«Ազդակ».- Հինգշաբթի, 27 Յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Հայունիի «Հայասպանութեան նահատակներուն պերճաբան հռետորը` գերպծ. դոկտ. հ. Սահակ եպս. Կոգեան» գիրքին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան կողմէ եւ հովանաւորուած` հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի կողմէն:
Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան անունով խօսք արտասանեց Գառնիկ Փանոսեան: Ան ըսաւ, թէ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութիւնը իր թիրախը ընտրած է ո՛չ միայն հայ երիտասարդը եւ անոր գործունէութիւնները, այլ իր թեւերը կը տարածէ ու իր հովանիին տակ կ՛առնէ հայ մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը պահելու եւ տարածելու վսեմ պարտականութիւնը: Փանոսեան մասնաւորապէս ըսաւ. «Միասնաբար համախմբուած ենք մեծարելու Սահակ եպս. Կոգեանի վաստակը եւ անոր տարած հայրենանուէր գործունէութիւնը: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նաեւ գիրքի հեղինակ Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանին, որ ծանօթ է նաեւ Մեսրոպ Հայունի գրչանունով»:
Հատորին առաջին մասը ներկայացուց Հայ կաթողիկէ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ եւ հայ կաթողիկէ լրատուամիջոցներու գրասենեակի ընդհանուր պատասխանատու Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Խօսքին սկիզբը ան ըսաւ, որ Մեսրոպ Հայունիի «Հայասպանութեան նահատակներուն պերճաբան հռետորը` գերպծ. դոկտ. Հ. Սահակ եպս. Կոգեան» գիրքը տպուած է Այնճար 2019-ին. անիկա բաղկացած է 176 էջերէ: Գիրքը կ’ընդգրկէ երկու մեծ բաժիններ. առաջինը Կոգեանի մասին է, իսկ երկրորդը` հայր Կոգեանէն: Ան յայտնեց, որ առաջին բաժինը կ՛ընդգրկէ վեց գլուխներ եւ աղբիւրացանկ մը` կենսագրական տուեալներ, ազգապաշտն ու հայրենասէրը, Ապրիլեան նահատակներուն պերճախօս ճարտասանը, «Մինչեւ ցե՞րբ, Տէ՛ր, մինչեւ ցե՞րբ», Առաջնութեան հարցէն` «Կեզի» հանրապարտէզը, Վարդանանց մարտիրոսներէն` ապրիլեան նահատակներուն:
Սեպուհ վրդ. Կարապետեան ըսաւ, որ նման աշխատասիրութիւն մը իրականացնելու համար հեղինակէն կը պահանջուի ո՛չ միայն խոր դատողութիւն ու տրամաբանող միտք, այլեւ` խոնարհութիւն եւ զոհողութիւն, որպէսզի կարենայ իր հեզասահ, հարուստ ու հաճոյախօս գրիչով վկայել ուրիշի մը արժանիքներուն մասին եւ գնահատել անոր կենցաղն ու գործունէութիւնները:
Ան նշեց, որ հեղինակը փորձած է Սահակ եպս. Կոգեանի անձին եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին անոր կատարած նկարագրութիւններուն ընդմէջէն հասնիլ հայութիւնը յուզող ու միացնող վսեմ դատին: Կոգեան աստուածապաշտ հաւատացեալ քահանան միաժամանակ այնքան հայրենասէր ու ազգասէր էր, որ իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ իր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայելու համար:
Վարդապետը ըսաւ, թէ հեղինակին նպատակն է նախ եւ առաջ ճանչցնել գերապայծառ Կոգեանը, բայց մանաւանդ նախանձ արթնցնել իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ` փորձել դառնալու Կոգեան մը: «Գիրքը միայն պատմական, քարոզչական ու իմաստասիրական բնոյթ չունի, եւ ո՛չ ալ հայահռչակ անձնաւորութեան մը մասին վկայութիւն է, այլեւ դաստիարակչական ուղեգիծ մը կը կրէ իր մէջ: Հայունին կ՛այժմէականացնէ ապրիլեան նահատակներուն նուիրուած վկայութիւնները` ազգին ու հայրենիքին գոյատեւումը ապահովելու համար», եզրափակեց Սեպուհ վրդ. Կարապետեան:
Գէորգ Քէշիշեան շուիով ներկայացուց «Սիրտն իմ սասանի» շարականը եւ Կոմիտասի երգերէն շարք մը:
Հատորին երկրորդ բաժինը ներկայացուց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան ըսաւ, թէ գիրքին ընթերցողները անպայման պիտի ընդգծեն Կոգեան եպիսկոպոսին հռետորական արուեստը` ինքնուրոյն, տպաւորիչ, խորհրդածութիւն պարտադրող: Երկրորդ բաժինով ամփոփուած խօսքերու ընթերցումի ընթացքին անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի վերադառնալ գիրքի նախաբանային գրութիւններուն` տեսնելու համար, թէ կեանքի ո՛ր փուլին կրնայ իւրացուցած ըլլալ գերապայծառը լեզուի, աստուածաբանութեան թէ հայրենասիրութեան իւրովի յատկանիշները, որոնք պայծառօրէն կը ցոլան բնագիրներուն վրայ: Ջաւախքէն Վիեննա, Հռոմ, Ախալցխա, Պոսթըն, Պէյրութ եւ տակաւին աշխարհագրական այլ միջավայրեր ո՛չ միայն ընդլայնած են փիլիսոփայական հորիզոնները, այլ նաեւ աղիւսած հայագիտական աստուածաբանութեան ամբողջ ոգեղէն շէնք մը, որ յարկ առ յարկ կը բացուի մեր առջեւ իբրեւ քրիստոնէական ու մարդկային, իբրեւ քրիստոնէական ու ազգային արժէքային համակարգի մը ընդհանուր պատկերին բաղադրամասերը:
Գանտահարեան ըսաւ, թէ երկրորդ բաժինին ամբողջ կրօնական փիլիսոփայութիւնը հիմնուած է քրիստոնէականն ու ազգայինը միախառնելու մօտեցումին վրայ: Հայ ժողովուրդին ծառայութիւնը իբրեւ աստուածահաճոյ եւ քրիստոնէական սկզբունք դաւանող գերապայծառ Կոգեան, յաջողած է սուրբգրային օրինակները զուգակցել մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութենէն առնուած իրադարձութիւններուն: Տիեզերական եւ արարչագործական տեսութիւններէ հասած է քրիստոնէական սկզբունքներու, հաւատքին հետ առնչուած խոր վերլուծումներու, հասնելու համար մեր ազգային իրականութեան հետ կապուած երեւոյթներու:
Շ. Գանտահարեան նշեց, որ այսօր, թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական մակարդակներու վրայ ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով կ՛որոշուէր ճանաչումէն անդին, հատուցման թղթածրարի նախապատրաստական աշխատանքներուն անցնելու: Այդ ուղղութեամբ կ՛առնուէին իրաւագիտական-մասնագիտական քայլեր: Սահակ եպիսկոպոսը կը յիշեցնէ, որ կայ անչափելի, անգնահատելի բաժին Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն մէջ: Այդ անչափելիին համար ցեղասպան պետութեան ժառանգորդը անչափելիօրէն հատուցելիք ունի հայ ժողովուրդին: Եւ այս առումով օգտակար են անոր կատարած ընդգծումները հատուցման թղթածրարի կազմութեան համար աշխատող մասնագիտական մարդուժին համար:
Խօսքի աւարտին Շահան Գանտահարեան ըսաւ, թէ մենք գործ ունինք 19-րդ դարուն աշխարհ եկած եւ 20-րդ դարուն այս աշխարհէն մեկնած մեծ մտաւորականի, աստուածաբանական վերլուծողի մը, հայագիտութեան մէջ իր ուրոյն տեղը գրաւած, բայց մանաւանդ քրիստոնէականն ու ազգայինը իրարու հետ գիտական հռետորութեամբ շաղախած մեծ հոգեւորականի մը հետ:
«Այս հատորը ուղեցոյց է հայ ազգային կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ գործողներուն, անոնք ըլլան հոգեւորականներ, հասարակական, կրթական գործիչներ, խմբագիրներ թէ պարզապէս հայ ժողովուրդի յաւերժութեան գնացքին մէջ տեղ գրաւած ճամբորդներ: Սահակ եպս. Կոգեան յաւիտենականութենէն պիտի շարունակէ զգաստացնել, ուղղորդել եւ քրիստոնէական ու ազգային ճամբաներէն ընթանալու յորդորներ տալ բոլորիս` մեր հաւաքական ուղեւորութեան ընթացքին: Իսկ այս հատորը բոլոր առումներով դէպի քրիստոնէական եւ հայկական արժէքներ առաջնորդող ճիշդ կողմնացոյցն է հայ ուղեւորին համար», եզրափակեց Շահան Գանտահարեան:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գիրքի գինեձօնը, որմէ ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց Մեսրոպ Հայունին: Ան ըսաւ, թէ նորատիպ գիրքը կը համակէ ընթերցողներու հոգին ու միտքը` զիրենք կլանելով յաւիտեան կտրիճներու հոգիով եւ հաւատարմութեամբ` ի խնդիր հայութեան յաղթանակին, որուն շեփորահարը կը հանդիսանայ Հայասպանութեան նահատակներուն պերճաբան հռետորը, այս պատճառով ալ միշտ երախտագէտ ենք անոր:
Ան ըսաւ. «Առաջնահերթօրէն երախտապարտ ենք Տիրոջ` բոլոր ձիրքերը տուողին, որ շնորհած է մեզի հայր Կոգեանը, երախտագէտ ենք Մխիթարեան միաբանութեան, որ դարբնած է հայր Կոգեանը, երախտագէտ ենք Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ , որ արժեւորած է հայր Կոգեանը, հարկատու ենք մեր ժողովուրդին, որ երբեք պիտի չզղջայ ծնած ըլլալու հայր Կոգեանը»:
Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց հատորի մեկենաս ամոլին` մագիստրոս Գրիգոր եւ Քրիստին Ճապուրեանին, ապա հատորը ներկայացնողներուն` Սեպուհ վրդ. Կարապետեանին եւ Շահան Գանտահարեանին, ինչպէս նաեւ ձեռնարկը կազմակերպողներուն:
Ձեռնարկի աւարտին գիրքի հեղինակ Մեսրոպ Հայունի մակագրեց իր գիրքերը բոլոր ներկաներուն համար: