(Ախալցխա.net)  կայքը կը հաղորդէ, որ Պաթումի իշխանութիւննները քաղաքին մէջ գտնուող Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին յանձնած են Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ:

Աղբիւրին համաձայն, կիսաքանդ  վիճակի մէջ գտնուող եկեղեցիին մէջ վերանորոգման աշխատանքներ  սկսած են` Աճարիոյ մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործակալութեան կազմակերպմամբ եւ «Քարթու» հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ:

Եկեղեցւոյ վերանորոգումին համար պիտի տրամադրուի 700.000 լարի: Վերանորոգման նախագիծը Աճարիոյ մշակութային ժառանգութեան  պահպանման գործակալութիւնը նախատեսած է 2017 թուականին: Տաճարը կառուցուած է XIX դարուն:

Սովետական շրջանին եկեղեցին կը գործէր, որպէս մարզասրահ:

Քանի մը օր առաջ Աճարիոյ կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Մաիա Խաճիշուիլ եւ գործակալութեան ղեկավար Զաուր Ախվլեթիան ուսումնասիրած են ընթացող շինարարական աշխատանքները: