու յարկին ներքեւ մենք զինուեցանք հայեցի ու ազգային դաստիարակութեամբ»:
Արաբերէն ուղերձով Սիրվի Յովակիմեան դիտել տուաւ, որ «դպրոցը փոքրիկ հայրենիք մը եղաւ մեզի համար: Ան գիտութեան լոյսով ու սիրով պատսպարեց մեզ պատերազմի ծանր տարիներուն: Մենք, մեր կարգին, թէեւ տարիներ հեռու մնացինք մեր դպրոցին կառոյցէն, սակայն նոյն ոգիով շարունակեցինք մեր ուսումը եւ վերադարձանք շնորհիւ սուրիական բանակին արձանագրած յաղթանակներուն: Այսօր հպարտ ենք մեր ձեռքբերումներով եւ շնորհակալ ենք մեր սիրելի վարժարանէն»:
Գեղարուեստական յայտագիրով շրջանաւարտները ասմունքեցին Թումանեանի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը, շնորհալի այլ շրջանաւարտներ հայկական պարով զարդարեցին բեմը, իսկ երաժշտասէր շրջանաւարտներ իրենց հաճելի կատարումներով նրբաճաշակ երաժշտական յայտագիր մը հրամցուցին:
Այնուհետեւ վարժարանի պետական տնօրէնը իր սրտի խօսքը արտասանելով ըսաւ, որ ԱՔԵ ճեմարանը Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ տարիներու ընթացքին եղած է ու պիտի ըլլայ մարդն ու ազնիւ քաղաքացին կերտող հզօր այն կառոյցը, ուր կը տիրէ կարգ ու կանոն: Աւելին՝ Ճեմարանը կազմակերպուած աշխատանքի օրինակելի հաստատութիւն մըն է, որ իր աշակերտներուն ուսումնական եւ բազում առաւելութիւնները յայտնաբերելով՝ կ’ուրուագծէ անոնց ապագան:
Ապա խօսք առաւ վարժարանիս տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան, որ կարեւորեց ճեմարանի դերը սփիւռքահայ կեանքին մէջ, ապա ներկայացուց այս տարեշրջանի ամփոփ տեղեկագիրը:
Տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց հանդէսի կազմակերպիչներուն, մասնաւորաբար հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Մարիա Գաբրիէլեանին, արաբերէնի ուսուցիչ Արա Մութաֆեանին եւ երգչախումբի ղեկավար, Ճեմարանի երաժշտութեան ուսուցիչ Ռուզան Պարսումեանին, Բերիոյ Թեմի «Դպրոց» հիմնադրամին, ԱՔԵ Ճեմարանի Քալիֆորնիոյ Ընկերակցութեան, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան, Բերիոյ Թեմի Նպաստից Յանձնախումբին, Էօժենի Պետրոսեան պարգեւին եւ անհատ բարերարներուն, որոնք բարոյապէս եւ նիւթապէս զօրավիգ կանգնեցան ճեմարանին: Տնօրէնը յայտնեց նաեւ, որ այս առիթով «Մկրտիչ Մկրտիչեան» մրցանակի անուան տակ, տիար Մաթիկ Էպլիղաթեան հայերէն լեզուի եւ գրականութեան նիւթին բարձրագոյն նիշ ապահոված իւրաքանչիւր շրջանաւարտի նուիրած է «Կիլիկիա» հրատարակչատան գիրքերէն 30 օրինակ։
Ապա տեղի ունեցաւ նախորդ տարուան երկրորդականի պետական քննութեան արդիւնքով առաջնակարգ հանդիսացած աշակերտներու պարգեւատրումը Շրջանաւարտից Միութեան կողմէ՝ ձեռամբ տնօրէնին եւ Շրջ. Միութեան Վարչութեան անդամներ՝ Շահէ Տէր Արթինեանի եւ Մայտա Աւագեանի, հետեւեալ ձեւով.-
Գիտական բաժին
1-Մէյրի Տըրմէշ
2-Էլէնա Աւագեան
3-Կիթառ Աւընեան
Գրական բաժին
1-Նանար Արթինեան
2-Անժելա Քարկոծեան
3-Առաքել Թերզեան
Ճեմարանի տնօրէնին եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի օգնական Հոգշ. Տէր Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում։ Ապա հոգեշնորհ հայր սուրբը իր եզրափակիչ պատգամը ուղղեց՝ վեր առնելով բազում դժուարութիւններ դիմագրաւող այս սերունդին դիմադրողական ոգին, յատկապէս ԱՔԵ ճեմարանի դերը մարդակերտումի եւ հայակերտումի մէջ, որ շարունակուեցաւ նոյնիսկ պատերազմի դժուար տարիներուն:
Ճեմարանէն շրջանաւարտ դարձան 39 խոստմնալից երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք հրաժեշտ տալով իրենց դպրոցին, խոստացան բարձրագոյն ուսման հետեւելով մէկտեղ ծառայեն իրենց վարժարանին՝ մաս կազմելով Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան։
Թղթակից