29 տարի առաջ՝ 23 Օգոստոսին, Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նստաշրջանին ընդունուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը, որով Հայաստանի անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացին սկիզբը դրուեցաւ:

Հռչակագրին մէջ յիշուած է. «Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը` արտայայտելով Հայաստանի ժողովուրդին միասնական կամքը, գիտակցելով իր պատասխանատուութիւնը հայ ժողովուրդի ճակատագիրին առջեւ համայն հայութեան իղձերու իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման գործին մէջ, մեկնելով մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի սկզբունքներէն եւ միջազգային իրաւունքի հանրաճանաչութենէն, կենսագործելով ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1 Դեկտեմբեր 1989-ին «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի համատեղ որոշումով, զարգացնելով 28 Մայիս 1918-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները, հարց դնելով ժողովրդավարական, իրաւական հասարակարգի ստեղծումը, ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացի սկիզբը»:
ՀՀ Անկախութեան մասին հռչակագիրը բաղկացած է 12 կէտէ:
Մեկնելով Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագիրի դրոյթներէն` խորհրդարանը 21 Սեպտեմբեր 1991-ին որոշեց Հայաստանի տարածքին մէջ հանրաքուէ կատարել ԽՍՀՄ կազմէն դուրս գալու եւ անկախանալու նպատակով: Ընտրողներուն 99,5 %-ը քուէարկեց ի նպաստ անկախութեան հռչակման 95% մասնակցութեան պարագային: Հանրաքուէի արդիւնքներուն հիման վրայ 23 Սեպտեմբերին Գերագոյն Խորհուրդը Հայաստանը հռչակեց անկախ պետութիւն:
Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր փաստաթուղթն է եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան հետ միասին անոր հիմնարար երկու փաստաթուղթերէն մէկը: Սահմանադրութեան հետ կը կազմէ մէկ միասնական ամբողջութիւն, որովհետեւ ՀՀ սահմանադրութիւնը խարսխուած է Անկախութեան մասին հռչակագրին մէջ ամրագրուած սկզբունքներուն եւ նպատակներուն վրայ: