Չորեքշաբթի, 5 Օգոստոս 2020-ին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ ալ Մուալլեմ Լիբանանի Ա արտաքին գործոց նախարար Շարպէլ Ուահպէի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ յայտնեց, որ Սուրիոյ ղեկավարութիւնն ու ժողովուրդը ցնցուած են երէկ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն, որուն հետեւանքով բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան եւ քաղաքը ամբողջ ահաւոր քանդումի ենթարկուեցաւ։ Մուալլեմ շեշտեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ յայտնեց, որ Սուրիան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իր բոլոր կարողութիւնները ի գործ դնելու եւ աջակից դառնալու Լիբանանի ժողովուրդին, որպէսզի ան շրջանցէ այս աղէտալի փորձանքը։ Մուալլեմ իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի ժողովուրդին եւ յատկապէս զոհերու հարազատներու, եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն։ Իր կարգին Ուահպէ երախտագիտութիւն յայտնեց Սուրիոյ եղբայրական կեցուածքին համար, որ կՙամրապնդէ երկու երկիրներուն միջեւ կայուն եւ պատմական յարաբերութիւնը։