Շաբաթ, 22 Յունիս 2019-ի առաւօտեան Լ.Շանթ սրահէն ներս ՍՕ Խաչի քայլերգով բացումը կատարուեցաւ ՍՕ Խաչի 39-րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովին, հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մասիս Սրբ.Եպս. Զօպուեանի։
Ժողովին ներկայ էին Թեմիս Առաջնորդը, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան, Շրջանային Վարչութեան եւ Հաշուեքննիչ Մարմնի անդամներ, Մասնաճիւղերու Ընդհանուր Ժողովներէն ընտրուած պատգամաւորներ, 8 մասնաճիւղերու լիազօրներ, Շրջանային Յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, նախկին Շրջանային Վարչութեանց ատենապետուհիներ, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ (շուրջ 80 հոգի)։
Բացման խօսքով Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Հռիփ Կանանեան, շնորհաւորեց ժողովը, որպէս ոչ միայն կանացի կազմակերպութեան մը, այլ 100 տարիներու պատմութիւն կերտած միութեան մը, որ կը գործէ հովանիին տակ՝ մեր եկեղեցւոյ, մեզ ղեկավարող կազմակերպութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, եւ Հայ Օգնութեան Միութեան մեծ ընտանիքին։
Ան մատնանշեց, որ 100 տարի Օգնութեան Խաչի հիմքը դարձած է ծառայութիւն, քալել ժողովուրդին հետ, ապրիլ անոր սրտի տրոփիւնով, պահել ու պահպանել ինչ որ հայկական է ու ամէն բանէ վեր դասել մարդկայնօրէն վերաբերուիլը։
ՍՕ Խաչը 1919 թուականէն ի վեր, եղած է ոգեշունչ ուժ եւ իրականացուցած ազգօգուտ ձեռնարկներ հայ կնոջ տալով աշխատանքի ասպարէզ եւ զարգացում։
Ապա, յաջողութիւն մաղթեց Պատկառելի ժողովին եւ բեղմնաւոր աշխատանք ընկերուհիներուն։
Պատկան Մարմնի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Կարօ Իւզպաշեան, որ ՍՕ Խաչի պատմութիւնը իր 100 տարիներու տարեգրութիւնը համարեց բարեսիրական, կրթական, առողջապահական եւ խնամատարական նախաձեռնութիւններով։
ՀՅ Դաշնակցութիւնը միշտ արդարութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներով կը դիտէ իր ուղեկից միութիւնները, եւ կը փորձէ, որ իգական սեռը որպէս մեծամասնութիւն՝ տոկոսային ներկայութիւն ունենայ Ազգային Մարմիններու եւ Միութիւններուն մէջ։
Ան ըսաւ, որ այս ժողովը կ’ապացուցէ, թէ Սուրիան թօթափած է պատերազմի արհաւիրքը եւ նախկին մթնոլորտով կը շարունակէ իր երթը ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ։
ՍՕ Խաչը Սուրիոյ տագնապին մէջ մեծ առաքելութիւն կը կատարէ բարեսիրականի զուգահեռ դաստիարակչական գործ կատարելով, համաշխարհայնացումի անդունդէն հեռացնելով նոր սերունդները եւ ապագայի հայ ընտանիքները։
Շնորհաւորեց Միութեան նուիրեալ անդամները, յաջողութիւն, ուժ եւ կորով մաղթեց ներկաներուն ինչպէս նաեւ պատուաբեր ներկայութիւն՝ ՀՕՄ-ի Համահայկական Պատգամաւորական ժողովին։
Ապա իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը։ Ան գնահատեց Շրջ.վարչութեան կազմակերպած պատգամաւորական ժողովը, որուն մասնակցութիւն բերած էին նաեւ Սուրիոյ շրջաններու ներկայացուցիչները։ Անցեալի ծաղկուն օրերու խաչուհիներու նուիրական առաքելութիւնը որակեց ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՒԱՏՔ, ՅՈՅՍ, ՍԷՐ, իրենց գործին հանդէպ։ Անդրադարձաւ պատմական իրողութիւններու եւ հայ կիներու դերակատարութեան ազգային ինքնապաշտպանութեան եւ գոյատեւման գործընթացին մէջ, որոնք գիտցան հերոսաբար տոկալ, դիմադրել եւ նուիրական առաքելութեամբ ծառայել։
ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը իր մասնաճիւղերու անդամներով, որպէս մէկ մարմին եւ հոգի, երկար տարիներ կրցաւ դիմագրաւել պատերազմի դժուարութիւնները, գոյատեւել, խրախուսել եւ պահել գաղութը։
Աւետարանի օրինակով, յիշեցուց որ Յիսուսի յարութենէն ետք, իր 12 աշակերտներու կողքին, կիներու հսկայ բանակ մը նուիրաբար քարոզչական աշխատանք տարաւ։ Համաձայն Սրբազան հօր, այս ժողովը լաւատեսութեան եւ յոյսի ներշնչման հանգրուան մըն է Սուրիահայութեան համար, որուն քարոզիչները հետագային պիտի դառնան Ազգին Աւետարանիչները։
Սրբազան հայրը Եզրափակելով իր խօսքը յաջողութիւն մաղթեց ժողովին եւ ՍՕԽ-ի ծրագիրներուն, որոնց իրականացման զօրավիգ է Բերիոյ Թեմը իր բոլոր ազգային մարմիններով։
Պաշտօնական բաժնի աւարտէն ետք ժողովը անցաւ օրակարգերու լուծման։
Գլխաւորաբար կեդրոնացաւ ՀՕՄ-ի 72-րդ Համահայկական Պատգամաւորական ժողովին յղելի առաջարկներուն եւ անոնց գործադրման ծրագիրներուն վրայ։
Քննարկեց իր աշխատանքները։ Կեդրոնացաւ միութեան 100 ամեակը արժանապէս նշելու ծրագիրներուն վրայ։ Լսեց Շրջ. Վարչութեան գործունէութեան տեղեկագիրը, ապա Մասնաճիւղերու, Շրջ. Յանձնախումբերու տեղեկագրերը եւ քննարկեց բոլորին կազմակերպական գործունէութիւնը։
Անդրադարձաւ Հասիչէի «Լոռի» եւ Տէրիքի «Սարդարապատ» մասնաճիւղերու ներկայ իրավիճակին, անոնց ժողովէն բացակայութեան դրդապատճառներուն եւ զանոնք վերաշխուժացնելու կարելիութիւններուն ։
Ունկնդրեց եւ ծանօթացաւ ՀՕՄ-ի Համահայկական Պատգամաւորական ժողովի օրակարգերուն, լսեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ տեղեկագիրը, անդրադարձաւ անոր գործունէութեան ծանրակշիռ կարեւորութեան, Սուրիահայութեան կատարած օժանդակութիւններուն, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ մշակած ծրագիրներուն, «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, կամաւոր աշխատանքի զարգացման, բարեսիրական ծրագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ «Մօր ու Մանկան» առողջապահական կեդրոնի բարիքներուն։
Յաջորդող նիստերու ընթացքին ժողովը քննարկեց Ընկերաբժշկական կեդրոնի վերաշինութեան հիմնական հարցը։
Ժողովը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ կեդրոնի բերելիք նպաստին Նոր Գիւղի շրջանի աշխուժացման մէջ։ Հաստատեց Շրջ. Վարչութեան անցնող տարիներու արձանագրած յաջողութիւնները Հալէպահայ կեանքէն ներս եւ կարեւորութեամբ նշեց, թէ շնորհիւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ցուցաբերած գուրգուրանքին ու հետեւողական նպաստներուն, ՍՕ Խաչը այսօր կը գործէ ինքնավստահ։
Ժողովը քննարկեց Ընկերաբժշկական կեդրոնի եւ Քեսապի Կազդուրման Կայանի վերանորոգութեան նախագիծերը, որոնց կառուցման ընդհանուր աշխատանքներու հետապնդման համար նշանակուած է շինարարական յանձնախումբ մը Քեսապի եւ Հալէպի մէջ։
Ժողովը որոշեց պարբերական դրութեամբ հանրութիւնը իրազեկ դարձնել ՍՕ Խաչի 100-ամեակի ձեռնարկներուն եւ իր շինարարական աշխատանքներուն։
Բ. նիստի ընդմիջումին, իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդր.Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ կը գտնուէր Հալէպ յաջորդ օրն իսկ ղեկավարելու ՀՄԸՄ-ի 21-րդ ներկայացուցչական ժողովը։ Ան շնորհաւորեց մեր ազգային կառոյցները, ուղեկից միութիւններու հետ գործակցութիւնը եւ թելադրեց ՍՕ Խաչի 100-ամեակի նշանաբանով շարունակել մեր աշխատանքները։
Ողջոյնի խօսքեր փոխանցեցին նախկին ատենապետներ՝ Հիլտա Չաղլասեան եւ Սօսի Գլըճեան։ Շինիչ թելադրանքներով գործուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամ Դոկտ. Հուրի Ազէզեան, ապա ընթերցուեցան Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութիւններու շնորհաւորական գիրերը։
Վերջին նիստին, բանաձեւի յանձնախումբին ներկայացուցած զեկոյցի հիման վրայ, ներկաները քննարկեցին Շրջանային Վարչութեան եւ Շրջ.Յանձնախումբերու գործունէութիւնները։ Հանգամանօրէն գնահատեցին եւ արժեւորեցին Շրջ. Վարչութեան աշխատելաձեւը, անոր որդեգրած ոճը, շեշտեցին թէ Շրջ. վարչութիւնը հակառակ Ընկերաբժշկական կեդրոնէն դուրս մնացած ըլլալուն, նոր թափ տուած է իր գործունէութեան յատկապէս՝ Շրջաններու մասնաճիւղերուն կատարած իր այցելութիւններով, մտահոգուած է Գամիշլիի, Տէրիքի եւ Հասիչէի մասնաճիւղերու իրավիճակով եւ միջոցներ ստեղծած կապերու ամրապնդման, թափ տուած է Քեսապի Կազդուրման Կայանի վերանորոգութեան, տրուած ըլլալով որ Շրջ. Վարչութեան տարեկան գործունէութեան անբաժան մէկ մասն է Կազդուրման Կայանը, ուր ուրախ մթնոլորտով, յատկապէս Ազգ. Պատսպարանի սաները ամրան շրջանին կը կազդուրուին, կը սորվին կարգապահութիւն, նիստ ու կաց, կենցաղավարութիւն, երգ ու պար։
Օրակարգի ընթացքով ժողովականները ներկայացուցին առաջարկներ յառաջիկայ գործունէութեան գծով ինչպէս՝ ՍՕ Խաչի տեղեկատուի հրատարակութիւնը շարունակելու, տնտեսական մնայուն աղբիւրներ ապահովելու, ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան հետ կապերը ամրապնդելու, կրթական ծրագիրները շարունակելու, գործելադաշտը ծաւալելու եւ գործուն ներդրում ապահովելու ապագայի տեսլականներու իրականացման։
ՍՕ Խաչի 39-րդ Շրջ. Պատգամաւորական ժողովը խոր քննարկումի ենթարկելէ ետք Շրջ. Վարչութեան աշխատանքային եւ ծրագրային ուղեցոյցները, միաձայնութեամբ հաստատեց զանոնք, ինչպէս նաեւ պիւտճէական գնահատում կատարեց, ապա ընտրեց իր պատգամաւորները մասնակցելու ՀՕՄ-ի 72-րդ Համահայկական Պատգամաւորական ժողովին։
Այնուհետեւ դիւանի անդամներ՝ Զեփիւռ Րէիսեանի, Մարալ Սեմէրճեանի, Զեփիւռ Աւագեանի եւ Սօսէ Քիւրտեանի հրաւէրով ժողովը փակուեցաւ ՍՕ Խաչի քայլերգով։
ՍՕ Խաչի
Շրջանային Վարչութիւն