ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, որ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ  յղած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին` Ուկրանիոյ ազգային տօնին՝ Անկախութեան օրուան առիթով:

Նախագահի ուղերձին մէջ յիշուած է. «Համոզուած եմ, որ Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը կը բխի մեր պետութիւններու ու ժողովուրդներու շահերէն, եւ համատեղ ջանքերով կարելի է հայ-ուքրանական յարաբերութիւններուն որակապես նոր լիցք հաղորդել` ի շահ մեր ժողովուրդներուն»: