Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան 5-րդ խումբի ականազերծները Յուլիսին ականազերծած են 19 878 քառակուսի մեթր ականապատ տարածք: Առաքելութեան առաջին օրուընէ ականազերծուած է 205 087 քառակուսի մեթր, որ սուրիական իշխանութիւններուն հաւաստագիրերով յանձնուած է 142 000 քառակուսի մեթր տարածք: Յուլիսին յայտնաբերուած է 14 հատ ШОАБ տեսակի քասետային ենթազինամթերք, 13 հատ 120 մմ ականանետի չպայթած արկ, 6 հատ OA-2,5 РTM ենթազինամթերք, 4 ինքնաշէն պայթուցիկ սարք, 1 հակաթանկային TM-62П, 2 ՎՕԳ 17:
Մարդասիրական 5-րդ խումբի բժիշկները համաճարակային սահմանափակումներու պայմաններուն տակ բուժօգնութիւն ցուցաբերած են 1713 տեղաբնակներու: Առաքելութեան առաջին իսկ օրուընէն` 15 485 հիւանդներու:
Յուլիսին բժշկական խումբը ղեկավար կազմին հետ մասնակցել է Հայ Աւետարանական Համայնքին պատկանող «Բեթել» բժշկական կեդրոնի բացման ձեռնարկին, որուն ընթացքին համայնքի ղեկավար Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան ամենօրեայ ցուցաբերած բժշկական մասնագիտական օգնութեան համար իր երախտիքի խօսքը յղած է հայ բժիշկներուն: 5-րդ բժշկական խումբը, ըստ բարի աւանդոյթին, Հալէպի բուժհաստատութիւններուն, մասնաւորապէս «Դարմանատուն» ընկերաբժշկական կեդրոնին, փոխանցած է բժշկական անհրաժեշտ պարագաներ:
Հայաստանի մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբը Յուլիսին մասնակցած է Մեծ Ներսէս Հայրապետի յիշատակի օրուան նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկին, Համազգային Թատրոնի կազմակերպած Հայ ազգագրական մշակութային ձեռնարկներուն:
22 Յուլիսին Հալէպի հայ համայնքին պատկանող «Ազգային Պատսպարան» մանկատան սաները Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի վարչութեան անդամներուն ուղեկցութեամբ այցելած են Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան մշտական տեղակայման վայրը: Ողջունելով Հալէպ ժամանած հայ մասնագէտներուն, ՍՕԽ-ի վարչակազմը յաջողութիւն մաղթած է մարդասիրական խումբին աշխատանքներու իրականացման մէջ: Հանդիպումի ընթացքին կազմակերպուած են շարք մը նախաձեռնութիւններ: Խումբի ղեկավարութեան կողմէ մանկատան սաներուն փոխանցուած են նուէրներ:
Մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի մասնագէտները Հալէպի ազգային պատսպարանի ՀԱՅ Ծերանոց-ին եւ Հայ համայնքի մանկատան սաներուն փոխանցած են անհրաժեշտ պարագաներ եւ սնունդ:
Մարդասիրական խումբի մշտական տեղակայման վայրին մէջ ամէն օր կը շարունակուին պսակաձեւ ժահրի համավարակի կանխարգիլման եւ վարակազերծման դէմ ուղղուած աշխատանքներ:Հակառակ Հալէպի մէջ համավարակին բերած շարք մը սահմանափակումներուն եւ դժուարութիւններուն` մարդասիրական խումբը կը շարունակէ իրականացնել իր առաքելութիւնը: