Երէկ, Հալէպի արեւմտեան գիւղերուն եւ «Ռաշիտին» արուարձանին մէջ կայք հաստատած, Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի արեւմտեան շրջանի «Հալապ Ըճտիտէ» եւ «Մնիէն» խաղաղ բնակչութեամբ եռուն թաղամասերը, ժամեր անց նաեւ Հալէպի քաղաքապետարանը, ուր աշխատանքի մէջ էր քաղաքապետը եւ քաղաքապետարանի անձնակազմը։ Արձանագրուեցաւ վեց զոհ, ինն վիրաւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ՝ քաղաքայիններու բնակարաններ, ինքանաշարժներ եւ այլ։ Վիրաւորները տեղափոխուեցան «Ռազի» հիւանդանոց։ Նոյն օրը, գիշերուան ժամը 11։45-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի «Մուհաֆազա» թաղամասը։ Տեղական աղբիւրնեը հաստատեցին, որ վնասները նիւթական են։
Սուրիական բանակը հակադարձելով ռմբակոծեց անոնց որջերն ու հրթիռաձակումի կեդրոնները։
Հալէպի արեւմտեան գիւղերու զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները յաճախ կը հրթիռակոծեն քաղաքի արեւմտեան շրջանները՝ անապահովութիւն ռւ խուճապ ստեղծելու միտումով։
Հակառակ այս բոլորին, Հալէպի մէջ կեանքը բնականոն հունով կը շարունակուի։ Աստիճանաբար ընթացք կ՚առնեն պետական եւ սեփական հատուածներու վերակագնումի աշխատանքները։