Համազգայինի 50-ամեայ «Զուարթնոց» երգչախումբը այսօր աւելի երիտասարդ է: Ան հայ երգարուեստը կը հրամցնէ Սուրիոյ բազմաթիւ բեմերէն, շնորհիւ իր արուեստասէր անդամներուն, տարիներու ընթացքին ծառայած վարչութիւններուն, խմբավարներուն եւ դաշնակահարներուն, որոնք իրենց սիրայօժար մասնակցութեամբ եզակի ընտանիքի մը վերածեցին «Զուարթնոց»ը: Ընտանիք մը, որուն զաւակները ոչ միայն սիրով ու արդիւնաւէտ աշխատանքով կապուած են իրարու, այլեւ իրենց շարքերէն ծնունդ տուած են արհեստավարժ երգիչներու, խմբավարներու: Աւելին՝ անոնք պինդ կամուրջ մը նետած են Երեւանէն-Հալէպ՝ մշակութային կեանքին ծառայողներուն միջեւ:
Տիկին Վերժին Պալապանեան «Զուարթնոց»ի հիմնադրութեան օրերէն մաս կազմած է անոր շարքերուն: Ան երգած, կատարելագործուած, ի պահանջել յարկին մայրութիւն ըրած է «Զուարթնոց»ի երիտասարդ անդամներուն ու բազում համերգներ իր իւրայատուկ մեներգներով ծաղկեցուցած է՝ արժանանալով հանդիսատեսին ու «Զուարթնոց»ականներուն յարգանքին: Յարգանք մը, որ կարելի է վաստկել միայն ծառայութեամբ, գուրգուրալից աշխատանքով ու սիրով:
Երգչախումբի հիմնադրութեան օրերուն անդրադառնալով տիկին Վերժին ըսաւ. «Երգչախումբի առաջին փորձերը սկսան 1963-ին, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ դպիրներէն կազմուած խումբով մը։ Օրուան պատասխանատուները խումբի խմբավարութիւնը վստահեցան Երեւանի Պետական երաժշտանոցէն շրջանաւարտ պրն. Պօղոս Ապաճեանին: Խմբավարին բծախնդիր աշխատանքով կազմը վարժուեցաւ երգել երաժշտական խազերով (նոթա), միաժամանակ ծանօթանալով երաժշտական նրբերանգներու եւ դարձուածքներու: 1968-ի վերջին ամիսներուն խմբավարին ճիգերով քառաձայն պատարագ մը մատուցուեցաւ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Տաթեւ Ծ. Վարդապետ Սարգիսեանի առաջնորդութեամբ, իսկ 1969-ին «Զուարթնոց» երգչախումբը իր առաջին համերգը հրամցուց հալէպահայ հանրութեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ պրն. Ժիրար Րէիսեանի»:
Պալապանեանի համաձայն, մինչեւ 1988 երգչախումբը հովանաւորած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութիւնը, որմէ ետք ան դարձած է Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ենթակայ միաւոր եւ ունեցած է իր վարչութիւնը։ «Զուարթնոց» երգչախումբէն ներս իր առաջին փորձառութեան մասին խօսելով տիկին Վերժին յուզումնախառն ապրումներով հետեւեալը պատմեց. «1970-ին Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանէն ներս, երբ հանդէսի մը ընթացքին մեներգեցի, պրն. Պօղոս Ապաճեան մօտեցաւ ինծի եւ խնդրեց, որ մաս կազմեմ «Զուարթնոց» երգչախումբին: Անմիջապէս ընդառաջեցի առաջարկին եւ ներկայացայ խումբի փորձին: Այդ օրերուն ամէնէն կրտսեր երգողն էի: Բոլորը երէց երգողներ էին: Յիշեմ զորօրինակ՝ Սարգիս Խուրշիտեանը, Գոճանեան եղբայրները, բժիշկ Պայթարեանը, Հրայր Յակոբեանը, Սահակ Ակիլեանը, Ժիւլիէթ եւ Ռաֆֆի Հարպոյեանները, Հերմին Գալայճեանը, Անի Քաֆաֆեանը, Մակարեան քոյրերը, Գրիգոր Տունկեանը, Սարգիս եւ Ռաֆֆի Պալապանեանները, Ֆօթօ Գօգօն եւ այլք: Առաջին օրերուն մեծ դժուարութիւն ունեցայ, սակայն երգողներուն վերաբերմունքն ու մօտեցումը զիս աւելի քաջալերեցին մնայուն անդամը դառնալու այս ընտանիքին»:
Տիկին Պալապանեանի յիշողութեան պաստառը պայծառացաւ ու մէկ առ մէկ դուրս գալ սկսան դէպքեր, պահեր, ելոյթներու անդրադարձներ, որոնք ջերմ ընտանիքի մը եռուն կեանքը կը պատմէին. «Ամուսինիս հետ ծանօթացած եմ «Զուարթնոց» երգչախումբին մէջ: Մեր Ս. Պսակին օրը Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ «Զուարթնոց»ականները փոխարինեցին դպրաց դասը ու երգեցին քառաձայն եօթը շարականներ: Համոզուեցայ, որ ասիկա մեր երկրորդ ընտանիքն է, որ կ’ուրախանայ մեր ուրախութեամբ եւ կը փութայ սատար կանգնիլ մեզի ամէն պարագայի: Երկրորդ անմոռանալի դէպքը 1971-ին էր: Մեր համերգներէն մէկուն դադարին ընթացքին, արաբերէն երգի մենակատարը խմբավարին յայտնեց, որ ձայնալարերը բորբոքած են, եւ պիտի չկարենայ կատարել մեներգը: Պրն. Ապաճեան ինծի ուղղելով խօսքը խնդրեց, որ ես կատարեմ այդ երգը: Քուլիսին մէջ քաջալերելով զիս անմիջապէս փորձել տուաւ երգը: Կրնամ ըսել որ համերգին յաջող կատարումով հանդէս եկայ»:
Խօսելով խումբի անդամներուն մասին, տիկին Վերժին ըսաւ. «Անդամներս պարզ էինք ու անկեղծ: Մէկը միւսին յաջողութեամբ կ’ուրախանար, զիրար կը քաջալերէինք: Երբ մենակատար մը հանդէս գար, բոլորին սիրտը կը տրոփէր, բոլորը անոր յաջողութեան համար կ’աղօթէին, իսկ յաջող ելոյթէն ետք միասնաբար կը տօնէինք խումբին յաջողութիւնը, զիրար խրախուսելով: Այսպիսի մթնոլորտ կը տիրէր «Զուարթնոց»էն ներս: Այս անկեղծութիւնն էր, որ անքակտելի կը դարձնէր մեր կապը»:
Անդրադառնալով խմբավարներուն, տիկին Վերժին յայտնեց. «Երգչախումբի յիսնամեայ պատմութեան ընթացքին, ունեցանք տարբեր դպրոցներու պատկանող տեղացի եւ հայրենի մասնագէտ խմբավարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը խումբը օժտեց նոր փայլքով, նոր որակով: «Զուարթնոց» երգչախումբի առաջին խմբավար՝ Պօղոս Ապաճեան ունէր ինքնուրոյն ոճ: Այնքան տաքուկ մթնոլորտ մը կը ստեղծէր, որ բոլորս կը տագնապէինք մեր լաւագոյնը ներկայացնելու: Փորձերու ընթացքին թէեւ լուրջ մօտեցում կը ցուցաբերէինք, սակայն կատակներն ու հիւմորը անպակաս էին: Իւրաքանչիւր երգի մասին ըսելիք մը ունէին մեր տղաքը, բառերը կը փոխէին, հնչիւնները, շեշտերը կը փոխադրէին տեղէ-տեղ, զայրացնելով խմբավարը եւ այսպէս շարունակ, սակայն բեմ կը բարձրանայինք պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ: Փրոֆ. Խորէն Մէյխանաճեան շատ բծախնդիր, մասնագիտական ոճով կ’աշխատէր իւրաքանչիւր անդամի հետ: Նոյնիսկ երբ կատարողութեան մէջ սխալներ նկատէր, գիտէր, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի սրբագրէր զանոնք»:
Երգչախումբը խմբավարած են նաեւ Կոմիտաս վարդապետ Օհանեանը, Գէորգ Պէպէճեանը, Ժիրայր Րէիսեանը, Սեդրակ Երկանեանը, Կարէն Սարգսեանը, Ռուբէն Ալթունեանը, Սամուէլ Վարոսեանը, Արթուն Քալէմքէարեանը, Պերճ Պօղիկեանը, Գայիանէ Պաղտասարեանը, Դաւիթ Պօղոսեանը, Յարութ Ալապոզանեանը եւ ապա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանը որուն վստահուած է երգչախումբիս խմբավարութիւնը վերջին չորս տարիներու ընթացքին (ներառեալ պատերազմի տարիները):
Բարձր գնահատելով տիկին Գայիանէին մասնագիտական բծախնդիր աշխատանքը, Պալապանեան ըսաւ. «Տիկին Գայիանէն խումբը ստանձնեց քաղաքիս ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ եւ բծախնդիր աշխատանքով կրցաւ բարձր պահել խումբին վարկը, որուն շնորհիւ խումբս հրաւէրներ ստացաւ եւ կը ստանայ պետական զանազան մարմիններու կողմէ: Ան իւրաքանչիւր անդամի վրայ իր դրոշմը դրաւ եւ այսօր, արդարօրէն կարելի է ըսել, որ խումբին մեծամասնութիւնը արհեստավարժ երգողներէ կը բաղկանայ: Ներկայ մեր երիտասարդները երաժշտական կրթութիւն կը ստանան, ձայնամարզութեան կը հետեւին եւ կ’ուզեն մասնագիտանալ այս ոլորտին մէջ»:
Դաշնակահարներուն անդրադառնալով տիկին Վերժին ջերմապէս գնահատեց անոնց նուիրական աշխատանքը, փորձերուն ընթացքին համբերատար ընկերակցութիւնը, դիտել տալով, որ անոնք իրենց շօշափելի ներդրումը կը բերէին երգչախումբի յաջող համերգներուն. «Խմբավարներուն կողքին, հսկայական աշխատանք ունեցան նաեւ դաշնակահարները, որոնց կատարումը կու գար ամբողջացնելու խումբին հնչեղութիւնն ու համերգին որակը: Յիշենք զիրենք՝ Ժիրայր Րէիսեան, Սօսի Եագուպեան- Ղազարեան, Շաքէ Պտղունի, Նորա Սարգիսեան, Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեան, Ռուզան Պարսումեան», ըսաւ վաստակաւոր «զուարթնոցական»ը, ապա աւելցուց. «Բոլոր երաժիշտները՝ խմբավար թէ դաշնակահար, արհեստավարժ թէ սիրողական երգողներ, իրենց անջնջելի հետքը թողուցին «Զուարթնոց» երգչախումբի յիսնամեայ պատմութեան մէջ: Հպարտութեամբ կ’ուզեմ հաստատել, որ «Զուարթնոց»ը եղաւ Սուրիոյ առաջին բազմաձայն երգչախումբը, ինչպէս նաեւ առաջին երգչախումբը, որ ներկայացուց արաբերէն քառաձայն մշակումով երգեր։ Խումբին այս հսկայական աշխատանքին շնորհիւ, ստացած ենք բազմաթիւ հրաւէրներ Լիբանանէն, Դամասկոսէն, Գամիշլիէն, Քեսապէն եւ Լաթաքիայէն: Տարիներու ընթացքին մասնակցած ենք Սուրիոյ եւ Հայաստանի ազգային տօներուն առիթով կազմակերպուած տօնակատարութիւններու, Լաթաքիոյ «Ալ Մահապէ» փառատօնին, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն, ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան յոբելինական հանդիսութիւններուն, Հայկական Մշակոյթի Շաբթուան առիթով կազմակերպուած հանդիսութիւններուն, ինչպէս նաեւ պետական հրաւէրներով ելոյթներ ունեցած ենք Հալէպի պատմական բերդին եւ Դամասկոսի Օփերայի տան մէջ՝ միջերգչախմբային փառատօնին առիթով: Պատիւ կը զգամ յայտնելու, որ ներկայութեամբ Սուրիոյ Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա ալ Ասատի, 2007-ին Դամասկոսի Օփերայի տան մէջ «Զուրաթնոց» երգչախումբը հանդէս եկաւ, խմբավարութեամբ Արթուն Քալէմքէարեանի, ինչպէս նաեւ 2011-ին Հայաստանէն ժամանած «Հայկազուն» խումբին հետ ազգային երգերով բեմ բարձրացաւ: Այս տարի մեր տարեկան համերգին կողքին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ ներկայացուցինք հոգեւոր համերգ մը, նուիրուած Սուրիոյ Հանրապետութեան Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա ալ Ասատին»:
Սուրիոյ պատերազմի դաժան օրերուն «Զուարթնոց»ի գոյատեւման մասին խօսելով, տիկին Վերժին դիտել տուաւ, որ պատերազմի ամէնէն անապահով օրերուն իսկ, «Զուարթնոց»ը գոյատեւեց շնորհիւ նուիրեալ վարչականներուն եւ անդամներուն:
Տիկին Պալապանեանին աչքերէն յատուկ փայլք մը կ’արտացոլար, երբ խումբին այդ օրերու յանդգնութեան եւ հոսանքն ի վեր ընթանալու վճռականութեան մասին կը խօսէր: Փաստօրէն դժուար պայմանները չեն քայքայած այս ջերմ ընտանիքը: Երգարուեստին հանդէպ սէրն ու անդամներուն ընկերական կապը բոլորին ուժ եւ կորով ներշնչած են, հեռու նիւթական աշխարհէն ու անոր բազմապիսի բացասական երեւոյթներէն:
«Թէեւ դուրս մնացինք մեր կեդրոնէն, բայց շարունակեցինք փորձերը ԱՄԺ Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս: Փորձերու ընթացքին հրթիռներու եւ ռումբերու պայթիւնները յաճախ կը լսուէին, բայց հաւաքական աշխատանքին առթած սէրն ու ապահովութեան զգացումը աւելի զօրաւոր էին: Այս առաւելութիւններուն շնորհիւ կրցանք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ շարունակել մեր փորձերը: Երբ ռումբերը կը տեղային Հալէպի բոլոր շրջաններուն վրայ, անդամները վտանգը աչքի առնելով կը ներկայանային սրահ եւ երգելով կը բարձրացնէին իրենց տրամադրութիւնը»:
Տարբեր տարիքի երգողներէ երաժշտասէր ընտանիք մը կազմելը իւրայատուկ հմայք տուած է երգչախումբին: «Երգչախումբին ներքին մթնոլորտը մեծ դեր ունեցած է մեր գոյատեւման մէջ: Մենք ունեցած ենք տարբեր տարիքի երգողներ, հիմնադիր սերունդէն մինչեւ մէկ տարուան երգողը: Երբեք տարբերութիւն չենք դրած անդամներուն միջեւ: Երէց երգողները միշտ օգտակար դարձած են նորեկ անդամներուն: Եթէ այսպիսի գիտակցութեամբ չմօտենայինք տարուող աշխատանքին, մեր խումբին տարիքը յիսունի չէր հասներ: Այսօր մեր շարքերուն մէջ կ’երգեն 15 տարեկան պատանիէն մինչեւ 70 տարեկան երէցը: Բոլորս մէկ ընտանիք ենք: Ճիշդ է որ ներկայ երիտասարդները ունին այլ զբաղումներ եւս, սակայն նկատելի մարմաջ ունին երգին եւ երաժշտութեան հանդէպ»:
Վերջին տարիներու գործունէութեան եւ յիսնամեակին նուիրուած համերգին մասին խօսելով տիկին Պալապանեան հետեւեալը պատմեց. ««Զուարթնոց»ի յիսնամեակին նուիրուած համերգին պատրաստութիւնը սկսաւ մէկ տարի առաջ: Վարչութեան եւ խմբավարին նպատակն էր ներկայացնել յիսուն տարիներու ընթացքին հնչած երգերէն ընտրանի մը: Մեր հիմնական դժուարութիւնը եղաւ արխիւներու պրպտումը, որովհետեւ երգչախումբին հիմնական կեդրոնը պատերազմական գօտիի մէջ յայտնուած էր: Մեր արխիւներէն մաս մը փճացաւ կեդրոնին վնասուելուն հետեւանքով: Խմբավարուհիին հետեւողական աշխատանքով եւ վարչութեան աշխուժ գործակցութեան շնորհիւ «Զուարթնոց»ի 50-ամեակի համերգը արժանացաւ հանդիսատեսին ջերմ ընդունելութեան: Վարչութեան մտայղացումով հրաւիրուեցան նաեւ յիսուն տարիներու ընթացքին «Զուարթնոց»ին մաս կազմած երգողներ եւ համերգին վերջին երգը՝ «Երեւան Էրեբունի»ն, ներկայացուցինք միասնաբար՝ 100 անդամներով»:
Մեր մտերմիկ հանդիպումը եզրափակելով, տիկին Վերժին շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, ԱՄԺ Տան խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ «Գէորգ Եսայեան» սրահի յաջորդական խնամակալութիւններուն եւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութեան, որոնք մշտապէս նեցուկ կանգնեցան երգչախումբին, տրամադրելով փորձի վայր եւ համերգի սրահ: