«Երկիր».- Իտալիոյ ՀՀ դեսպանութիւնը կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ Հանրապետութեան Պատգամաւորներու պալատը միաձայնութեամբ կողմ քուէարկած է ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացումին համար: «Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատը 414 կողմ եւ 0 դէմ ձայներով կողմ քուէարկեց ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացումին: Յառաջիկային պիտի ներկայացուի Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահի ստորագրութեան», յայտնած է դեսպանութիւնը: