«Լրագիր».-Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ  30 Յունիսէն մինչեւ 10 Յուլիս տեղի պիտի ունենայ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի 43-րդ նստաշրջանը, ուր պիտի քննարկեն համաշխարհային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցեր: Այդ է կազմակերպութեան գործունէութեան նպատակը, բնոյթը: Հանգամանքը առնուազն տարակուսելի կը դարձնէ այն իրողութիւնը, որ ԻՒՆԵՍՔՕ -ի` համաշխարհային ժառանգութեան պաշտպանութեան առաքելութիւն ունեցող կազմակերպութեան նստաշրջանը պիտի իրականանայ  երկրի մը մայրաքաղաքին մէջ, որուն իշխանութեան հովանիին ներքոյ այդ ժառանգութեան հայկական նմոյշները ոչնչացուած են: Աղաղակող եւ ցցուն օրինակներէն մէկը Ջուղայի խաչքարերն են, որոնք կ’ոչնչացուէին օրը ցերեկով, ԻՒՆԵՍՔՕ-ին աչքին առջեւ:

Այդպիսով, Պաքուի մէջ 30 Յունիսէն 10 Յուլիս առանց չափազանցութեան որպէս կազմակերպութիւն պիտի ոչնչացուի ԻՒՆԵՍՔՕ-ն, եթէ 43-րդ նստաշրջանի ընթացքին Ատրպէյճանի ղեկավարութեան դէմ հայկական մշակոյթի ոչնչացման հարցերը չդրուին: Թէեւ  այդպիսի հարցեր դրուելու ըլլային, անոնք  դրուած կ’ըլլային աւելի առաջ, իսկ Պաքուի մէջ նստաշրջան կատարելու մասին որոշում չէր ըլլար: Հարցերուն համար պէտք չէր տարիներ անց Պաքու երթալ:

Քաղաք, որ անշուշտ ունի իր պատմական նկարագիրը` բազմամշակութային շերտերով, հայկական մշակոյթի, բայց նաեւ քաղաք, որ այդ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հայատեաց քարոզչութեան հետեւանքով փաստացի հակաքաղաքակրթական խայտառակութեան կեդրոնի վերածուած է:

Ընդամէնը օրեր առաջ կը ծաւալէին միջազգային ընդհուպ քաղաքական քննարկումներու մակարդակի հասած ֆութպոլային կիրքերը` կապուած Եւրոպայի Լիկայի յայտնի եզրափակիչին հետ: Ատրպէյճանի իշխանութեան քաղաքական տապալումը դարձաւ, թէեւ այդ ղեկավարութեան ակնկալիքը հակառակն էր: Տապալման եւ ամօթալի իրավիճակի օրինակները շատ են, որոնք  կատարուեցան հայաստանցի ֆութպոլիստ Հենրիկ Մխիթարեանի անուան շուրջ, որուն անունը կրող մարզաշապիկներով անձանց  ոստիկանութիւն բերման ենթարկած էին:

Այդուհանդերձ, Պաքուի մէջ տապալեցաւ ոչ միայն Ատրպէյճանի իշխանութիւնը: Պաքուի մէջ տապալեցաւ նաեւ ՈՒԵՖԱ-ն, հոն Եւրոպայի Լիկայի եզրափակիչը կատարելու իր որոշումով, որ Սեպտեմբեր 2017-ին որոշուած էր:

ՈՒԵՖԱ-ի որոշումը բերաւ ոչ միայն Հենրիկ Մխիթարեանի հարցը, անոր շուրջ ծաւալած զարգացումներով, այլ ընդհանրապէս ֆութպոլային այսպէս կոչուած յարմարաւէտութեան, ինչ որ միլիարդաւոր երկրպագուներու խաղի կարեւորագոյն բաղկացուցիչներէն է: Թէ երկրպագուները, թէ մասնագէտները կը քննադատէին եւ  հեգնանքով կ՛արտայայտուէին այն պայմաններուն մասին, որոնց լոյսին տակ Եւրոպայի Լիկայի կիսադատարկ մարզադաշտով եզրափակիչը տեղի  ունեցաւ: Միջազգային մամուլը տեղեկացուց, որ առաջին խաղակէսին իշխանութիւնը որոշած է մարզադաշտի դռները անվճար բանալ՝ հանդիսական հաւաքելու եւ դատարկութիւնը քիչ թէ շատ լեցնելու համար, սակայն այս բոլորով հանդերձ տխուր պատկերը չէ քօղարկած:

Նոյն ՈՒԵՖԱ-ի կողմէն որոշում կայ, որ Պաքուի այդ մարզադաշտին մէջ նաեւ 2020 թուականի Եւրոպայի առաջնութեան խաղերը տեղի պիտի ունենան:

Հիմա ԻՒՆԵՍՔՕ-ն տապալելու պիտի երթայ, կամ արդէն իսկ տապալած է` հայկական մշակոյթը ոչնչացնող Ատրպէյճանի ղեկավարութեան յարկին տակ իր 43-րդ նստաշրջանը կատարելով:

Միջազգային բազմաբնոյթ կառոյցները ինչպէ՞ս կրնան նմանօրինակ  որոշումներ առնել, փակելով աչքերը Ատրպէյճանին հայերուն հանդէպ վարած քաղաքականութեան վրայ: Ըստ էութեան, արդէն ոչ միայն հայերու: Գործնականօրէն պատմա-քաղաքական արարքը նաեւ Վրաստանի նկատմամբ սկսած է:

Խաւիարային դիւանագիտութի՞ւնն է այդօրինակ որոշումներու հիմքը, որուն համար եւրոպական քաղաքական կառոյցներուն մէջ շարք մը բացայայտումներ եղած են:

Թէ՞ միջազգային կառոյցները որոշումներ որդեգրած են այսպէս կոչուած հակադրութիւնը խթանելու համար, մէկ կողմէն ստիպելով Պաքուն վճարել, միւս կողմէն ստեղծելով այն իրավիճակը, որ Պաքուի իշխանութիւնը կը վճարէ անյարմար վիճակի մէջ յայտնուելու համար:

Իսկ ի՞նչ կը պատրաստուի Հայաստանի իշխանութիւնը կատարել` Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ԻՒՆԵՍՔՕ-ի 43-րդ նստաշրջանին ընդառաջ:

Յակոբ Պաթալեան