«Էրմէնիհապեր».-Կ.Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը յայտարարած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան 9 Օգոստոս 2019-ին թիւ 1416 հրամանագիրով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանին հասարակական վայրերու մէջ սքեմ կրելու արտօնութիւն  տուած է:

Հրամանագիրով չեղեալ  յայտարարուած է 18 Օգոստոս 2010-ին ընդունուած որոշումը, որով հասարակական վայրերուն մէջ սքեմ կրելու թոյտուութիւնը տրուած էր  պատրիարքի փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթեշեանին:

Յիշենք, որ Թուրքիոյ մէջ հասարակական վայրերու մէջ սքեմ կրելու իրաւունք  տրուած է միայն եկեղեցւոյ տուեալ պահու առաջնորդին: Պետութեան կողմէն նման արտօնութեան տրամադրումը կ’ընկալուի որպէս կատարուած ընտրութեան պաշտօնական հաստատում:

Մարտ 2019-ին Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պարտրիարք Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի վախճանէն վերջ սկսաւ նոր պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացը: Որպէս այդ գործընթացի բաղկացուցիչ մաս, նախ տեղի ունեցան պատրիարքի տեղապահին ընտրութիւնները, որուն  հետեւանքով տեղապահ ընտրուեցաւ Սահակ Եպս. Մաշալեան: