«Ասպարէզ».- Գարնան յայտարարուած՝ Ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու առատաձեռն նուիրատուութենէն ետք, որոշուեցաւ Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ կեդրոնը վերանուանել «Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեան Երիտասարդական Կեդրոն»՝ ի յիշատակ նուիրատուներու ծնողքին։
Սոյն կեդրոնին վերանուանումի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 23 Յունիսին, գլխաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, որուն կ՛ընկերանար առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան։
Շրջանի ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցած արարողութեան ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Վիգէն Եագուպեան եւ Արամ Գալուստեան, համայնքային ղեկավարներ, ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ Անժէլ Մելքոնեան, բարերար ամոլը, զաւակները եւ ընտանիքի անդամները։
Պաշտօնական բացման արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, եւ մատուցուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը։
Հանդիսավարութիւնը ստանձնած ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի անդամ Թորոս Քէչէճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ակնարկ մը տուաւ շրջանին գործունէութեան վրայ՝ նշելով, որ այս տարի տասնամեակն է Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի հիմնադրութեան եւ այս առիթը պատեհ նկատեց կեդրոնը համայնքին մէջ գործունեայ Մելքոնեաններուն անունով կոչելու որոշումին գործադրութեան համար։
ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի ատենապետ Վաչէ Տօնոյեան փոխանցեց կոմիտէութեան խօսքը, որուն մէջ ան նշեց. «Այսօր Հիւսիսային հովիտի հայութեան համար պատմական օր մըն է, որովհետեւ բոլորս միասին ականատես եղանք այս կեդրոնի անուանակոչութեան, շնորհիւ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն: Անկիւնադարձային օր մը իսկապէս, որովհետեւ սփիւռքեան այս դժուար պայմաններուն մէջ, ամէն օր կը լսենք, թէ ինչպէս դպրոց մը կամ ակումբ մը իր դռները կը փակէ, արմատացած գաղութներ կը նօսրանան ու կամաց կամաց զոհ կը դառնան սպիտակ ջարդի գործած աւերներուն. այսօր, այս կեդրոնը կը ծաղկի, կը բարգաւաճի ու նոր յոյս կու տայ բոլորիս»:
Ան յիշեցուց, որ տասը տարիներու կեանք ունեցող կոմիտէութիւնը այսօր իր սեփական ակումբին մէջ, իր շուրջ կը խմբէ՝ «ՀՕՄուհիներ, երիտասարդներ ու պատանիներ, համազգայնականներ, տարեցներ եւ անշուշտ կուսակցական ընկերներ ու համակիրներ, որոնք ամէն օր զանազան աշխատանքներով իրենց առօրեայ կեանքը կ՛անցընեն»՝ աւելցնելով. «Նման ակումբի մը տեսլականով էր, որ գրեթէ տասը տարիներ առաջ, խումբ մը ընկերներ իրականութիւն դարձուցին այդ երազը, որ այսօր ծաղկած է: Լոս Անճելըսի հայութեան համար դարձած է կարեւոր եւ հիմնական կեդրոն մը, որ պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը մատուցանել եկող տարիներուն»:
Ան կոմիտէին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն՝ նշելով, որ եկող սերունդները միշտ երախտապարտ պիտի մնան անոնց այս յիշատակելի արարքին նկատմամբ, «Որովհետեւ այս կեդրոնին մէջ հասակ պիտի նետեն այն պատանիներ եւ պարմանուհիները, որոնք ապագային պիտի դառնան այս գաղութի ղեկավարները, որոնք պիտի շարունակեն արդարօրէն աշխատիլ՝ յանուն հայ ժողովուրդի բարգաւաճման, հայապահպանման եւ մեր դատի արդար պահանջատիրութեան»:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անունով շնորհակալական խօսք արտասանեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Թորոս Քէչէճեան (նոյնանուն հանդիսավարին հօրեղբօր տղան)՝ նշելով. «Մելքոնեան մեծ ընտանիքը տասնամեակներ է արդէն բարոյական եւ նիւթական մեծ նուիրումով ներկայ է մեր ազգային կեանքին մէջ, որուն համար մեր երախտագիտութեան խօսքերը անսպառ կը մնան: Յատկապէ՛ս Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները, որոնք իրենց գործերու յաջողութենէն կարեւոր բաժին կը հանեն մեր ժողովուրդին, որովհետեւ այն, ինչը կ՛ընեն՝ իրենց համոզումով, ազգային պարտաւորութիւն է. կու տան հոն, ուր որ իրենց սիրտն ու ընտանիքն է, եւ այս բոլորը՝ անշահախնդիր կերպով, մեծագոյն համեստութեամբ ու ազնուութեամբ»:
Ան շեշտեց, թէ Մելքոնեանները նաեւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած են մեր ազգային կառոյցներու աշխատանքին, վարչական եւ զանազան գործերուն իրենց սուղ ժամերը տրամադրելով, նպաստելով գաղութին յառաջխաղացքին։ Ան աւելցուց, որ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները իրենց իշխանական նուիրատուութեամբ եկան ամբողջացնելու կեդրոնին սրահի անուան բարերար Ճորճ Թիթիզեանի սկսած գործը։ Թորոս Քէչէճեան եզրակացուց՝ ըսելով. «Այս կեդրոնին մէջ հասակ կ՛առնեն մեր սերունդները՝ ազգային ու գաղափարական դաստիարակութեամբ հետապնդելու մեր ազգային դատը. անոնք իրենց կարգին ջահը պիտի փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն: Այսօր, այս կեդրոնը աւելիով հայացաւ, աւելիով ընդարձակեց իր տարածութիւնը՝ որպէս գործի եւ պայքարի ամրոց: Փառք ու պատիւ ձեզի՝ սիրելի Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ, որ անմար փարոսի նման ներկայութիւն էք մեր ազգային կեանքին մէջ»։
Հանգուցեալ Մելքոն Մելքոնեանի հարսը՝ Արուսիակ Մեքոնեան ունեցաւ տպաւորիչ ելոյթ մը ։
Իր կարգին, Արուսիակի զաւակը՝ Մելքոն, որ անդամ է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի, փոխանցեց Մեքոնեաններու երիտասարդ սերունդին խօսքը, յոյժ կարեւոր նկատելով համայնքին եւ հայ ժողովուրդին նուիրուելու եւ աշխատասէր ըլլալու խրատները, զորս իրենց փոխանցած են իր ընտանիքի մեծերը։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի դրուատիքի խօսքերէն ետք, բացայայտօրէն զգացուած Վարանդ Մեքոնեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց զինք համեստութիւն եւ առատաձեռնութիւն սորվեցուցած իր ընտանիքին եւ յատկապէս իր մօր ու կնոջ՝ Հուրիին, զայն կոչելով իր լաւագոյն ընկերը։
Պաշտօնական յայտագիրէն ետք, տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր։