Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան, տեղի ունեցաւ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի վեցերորդ կարգի շրջանաւարտ աշակերտներուն հրաժեշտի հաւաքը, Չորեքշաբթի, 15 Յուլիս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով սկիզբ առաւ հանդիսութիւնը, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը հայրենիքի նահատակներուն:
Բացման խօսք ներկայացուց հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Մարալ Ապլաքեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, նշեց, թէ հակառակ պսակաձեւ ժահրի համավարակի սահմանափակումներուն, Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին միասնական աշխատանքով 2019-2020 տարեշրջանի վեցերորդ կարգի աշակերտները ամբողջացուցին իրենց անհրաժեշտ ուսումնակրթական ծրագիրը եւ այժմ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով հրաժեշտի հաւաքին ուրախութիւնը կþապրին միասին:
Շրջանաւարտ աշակերտները հանդէս եկան գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով: Հնչեցին «Հայաստան», «Երգի Հետքերով», «Կանք ու Կը լինենք» երգերը եւ «Կիլիկիա» մաղթերգը: Աշակերտները արաբերէն լեզուով խանդավառօրէն ներկայացուցին փունջ մը հայրենասիրական երգեր:
Խմբային ասմունքով անոնք մատուցեցին «Հայաստան», «Խրիմեան Հայրիկին» եւ Փոքրիկներուն Հայրենիքի Սիրոյ Նուիրուած ասմունքի կտորները: Ասմունքին ընդմէջէն շրջանաւարտները մեծարեցին Հայոց Հայրիկը, որուն ծննդեան 200-ամեակը բոլորուեցաւ այս տարի:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի Տնօրէնուհի Զեփիւռ Րէիսեան, որ ամփոփ զեկոյց ներկայացուց անցնող ուսումնակրթական տարեշրջանին մասին յայտնելով, որ հակառակ պսակաձեւ ժահրի համավարակին սահմանափակումներուն՝ գործակցաբար կարողացանք ամբողջացնել շրջանաւարտ աշակերտներուն ուսումնական ծրագիրը եւ յարմարութիւնը ստեղծելով հրաժեշտի հաւաքի ուրախութենէն չզրկեցինք մեր շրջանաւարտները: Տնօրէնուհին շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր հայրական հովանաւորութեան համար, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան, Ուսումնական Խորհուրդին, Վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ նուիրեալ ուսուցչական կազմին: Շնորհակալական յատուկ խօսք ուղղեց վարժարանին իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ նեցուկ կանգնող մարմիններուն եւ բարերարներուն, ի մասնաւորի Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութեան, որոնց նուիրատուութեամբ հրաժեշտի հաւաքին հիւրասիրութիւնը ապահովուեցաւ:
Ապա, տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յուշանուէրով պարգեւատրելու վարժարանի պետական տնօրէն Լուէյ Ֆահամը, որ թոշակի ելլելով ամբողջացուց իր կրթական ծառայութիւնը: Պարոն Ֆահամը այս առիթով իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Վարժարանի Հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ողջ անձնակազմին, որոնց հետ իրարայաջորդ տարիներ արդիւնաւէտ աշխատանքային օրեր ապրեցաւ:
Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ փոխանցելով իր հայրական օրհնութիւնները գնահատեց Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը, Տնօրէնութիւնը, Ուսուցչական Կազմը, Թեմիս Ուսումնական Խորհուրդը եւ ամբողջ պաշտօնէութիւնը այս յաջողութեան համար:
Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Այս վկայականը կը կոչուի հաստատագիր, որ թէեւ վկայական չէ, սակայն հոսկէ կը սկսին յաջողութիւնները, երբ ուսանողը ունենայ տեսիլքը, կամեցողութիւնը, համբերութիւնը եւ ընտրելու կարողութիւնը: Այս բոլորին ետին ծնողքը պէտք է ունենայ իր իւրայատուկ դերակատարութիւնը, որպէսզի իր զաւակը ունենայ ապահով եւ փայլուն ապագայ», աւելցնելով ըսաւ. «Նախակրթարանի այս համեստ բեմը կարեւոր բեմ է: Հոս է որ աշակերտը պիտի տեսնէ ապագան, մանաւանդ իր ծնողներու առաջնորդութեամբ»:
Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ ուղղուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք, որ զոհողութիւններով եւ յաջողութիւններով լեցուն ապահով դաշտ մըն է: Խրատեց, որ անոնք ուսումէ եւ գիրքէ հեռու չմնան եւ ուսման ճամբով զանազան ասպարէզներու մէջ փայլուն դիրքերու հասնին:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ծնողները, մաղթելով որ իրենց զաւակները ապագային տէր կանգնին մեր ազգային արժէքներուն եւ իրենց ներդրումը բերեն Սուրիական հայրենիքին, անոր Վսեմաշուք Նախագահին եւ բանակին: Մասիս Եպիսկոպոս իր ձայնը միացնելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կոչին՝ զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Արցախի բանակներուն, մաղթելով որ շուտով խաղաղութիւն տիրէ Հայաստանի սահմանին վրայ:
Սրբազան Հայրը շրջանաւարտներուն երգած «Կիլիկիա» մաղթերգը ձօնեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ գահակալութեան 25-ամեակին, Նորին Սրբութեան մաղթելով արեւշատ տարիներ:
Հանդէսը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
Աւարտին Դպրոցի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի կարկանդակի հատում եւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:
Թղթակից