«Էրմէնիհապեր».-4 Յուլիսին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած է Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահի յետաձգուած ընտրութիւնը: Ուստի,13 քուէով տեղապահ  ընտրուած է Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան:

Աւելցնենք, որ տեղապահի թեկնածուներ առաջադրուած էին Կ. Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան եւ կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ Եպս. Մաշալեան:

Առաւօտեան պատրիարքարան  մուտք գործած են միաբանութեան անդամները եւ ժողովի վայրէն ներս քուէարկած են  իրենց նախընտրած թեկնածուին ի նպաստ:

Միաբանութեան 25 անդամներէն 11-ը քուէարկած է ի նպաստ Արամ Արք. Աթեշեանի: Անոնցմէ մէկն ալ ձեռնպահ  մնացած է:

Տեղապահի պաշտօնը կարեւոր կը համարուի այն առումով, որ ընտրուած տեղապահը պիտի կազմակերպէ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը: Ըստ կրօնական կանոնադրութեան, այդ ընտրութիւնը պէտք է կազմակերպուի տեղապահի ընտրութենէն 6-ամիս վերջ:

Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ նախկին պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի հիւանդութենէն յետոյ պատրիարքական աթոռը աւելի քան 10 տարի ըստ էութեան թափուր էր: