«Երկիր».- ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու  վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ 26 Յուլիսին ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս տեղի ունեցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին կից միութեան նիստ` նուիրուած 2019 ուսումնական տարուան առաջին ուսումնական փուլի զօրքերու ղեկավարման, մարտական պատրաստութեան, զինուորական կարգապահութեան, ինչպէս նաեւ զօրահաւաքային աղբիւրներու վիճակին, առկայ հարցերուն եւ լուծման ուղիներուն:

Նիստին ընթացքին հիմնական զեկոյցով հանդէս  եկած է ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար-տեղակալ Արտակ Դաւթեան:

Ներկայացնելով հաշուետու ժամանակահատուածին իրագործուած կարեւորագոյն ձեռնարկներն ու առկայ ձեռքբերումները, ան յայտնած է, որ զօրքերու մարտունակութեան ամրապնդման ուղղուած ջանքերը կարելիութիւն կ’ընձեռեն կատարելագործել զինուորական անձնակազմի մարտավարական-մասնագիտական ունակութիւնները՝ ըստ նշանակութեան կիրառելու եւ հակառակորդի սադրիչ գործողութիւններուն հակազդելու գործընթացով:

Աւարտին, զօրավար-տեղակալ Արտակ Դաւթեան յառաջիկայ աշխատանքներու կազմակերպման մասին առաջարկներ ներկայացուցած է եւ համապատասխան յանձնարարականներ տուած է: