Քեսապցիներու պատմութիւններուն մէջ բնութեան ներշնչումը կայ: Ծառը կրնա՞ս պոկել իր արմատէն, քեսապցին իր հողէն, իր պատմութենէն: Հողը բերք կու տայ, բերքը կեանք:Կեանքը նոր ակօսներ կը բանայ արտին մէջ ու կը ծլին նոր խնձորենիներ, նոյնիսկ եթէ խնձորի վաճառքը անշահաբեր փուլերէ անցնի, ճգնաժամ ըլլայ: Խնձորենին կրկին կը ծաղկի ու պճնասէր խնձորները հայկական շուրջպար կը բռնեն Քեսապի երկնաբարձ լեռներուն շուրջ՝ սակաւաթիւ դեղձենիներուն նախանձը շարժելով:
«Մեր կոյս լեռներուն վրայ բազմայարկ շէնքեր պատեցին ու պղծեցին անոնց կանաչապատ գեղեցկութիւնը: Օտարներ լեցուեցան այդ փարթամ բնակարաններուն մէջ ու գիւղի պարզ կեանքը ձեւափոխեցին», զսպուած բարկութեամբ մը կ’ըսէ 79-ամեայ բարձրահասակ, գեղադէմ Յովհաննէս Աղպաշեանը, որուն կեանքի պատմութ-եան վերնագիրն է Քեսապը, լուսանցքէն դէպի աջ՝ անոր ապրած լաւ օրերու յիշատակներն են, իսկ լուսանցքէն դուրս՝ տագնապալի օրերը: Որքան համբերատար պիտի ըլլայ մարդ, որ լուսանցքէն դուրս պահէ տեղահանութիւն, տնտեսական տագնապ, անապահովութեան զգացում ու իր պատմութեան վերնագիրով ներշնչուի, ներշնչէ:
Քեսապը թէեւ գիւղ է, սակայն ամէն յարմարութիւն ստեղծած է, որ Յովհաննէս պապիկը հողագործ ըլլալով մէկտեղ գրագէտ եւ բանիմաց մարդ դառնայ:
Ան յիշողութեան գուներանգ պաստառը բանալով, անաղարտ հայերէնով, որուն սակաւ կը հանդիպինք այս օրերուն, կը պատմէ.
«1961-էն 1973 գրապահ եղած եմ, կարդացեր եմ գրադարանի բոլոր գիրքերը, Ռաֆֆիի բոլոր հատորները, «Զարթօնք»ը…:
Երբ կը կարդամ Ռաֆֆիի վէպերը, այնտեղ կը հանդիպիմ Քեսապի բարբառին մէջ օգտագործուող բառերու: Մեր բարբառին մէջ պարսկերէն բառեր ալ կան, կ’ենթադրեմ որ քեսապցիները բնիկ սալմաստցիներ եղած են: Այստեղ հայերու ներկայութիւնը աւելի քան ութը հարիւր տարուան պատմութիւն ունի,Կիլիկիոյ վերջին պատառիկն է Քեսապը, Քեսապի բարբառով խօսողներունը սակայն՝ ընդամէնը երեք հարիւր տարուան: Հաւանաբար Պարսկաստանի Սալմաստ քաղաքի հայաբնակ գիւղերէն գաղթած հայերէն սերած ենք», կ’եզրակացնէ ան:
Յովհաննէս Աղպաշեանի ծնողքն ալ բնիկ քեսապցի է, անցած է տեղահանութեան փուլերէն ու վերադարձած Քեսապ: Մեր պատմութեան մէջ սակաւ կը հանդիպինք աւաններու, որոնց բնակիչները երեք անգամ գաղթած, երեք անգամ ալ վերադարձած են: Զաւակները ընդմիշտ կանչող այս աւանին թախանձանքն ու անսպառ սէրը, բարձրաբերձ լեռներէն, անդնդախոր ձորերէն կ’արձագանգեն: Քեսապցիներու պատմութիւններուն ընդմէջէն միայն կարելի է ըմբռնել անոնց ուժգնութիւնը:
Յովհաննէս պապիկը ցոյց տալով մօտակայ բլուրներէն մէկուն վրայ բազմած գիւղական խորհրդաւոր բնակարան մը, կ’աւելցնէ.
«Մեծ մօրս տունը այս վարինն էր: Հայրս ալ, մայրս ալ, ես ալ Քեսապ ծնած ենք:
Մայրս ու հայրս 1915-ին բռնի գաղթականութ-եան ելած են իրենց ծնողքին հետ: Առաջին օրը զիրենք տարած են Քէօրքիւնէ, հոն տափարակ արտի մը վրայ քնացած են՝ բացօթեայ, 1915-ի ամրան: Յետոյ զիրենք տարած են Օրտու, որ ներկայիս Եայլա Տաղ կը կոչուի: Երրորդ օրը զիրենք տարած են Ճըսըր Շըղուր: Հոնկէ սկսած են ցրուիլ: Դէպի արեւելք, դէպի Հալէպի կողմ գաղթողները գրեթէ չեն վերադարձած: Դէպի ամայի վայրեր, Հոմսի կողմ գացողներէն մաս մը վերադարձած է: Հայրս Հոմսի այդ ամայի շրջաններուն մէջ մնացած է, իր հայրն ու եղբայրները կորսնցուցած: Մէկ եղբայրը միայն վերադարձած է: Հօրքուրներ ալ ունեցած եմ, անոնք ալ պապուկիս եւ նէնէիս հետ գաղթած են: Նէնէս Մեսքէնէ մեռած է՝ Ռաքքա, պապուկս ուր մեռած է չեմ գիտեր:
Մայրս եւ իրմէ երեք տարի մեծ Մարի անունով ազգականը, թուրք զինուորները առեւանգած, տարած են Հալէպի թրքական որբանոց, ուր մնացած են քանի մը ամիս: Յետոյ զիրենք տարած են Պոլիս ու պահած թրքական որբանոցի մը մէջ, մինչեւ 1918, պատերազմին աւարտը:
Օր մը Մարին կ’որոշէ փախչիլ: Որբանոցի վերակացուն իմանալով իր մտադրութիւնը կ’ապտակէ զինք: Մայրս 1906-ի ծնունդ էր, այն ատեն տասներկու տարեկան: Գիշեր մը, երբ որբանոցի սաները կարգով բաղնիք կը մտնէին, Մարին բաղնիքի պատին յենած ելեկտրական ձող մը կը նկատէ: Երկուքը պատուհանէն դուրս ցատկելով ձողէն կը կախուին ու կը փախչին: Հայ կին մը կը նկատէ զիրենք, անմիջապէս իր տունը կը տանի, կը լուայ, որբանոցի հագուստնին կը փոխէ եւ զիրենք կը տեղաւորէ շոքեկառքի մը մէջ ու կը ղրկէ Պոլսոյ հայկական որբանոցը: Կը հասնին որբանոց ու կը տեսնեն, որ ուրիշ աղջիկ մըն ալ թրքական որբանոցէն երկու անգամ փախչելու անյաջող փորձերէ ետք, երրորդին յաջողեր ու հասնելով նստեր է հայկական որբանոցի դրան դիմաց: Որբանոցը ամբողջ ոտքի կ’ելլէ: Տնօրէնն ու միսիոնարուհիները ներս կ’առնեն զիրենք: Վերջը, երբ Աթաթուրքը իշխանութեան կը հասնի, բոլոր որբերը կը վռնտէ Պոլիսէն: Ո՞ւր պիտի երթան…ամէն տեղ կը դիմեն, միայն Յունաստանը կ’ընդունի զիրենք, այն պայմանով որ իրենց որբերն ալ խնամեն: Կը համաձայնին, մէկ տարի ալ Աթէնք կը մնան, յետոյ անոր որ տէրը գտնեն՝ տուն կը ղրկեն: Քեռիս, որ 1918-ին վերադարձած էր Քեսապ, կը գտնէ Յունաստանի որբանոցին հասցէն ու ճամբու ծախսը կը ղրկէ տնօրէնութեան: Մայրս նաւով կը հասնի Պէյրութ, յետոյ քեռիս վարորդի մը հետ կը համաձայնի ու զինք Լաթաքիա բերել կու տայ: Լաթաքիայէն ջորիի վրայ նստած կու գայ, կը հասնի Քեսապ ու հե-ռուէն իսկ կը նշմարէ իր տունը: «Ասիկա մե՛ր թզենին է, այս տունը մե՛րն է» ըսելով ձեռքը կ’երկարէ, թուզ մը կը քաղէ ու կարօտով կը յօշոտէ զայն: Այսպէս կը հասնի տուն: Հայերը 1918-ին վերադարձեր էին Քեսապ, իրենց տուները շիներ ու տեղաւորուեր էին: Այս դէպքը տեղի կ’ունենայ 1923-ին:
Պապաս ալ վերադարձեր էր Քեսապ: 1927-ին ամուսնացեր է մօրս հետ: Երկու քոյր ունեցած եմ: Երրորդ քոյր մըն ալ, որ շատ գեղեցիկ եղած է, կապուտաչեայ: Ամէն մարդ կ’ըսէ եղեր, որ աղքատին զաւակը այսքան գեղեցի՞կ կ’ըլլայ, կապոյտ աչքերո՞վ կ’ըլլայ: Քոյրս կը հիւանդանայ, կը մահանայ: Տարիներ վերջ մեծ քոյրս Քարատուրան հարս կ’երթայ, պզտիկը՝ Հալէպ:
Հայրս մահացաւ1964-ին: 1973-ին ամուսնացայ: Ունեցանք երկու դուստր եւ երեք թոռնիկ: Աղջիկներս ալ հոս կ’ապրին»:
Յովհաննէս պապիկին կեանքը ելեւէջներու հանրագումար մըն է:
«Առօրեաս կը սկսէի պարտէզի գործերով: Քանի մը փորձանքի հանդիպեցայ: Տասնութ տարի առաջ ինկայ, ողնայարս կոտրեցաւ: Շարունակեցի աշխատիլ: 1970-1983 տարիներուն մեր տարեկան եկամուտը տասներեք-տասնչորս հազարի չէր հասներ: Հակառակ անոր որ մեծ ընտանիք էինք, ինքնաբաւ կ’ապրէինք: Հիմա այլեւս շատ չեմ աշխատիր, պարտէզն ալ հեռու է: Ես ծե՜ր, պարտէզը ծեր: Հիմա ուրիշը կ’ընէ գործը: Անցեալ տարի բերքը լաւ էր: Այս տարի անձրեւը, կարկուտը, վնաս հասցուցին բերքին: Եթէ ողջ Քեսապը ճանթի վրայ կը քալէ ըսեն, հաւատացէք:
Քեսապի մէջ կեանքը շատ դժուարացաւ, երիտասարդներուն թիւը նուազեցաւ պատերազմի պայմաններուն բերումով: Ոմանք տուներ, պարտէզներ ունէին, ձգեցին-գացին: Վարձու տրուող տուներ, վեց-եօթը հարիւր ծառերով պարտէզներ ձգեցին-գացին: Շատեր ալ իրենց կիներուն խելքով շարժեցան-գացին: Ո՞վ այս բոլորը կը թողու-կ’երթայ: Յետոյ զղջացին, բայց ի՞նչ օգուտ»:
Քեսապցիին յատկութիւններուն մասին խօսելով, Յովհաննէս պապուկը չվարանեցաւ ըսելու, որ քեսապցիին յարաբերութիւնները քաղաքացիներուն հետ սահմանափակ եղած են: Քեսապցին ինքնամփոփ եղած է ընդհանրապէս:«Գիւղէն դուրս մարդու աղջիկ չէին տար: Վերջը սկսան մերձակայ գիւղեր հարս տալ: Հիմա օտարներու հետ ալ կ’ամուսնանան: Հիմա աղաւաղուեցաւ ամէն բան, օտարներ ալ խառ-նուեցան քեսապահայերուն»:
Քաղաքի կեանքին նիւթական, ճարտարագիտական բարիքները այնքան ալ չեն հետաքրքըրած քեսապցին: Քեսապի բնութիւնը, սլացիկ ծառերուն հպարտութիւնը, կենսաբոյր ծաղիկներն ու դալարիքը, կովերուն բառաչը, թոքեր, միտք ու սիրտ մաքրող օդը դժուար թէ լարուած, անհրապոյր կեանքով փոխարինէր քեսապցին: Սու-.3րիական պատերազմը, սակայն, մասամբ խախտած է այդ համոզումը, կենաց մահու պայքարը հեռացուցած էր յատկապէս երիտասարդները:
«1909-ին, Ատանայի եւ Կիլիկիոյ ջարդերու օրերուն,150 թուրք-չեչեններ խուժած են Քեսապ: Բնիկ ժողովուրդը փախուստ տուած է Քարատուրանի ծովէն, իջած է Պասիթ, անկէ ուղղուած է Լաթաքիա, հոն ամերիկացի միսիոնար մը պաշտպանած է քեսապահայութիւնը: Տասնհինգ օր ետք վերադարձած ու ամէն բան աւերակ գտած են:
Իսկ վերջին տեղահանութեան օրերուն՝ 2014-ին, ենթադրելով որ երկու-երեք օր վերջ կը վերադառնանք, պզտիկ պաթանիա մը եւ գիրք մը առի հետս: Գացինք մեր քառասուն տարուան այլազգի բարեկամին մօտ, Ճեպլէ: Սիրով ընդունեց ու մեզ տրամադրեց իր տուներէն մէկը:
Վերջը երբ վերադարձանք, մեր տունը կողոպտուած ու բոլոր դռները բաց գտանք: Տան մէջտեղը աղբի խոշոր կոյտ մը կար: Ոչ ջուր կար, ոչ ելեկտրականութիւն: Ամէն օր սենեակ մը մաքրեցինք: Ցերեկը կու գայինք, երեկոյեան կը վերադառնայինք, հոս չէինք քնանար, մինչեւ որ գիւղի ելեկտրականութեան եւ ջուրի հարցերը լուծուին:
Թրաքթոր մը ունէի, գողցեր էին, կազի տակառներ, ինչ որ տեսերթալաներ էին: Կամաց-կամաց վերա-գտանք մեր սովորական կեանքը:
Քեսապի ապագան մութ է: Քանի որ կարելիութիւն ունեցողը կը փախչի: Երիտասարդութիւնը այլեւս չի հաւատար,որ պիտի բարելաւուի կացութիւնը:
Պէտք է բնակչութիւնը պահելու ծրագիր մշակել: Եկեղեցիներուն համար այսքան դրամ ծախսելու փոխարէն, ժողովուրդին համար թող ծախսեն: Ժողովուրդը թող պահեն, ժողովուրդը կը պահէ եկեղեցին, ոչ թէ հակառակը:
Տակաւին առկայ է պատերազմի վախը: Ոչ ոք կը քաջալերուի նոր գործ մը հիմնելու: Այո, բոլորս պատերազմին զոհերն ենք, սակայն միասնակամ աշխատանքով կրնանք դիմագրաւել այս աղէտը եւս: Որքան միասնակամ ըլլանք, այնքան կրնանք դիմանալ: Որքան անտարբեր մնանք, այնքան շուտ կը տարտղնուինք»:
Մեր մտերմիկ զրոյցէն վերջ, զրուցակիցս զիս առաջնորդեց իրենց պարտէզը: Խաղողի հասուն ողկոյզները, կարմրաւուն խնձորները Յովհաննէս պապիկին տքնաջան աշխատանքին մասին կը խօսէին:
Հիւրասէր քեսապցիին կարելի չէր հրաժեշտ տալ առանց համտեսելու անոր պարտէզին բերքը՝ խնձորն ու խաղողը:
Զարմինէ