18 Սեպտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան «Երկիր»ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ հայաստանեան վերջին զարգացումներուն եւ Հայաստանի վարչապետին Միացեալ Նահանգներ կատարելիք այցելութեան ընթացքին հայ համայնքին հետ հանդիպումներուն մասին: Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը:
«ԵՐԿԻՐ».- Հրատապ իրադարձութիւններ կ՛արձանագրուին հայաստանեան քաղաքական բեմին վրայ. ամփոփ ձեւով ինչպէ՞ս կը բնութագրէք իրավիճակը:
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Հայաստանի քաղաքական ներկայ իրավիճակին կապակցութեամբ, պէտք է արձանագրել, որ խորապէս մտահոգ ենք: Կը կուտակուին բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր երկիրը, սկսած` պետական կառավարման համակարգին խնդրայարոյց փոփոխութիւններէն, մինչեւ դատական համակարգին նկատմամբ բացայայտ ճնշումները, երկրի տնտեսական քաղաքականութեան մէջ յայտարարուող, բայց չիրականացած քայլերը, եւ վերջին օրերուն` երկրի անվտանգութեան, ապահովական կառոյցներու ղեկավարութեան փաստացի կամ ակնկալուող հրաժարականները:
«ԵՐԿԻՐ».- Վարչապետ Փաշինեան քանի մը առիթով խօսեցաւ համահայկական օրակարգ ձեւաւորելու անհրաժեշտութեան մասին. կ՛ուզենք իմանալ Դաշնակցութեան արձագանգը` այս առաջադրանքին:
Յ.Տ.Խ.- Համահայկական օրակարգ ձեւաւորելու առաջադրանքը ողջունելի է. մենք ալ հետեւողականօրէն այդ առաջադրանքին իրականացումը անհրաժեշտ նկատած ենք եւ աշխատած այդ ուղղութեամբ: Սակայն, բաւական չէ յայտարարել, որ պէտք է ձեւաւորել համահայկական օրակարգ, այլ անհրաժեշտ է այդ ուղղութեամբ ցուցաբերել համապատասխան վարքագիծ. բոլորի եւ ամէն ինչի մէջ շերտաւորումներ տեսնելու, բաժանարար գիծեր ստեղծելու վարչապետին վարքագիծը չի նպաստեր, չի կրնար նպաստել համահայկական օրակարգի ձեւաւորման: Միայն առողջ երկխօսութեամբ եւ համախոհութեան մթնոլորտի մէջ կարելի է ձեւաւորել միասնական օրակարգ եւ մէկտեղել համայն հայութեան ուժերը` երկրին առջեւ ծառացած խնդիրները լուծելու համար:
«ԵՐԿԻՐ».- Իշխանութեան քայլերն ու գործունէութիւնը ցնցումային փուլերու նախանիշեր կը փոխանցեն. այդ մասին ի՞նչ է ձեր տեսակէտը:
Յ.Տ.Խ.- Չենք կրնար չարձանագրել, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն խօսքին եւ գործին միջեւ կան լուրջ խզումներ, իսկ չկշռադատուած քայլերը եւ գործողութիւնները չեն նպաստեր կառուցողական մթնոլորտ եւ համազգային համերաշխութիւն ստեղծելուն: Մտահոգիչ են յատկապէս հասարակութիւնը հակադիր` թշնամի ճամբարներու բաժնելու, ներքին պառակտումի, պետական հաստատութիւններու դէմ ոտնձգութիւն կատարելու, ազգային արժէքներն ու խորհրդանիշները հարցականի տակ առնելու փորձերը: Շարունակուող ամբոխավարութիւնը, այլակարծութիւնը չհանդուրժելու, սեփական կամքը թելադրելու գործելաոճը, քատրային խնդրայարոյց քաղաքականութիւնը, երկրին դէմ ծառացած տարաբնոյթ մարտահրաւէրները յաղթահարելու յստակ տեսլականի և ծրագրային մօտեցումներու բացակայութիւնը, արտաքին քաղաքականութեան մէջ նկատուող անորոշութիւնն ու սայթաքումները կրնան քանդել անցեալ տարուան ժողովրդային շարժումին ձեռքբերումները` նորէն պատճառ դառնալով հասարակութեան մօտ հիասթափութեան եւ յուսալքութեան:
Իշխանութիւնները տակաւին չեն գիտակցիր, որ այլեւս իրենք են երկրի ղեկավարման թիւ մէկ պատասխանատուն եւ չեն կրնար շարժիլ իբրեւ քանդիչ ընդդիմութիւն: Իշխանութիւնը պէտք է բացառէ մենատիրական ձգտումները եւ սահմանադրական կարգէ դուրս քայլերը: Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ անցեալի էջը փակուած է. մեզի համար այդ կ՛ենթադրէ կասեցնել Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժամանակներէն սկիզբ առած անցեալի բոլոր յոռի երեւոյթներուն վերադարձը: Բնականաբար, անցեալի սխալները պէտք է սրբագրուին օրէնքի տառին եւ ոգիին համաձայն, բայց կարելի չէ անցեալը ընտրովի փորփրելով` փորձել արդարութիւնը վերականգնել: Նաեւ, միայն անցեալի սխալները սրբագրելու ճիգը, կողմնակա՛լ ճիգը, չի կրնար ինքնին յառաջընթաց արձանագրել երկրին համար. ընդհակառակն` ինչպէս արդէն ցաւով բոլորս ականատես կ՛ըլլանք, այդ վարքագիծը նոր խնդիրներ կը ստեղծէ երկրին համար: Անցեալի սխալները, բոլո՛ր սխալները, առանց մտահան ընելու պէտք է ապագայի յստակ տեսլականով առաջնորդուիլ:
«ԵՐԿԻՐ».- Վարչապետը տարբեր առիթներով յայտարարած է, որ հայրենիքի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած «յեղափոխութիւնը» պէտք է նաեւ հասցնել սփիւռք, կազմակերպական-կառուցային փոփոխութիւններով հանդերձ. ինչպէ՞ս կը մեկնաբանուի վարչապետի այս պատկերացումը:
Յ.Տ.Խ.- Այն, որ սփիւռքեան կառոյցները, պետական կառոյցներուն նման, միշտ պէտք է բարեփոխուին եւ նոր ժամանակներուն պատշաճեցուին` անառարկելի է: Սակայն, սփիւռքը պետականութիւն չէ, եւ սփիւռքի մասին խօսած, մտածած, ծրագրած ատեն, այս իրականութիւնը ճիշդ պէտք է գնահատել: Պետութեան մէջ ընտրութիւններու ժամանակ ընդհանրապէս քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն հազիւ կէսը, յաճախ` կէսէն ալ պակաս թիւով մասնակիցներ կ՛ըլլան, եւ քուէարկողներու մեծամասնութեան քուէն ստացած քաղաքական ուժերն են, որոնք կը դառնան իշխանութիւն: Իրականութեան մէջ, անոնք ստացած են քուէարկելու իրաւունք ունեցողներու փոքրամասնութեան քուէն, բայց ոչ ոք խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ այդ իշխանութեան, համապետական թէ տեղական իշխանութեան վաւերականութիւնը: Նոյն ձեւով, կարելի չէ ըսել, որ սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող գլխաւոր կազմակերպութիւններու` եկեղեցի, կուսակցութիւն, երիտասարդական, մարզական, մշակութային թէ բարեսիրական միութիւններու անդամներու թիւը սփիւռքահայութեան հազիւ 10 տոկոսը կը կազմեն, ուրեմն մնացած 90 տոկոսին հետ կապ չկայ: Պէտք է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս այդ 10 տոկոսի նախաձեռնութիւններուն կը մասնակցի մնացեալին մէկ կարեւոր մասը: Օրինակներ թուելու կարիք չկայ այստեղ: Նաեւ, պարտինք անդրադառնալ, որ սփիւռքի մէջ այդ գլխաւոր կազմակերպութիւնները վերջին տասնամեակներուն գտած են ձեւը միացեալ գործունէութիւն ծաւալելու, յատկապէս երբ բացակայած է խորհրդային օրերու մնացուկ` «բաժնէ` որ տիրես»-ի քաղաքականութիւնը, կամ ընդհակառակն` երբ պետութիւնը ինք համախմբումի խթան հանդիսացած է:
Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ` իբր թէ նոր կառոյցներ յառաջացնելու պատրուակով, պէտք չէ քանդուին սփիւռքի խոշոր ու համահայկական կառոյցները, առանց որոնց յաճախ հայապահպանման շատ տարրական կռուաններ` դպրոցներու, ակումբներու ցանցեր գոյութիւն չեն ունենար: Իսկ սփիւռքը ներկայացնող որեւէ կառոյց ձեւաւորելու նախաձեռնութիւնը պէտք է սփիւռքէն գայ: Պետութիւնը պէտք չէ նման նախաձեռնութեամբ հանդէս գայ. պետութիւնը կրնայ եւ պէտք է նման նախաձեռնութիւնները քաջալերողի դերով հանդէս գայ, այլ ոչ` նախաձեռնողի:
«ԵՐԿԻՐ».- Միացեալ Նահանգներու կարգ մը քաղաքներու մէջ հայ համայնքներուն հետ յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսուին վարչապետի հանդիպումները: Ի՞նչ ակնկալութիւններ կան այս առումով:
Յ.Տ.Խ.- Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան իշխանութեան նկատմամբ մեր ընդդիմադիր դիրքորոշումէն անկախ, արտաքին ճակատի վրայ, Դաշնակցութիւնը միշտ պատրաստակամ եղած է աջակցելու երկրի վարկի բարձրացումին: Այս պարագան ալ տարբեր չէ. տեղւոյն մեր կառոյցները կը մասնակցին վարչապետին ընդունելութեան այդ հաւաքներուն եւ կարելիութեան պարագային` վարչապետին կը փոխանցեն մեր համակուսակցական մտահոգութիւններն ու առաջարկները երկրին մէջ զարգացող իրադարձութիւններուն եւ համահայկական օրակարգերուն նկատմամբ: Կ՛ակնկալենք, որ վարչապետը իր ելոյթներով յուսախաբ չ՛ըներ սփիւռքի իր լսարանները:
Մենք նոյնիսկ խորհրդային օրերուն ըսած ենք, որ իշխանութիւնները ժամանակաւոր են, պետութիւնն ու ազգային-պետական շահը` մնայուն. այս գիտակցութեամբ է, որ երէկ, այսօր եւ վաղը, անկախ մեր քաղաքական դիրքորոշումէն եւ իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններէն, իբրեւ համահայկական ցանցային կառոյց, Դաշնակցութիւնը իրեն համար ճշդած յստակ կարմիր գիծեր ունի եւ երբեք չէ առաջնորդուած ու պիտի չառաջնորդուի նեղ կուսակցական շահով ու պահու թելադրանքով: Դաշնակցութեան անվերապահ համոզումն է, որ Հայաստանը ազգին տունն է եւ անոր գոյապայքարին կռուանը: