ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Հալէպի  ֆութպոլի երիտասարդ կազմի ախոյեանութեան առաջին փուլի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի խումբը 1 – 0 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել Նէյրապը: Խումբին միակ կոլը նշանակեց Յովիկ Տէր Պօղոսեան:
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երրորդ փուլի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի աղջկանց կազմը 59 – 40 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Ճալաաէն:
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Բ. Դասակարգի մրցումներուն ՀԵԸ-ի կազմը յաջողեցաւ յաղթական աւարտել իր առաջին մրցումը՝ 53 – 51 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սալամիյէն:
-Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. դասակարգի մրցումներուն, Հալէպի զոյգ կազմերը՝ Ահլին եւ Հուրիէն շարունակելով իրենց ձախող արդիւնքները 4 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցան. Ահլին զիջեցաւ Հըթինէն, իսկ Հուրիէն՝ Ուասպէէն: Սուրիոյ ախոյեան Ֆըթուէն 3 – 0 արդիւնքով յաղթեց Թալիաին, իսկ Ճապլէն 1 – 0 արդիւնքով՝ Թըշրինին: Դամասկոսի Ուահտէն եւս շարունակելով իր ձախողութիւնները, այս անգամ զիջեցաւ Սահէլին՝ կրելով 2 – 0 արդիւնքով պարտութիւն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԳԱՐԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ՝ ԾԱՆՐԱՄԱՐՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Մեքսիքայի Գուաթալահարա քաղաքին մէջ ընթացող ծանրամարտի աշխարհի երիտասարդական առաջնութեան, Հայաստան նուաճեց հերթական իր մետալը: Տղոց 102 քկ. ծանրութեան մրցումին, հայ մարզիկ Գարիկ Կարապետեան երկամարտին ցոյց տուաւ 378 քկ. արդիւնք եւ գրաւեց առաջին տեղը՝ ախոյեան հռչակուելով: Ան ոսկի մետալներ նուաճեց նաեւ պոկում (175 քկ.) եւ հրում (203 քկ.) վարժութիւններուն: Այսպիսով, Հայաստանի հաւաքականը աւարտեց աշխարհի առաջնութեան իր ելոյթները: Հայ ծանրորդները ընդհանուր առմամբ նուաճեցին 9 մետալ՝ 7 ոսկի, մէկ  արծաթ ու մէկ պրոնզ: Երկամարտին վաստակուած 3 ոսկի մետալով Հայաստան գրաւեց առաջին հորիզոնականը: Անոր յաջորդեցին  Ամերիկան եւ  Ուքրանիան:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան