ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանի հարցազրոյցը russia-artsakh.ru.-ին հետ.
Վերջերս Մոսկուայի մէջ ՀՀ դեսպանատունը կազմակերպեց գիտաժողով՝ «Հայ Դատի Կենսական Հարցերը՝ Ռուս-Հայկական Յարաբերութիւններ» նիւթով: ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան պատասխանած է russia-artsakh.ru-ին հարցումներուն:
– Ի՞նչ էր «Հայ Դատի կենսական հարցերը՝ Ռուս-Հայկական Յարաբերութիւններ» գիտաժողովին կարեւորութիւնը:
– Նախ՝ քննարկուող հարցերուն էութիւնը կը բացայայտէ Դաշնակցութեան մօտեցումը Ռուսիոյ դերին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ՝ Ռուսիոյ ու Հայաստանի ռազմավարական գործընկերութեան կարեւորութիւնը: Բոլոր մակարդակներով Ռուսիոյ ու Հայաստանի ռազմավարական գործընկերութեան էութիւնը աւելի յստակացնելու անհրաժեշտութիւն յառաջացած էր: Վերջերս այնպէս թուի, որ այս գործակցութիւնը բեռ է Հայաստանի համար: Իրականութեան մէջ, անշուշտ որ այդպէս չէ: Անհրաժեշտ են փոխադարձ քայլեր, ապա նաեւ՝ համաձայնութիւն: Փաստօրէն այդ ռազմավարական գործընկերութեան շնորհիւ Հայաստանի ազգային անվտանգութիւնը այսօր ամենաբարձր մակարդակի հասած է:
Հայաստանի մէջ հաստատուած «Իսքատներ» համալիրներուն շնորհիւ, հայկական բանակը կարելիութիւն ունի հարուածներ հասցնելու Ատրպէյճանի ամբողջ տարածքին մէջ գտնուող կարեւորագոյն ուղիներուն: Հակաօդային, հակահրթիռային միատեղ համակարգը առիթ կու տայ Հայաստանի, ի դէպ՝ նաեւ Արցախի երկինքը պահել լիակատարօրէն պաշտպանուած ու անվտանգ: Հայաստանը սեփական ուժերով տակաւին երկար տարիներ չէր կրնար նման արդիւնքի հասնիլ: Հակառակ Ատրպէյճանի մեծ ռազմական պիւտճէին ու տարատեսակ զինատեսակներու մշտական գնումներուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սպառազինութիւններու ոլորտէն ներս, այնուամենայնիւ, կը պահպանուի հաւասարակշռութիւն: Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան անդամակցութիւնը Հայաստանին նորագոյն ռազմական ճարտարագիտութեամբ մեքենաներ եւ զէնք գնելու առիթ կու տայ, ներռուսաստանեան գիներով, մօտաւորապէս 3 անգամ աժան, քան Ատրպէյճանի վճարածը իր մատակարարներուն:
Միւս կողմէ, Հայ Դատի դիմագրաւած հարցերը արդիական են նաեւ այսօր: Աւելին՝ ընդլայնուած ու նորոգուած են Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարին հետ, որ սերտօրէն աղերսուած է Հայ Դատի հիմնական հարցին՝ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ: Ցեղասպանութեան սպառնալիքը կախուած էր Արցախի ժողովուրդի գլխուն մինչեւ այն ատեն, որ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանին մաս կը կազմէր: Հոն չկար համալսարան, բնակչութիւնը մշտապէս կ’արտագաղթէր, որուն հետեւանքով բնակչութեան աճը կը դանդաղէր: Չկար լուրջ արդիւնաբերութիւն, որ կարենար խթան ըլլալ կենսամակարդակի բարձրացման համար: Այսինքն՝ Ղարաբաղի ընկերային-տնտեսական զարգացումը կանխամտածուած կ’արգելակուէր: Եթէ Արցախը Ատրպէյճանին կազմին մէջ լաւ, յարմարաւէտ ապրէր, դժուար թէ դուրս գար Ատրպէյճանի կազմէն առաջին իսկ պատեհ առիթին: Այդ պատճառով ՀՅԴ-ն աջակցեցաւ եւ Արցախին անկախութեան պայքարին ամէն բանով օգնեց:
Հաւանաբար տակաւին երկար տարիներ պիտի ընթանան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները, սակայն մէկ բան յստակ է՝ Արցախը այլեւս երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Սա կարեւոր է ոչ միայն աշխարհաքաղաքական տեսանկիւնէն դիտուած, այլեւ՝ տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն շրջագիծին մէջ: Գաղտնիք չէ, որ Թուրքիոյ կողմէն գործուն աշխատանք կը տարուի փանթիւրքիզմի եւ «նորօսմանիզմի» տարածման ուղղութեամբ: Նպատակաուղղուած աշխատանք կը տարուի նորանոր տարածքներ իւրացնելու համար. եթէ՝ ոչ ռազմական ճանապարհով, երբեմն նաեւ տնտեսական լծակներու օգտագործումով: Թուրքիոյ ազդեցութիւնը կտրուկ աճած է Վրաստանի եւ Աճարիոյ մէջ, ուր թրքական առեւտուրը մրցակիցներ չունի: Եւ Հայաստանը բնական պատնէշ է փանթրքական ծաւալապաշտութեան համար:
Այդ գործընթացները կը մտահոգեն Ռուսիան. փակուած եւ արգիլուած են Թուրքիոյ կողմէն տնտեսաւորուած ուսումնական հաստատութիւնները, կազմակերպութիւնները: Եւ պայքարը փանթուրքիզմի դէմ կը շարունակուի: Այդ պատճառով Ռուսիան եւ Հայաստանը ռազմավարական գործընկերներ են ոչ միայն ռազմական ոլորտին մէջ, այլեւ՝ փանթուրքիզմի մարտահրաւէրները դիմակայելու առումով: Հոս մեր նպատակներն ու հարցերը լիովին կը համընկնին Ռուսիոյ հետ: Այս հարթակն է, որ կարելիութիւն կու տայ Դաշնակցութեան աջակցելու ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն ու ամրապնդելու զանոնք:
– Արցախի անկախութենէն վերջ Հայ Դատի հարցերը աւելի համաշխարհային դարձան: Եթէ նախապէս հայութիւնը միաւորող ազգային գաղափարը Ցեղասպանութեան ճանաչումն էր, այժմ ազգային երկրորդ գաղափարը Արցախն է…
– Հայ Դատի հարցերուն ցուցակը շատ ընդարձակ է: Գլխաւորը ժամանակակից պայմաններու մէջ Հայաստանի պահպանումն է, ապա նաեւ Արցախի աջակցութիւնը: Խօսքը հայկական ինքնութեան պահպանման մասին է: Պաքուն չի թաքցներ, որ Ղարաբաղը իրեն համար անհրաժեշտ է ընդամէնը որպէս տարածք: Թէ ինչ պիտի ըլլայ բնակչութեան հետ, դժուար չէ պատկերացնել: Սակայն Ատրպէյճանին հարկաւոր են նաեւ Զանգեզուրը, «Իրեւան»ը, զորս կը համարէ ատրպէյճանական հողեր: Նման առասպելներ կը ներմուծուին չհասունցած ուղեղներու մէջ, ծայրայեղ հայատեաց քաղաքականութեամբ՝ տակաւին դպրոցական նստարաններէն: Այդ քաղաքականութեան հետեւանքով է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը անընդհատ կը բախի անյաղթահարելի խոչընդոտներու: Ատրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութեան» եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին միջեւ խոր անդունդ գոյութիւն ունի: Ասոր յաղթահարումը բաւական դժուար է:
Հարցը կարելի էր հեշտութեամբ լուծել Ատրպէյճանի կողմէն բարի կամքի առկայութեան պարագային՝ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը եւ անոր հետ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններ հաստատել: Սակայն ասոր համար անհրաժեշտ է ուժեղ կամք ու իմաստութիւն, իսկ այդ յատկանիշները բնորոշ են ուժեղ եւ կայացած անհատներուն: Ըստ ամենայնի, նման մարդիկ Ատրպէյճանի մէջ տակաւին չկան: Այժմ քաղաքականութեան մէջ կը գերակշռեն շահախնդրութիւնը, ագահութիւնը, դրացիներու հանդէպ յարգանքի բացակայութիւնը, սեփական առաւելութեան երեւակայական պատկերացումը: Նման պայմաններու մէջ, ըստ արեւելեան ասացուածքին՝ վատ բանջարեղէնէն լաւ ապուր չ’եփուիր: Հետեւաբար, բանակցային գործընթացին մէջ յառաջընթաց ակնկալելը իրատեսական չէ: ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի մասնակիցները դժուար թէ կարենան առարկայական լուծում գտնել: Եկէք չմոռնանք, որ Մինսքի խմբակի անդամներ՝ Ռուսիա եւ ԱՄՆ լուրջ տարակարծութիւններ ունին, անոնց յարաբերութիւնները այնքան շիկացած են, որ կարելի չէ ընդհանուր լուծումներուն չանդրադառնալ: Այս կամ այն կողմէն որեւէ լուծում կ’արգելափակուի, եթէ միւս կողմին յարմար չէ: Հետեւաբար Ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման մէջ անհրաժեշտ է յոյս դնել միայն սեփական ուժերուն վրայ: Գործնականօրէն ապացուցուեցաւ, որ, հակառակ մշտական սպառնալիքներուն, տնտեսական ու երթուղային շրջափակման, Հայաստան եւ Արցախ կ’ապրին ու կը զարգանան: Անշուշտ, ընկերային-տնտեսական զարգացման ցուցանիշները կրնային աւելի լաւ ըլլալ, եթէ դրացի երկիրներուն հետ հարցեր չըլլային: Սակայն մեր անվտանգութիւնը մենք կ’ապահովենք, կ’ապրինք թէեւ ոչ հարուստ, բայց արժանապատուօրէն:
Կարեւոր է մեր ձեռքը ունենալ նաեւ պատմական փաստեր, բացայայտել, օրինակ, Կարսի պայմանագիրին նշանակութիւնը, Լենինի եւ Աթաթուրքի դաւադրութիւնը հայկական հարցին գծով, յիշեցնել Կիւլիստանի խաղաղ պայմանագիրը, որ Ղարաբաղը ընդգրկուեցաւ Ռուսական կայսրութեան կազմին մէջ, երբ Ատրպէյճան անունով պետութիւն ընդհանրապէս գոյութիւն չունէր: Այսօր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ կ’ընթանան ներգրաւման գործընթացներ, որոնք բացէ ի բաց կ’ըսեն, որ թուրքերն ու ատրպէյճանցիները մէկ ժողովուրդ են, որ երկու պետութիւն ունի: Անոնց շահերը միջազգային քաղաքականութեան մէջ ամբողջութեամբ կը համընկնին: Անոնք իրարու կ’աջակցին նոյնիսկ երբ պարտուողական իրավիճակ է: Եւ Հայաստանի համար կարեւոր է պահպանել դաշնակցային յարաբերութիւնները նախ եւ առաջ Ռուսիոյ հետ:
– Վերջին շրջանին կը նկատուի յարաբերութիւններու ջերմացում Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, գործակցութիւն ռազմական ոլորտի մէջ, աշխուժօրէն կը զարգանան տնտեսական յարաբերութիւնները: Կնքուած է Կասպիական համաձայնութիւնը, որ երկար տարիներ չէր ստորագրուած: Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Ռուսիոյ տնտեսական գործակցութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ անդրադառնալ Արցախի ճակատագիրին վրայ:
– Մենք համոզուած ենք, որ Ռուսիա-Թուրքիա եւ Ռուսիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու զարգացումը մարտավարական մակարդակի վրայ է, ունի իրավիճակային բնոյթ: Եկէք չմոռնանք, որ Ատրպէյճան թէեւ աննկատ, սակայն կը մրցակցի նաեւ Ռուսիոյ հետ Եւրոպա ածխաջրածիններ մատակարարելու հարցով: Ռուսիոյ նման մրցակից ունենալը կարեւոր չէ: Ատրպէյճանն ալ կը ձգտի դէպի Թուրքիա աւելի քան Ռուսիա: Ատրպէյճան, ինչպէս եւ Թուրքիա, անյուսալի գործընկերներ են: Կը կարծեմ՝ ռուսական ղեկավարութիւնը կը գիտակցի եւ իր փոխյարաբերութիւնները կը կառուցէ այն հաշուարկով, որ դանակով հարուած չստանայ թիկունքէն: Սակայն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ջերմացումը առարկայականօրէն կը նպաստէ Ռուսիոյ, որովհետեւ կարելի կ’ըլլայ հաշուարկել քայլերը, աւելի հանգիստ ըլլալ երկրի հարաւային սահմաններուն համար,: Պատմական փորձը ցոյց կու տայ, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած բոլոր պայմանագիրները մշտապէս խզուած են: Ռուսիա ամէնէն աւելի պատերազմած է Թուրքիոյ դէմ՝ 12 անգամ: Պատահական չէ, որ Էրտողան չի ճանչնար Խրիմի միացումը Ռուսիոյ, չէ՞ որ Ռուսիայէն առաջ Խրիմը Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ էր: Այսինքն՝ երկիրներու միջեւ անհաշտ տարաձայնութիւնները կը պահպանուին եւ անհրաժեշտութեան պարագային կրնան առաջատար դերակատարութիւն ունենալ: Անշուշտ, Ղարաբաղեան հիմնահարցի նշանակութիւնը, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններու ջերմացման պարագային, կրնայ քիչ մը նուազիլ, սակայն Ռուսիոյ համար կարեւոր է Թուրքիա-Ատրպէյճանի դէմ ունենալ հզօր յաղթաթուղթ՝ Արցախի տեսքով, որպէս ազդակ ու հակակշիռ: Աւելին, Թուրքիա չի պատրաստուիր հրաժարիլ փանթուրքիզմի քաղաքականութենէն: Իսկ Հայաստան եւ Արցախ այդ քաղաքականութեան բնական հակառակորդներն են:
– Արցախի հարցով որոշակի հակասական իրավիճակ կայ: Վարչապետ Փաշինեան կը պնդէ, որ Արցախը Հայաստան է, միեւնոյն ատեն՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը Ղարաբաղը կը տեսնեն միայն Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Սակայն նոյնիսկ Ատրպէյճանի կազմին մէջ Արցախը բազում հարցեր կը յարուցէ՝ օրէնսդրութեան փոփոխութեան, հայատեացութենէն հրաժարելու, տնտեսական յատկացումներու եւ այլ պարագաներով, որուն պատրաստ չէ Ատրպէյճան: Ինչպէ՞ս վարուիլ:
– Ատրպէյճան կը փափաքի «Վերականգնել Խորհրդային Միութիւնը» նախկին Ատրպէյճանական Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութեան տարածքով, որովհետեւ միայն այն ատեն Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ էր, սակայն երբեք անկախ վիճակով չէ եղած Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Հայաստանի հետ բարիդրացիական յարաբերութիւնները կարելի կը դառնան միայն Արցախի հանդէպ պատմական արդարութեան վերականգնման պարագային: Ատրպէյճանի պահանջները չեն համապատասխաներ ո՛չ պատմական ճշմարտութեան, ոչ ալ իրողութիւններուն: Հայերու ու ատրպէյճանցիներու համակեցութիւնը Նախիջեւանի մէջ ցոյց կու տայ, որ ոչ մէկ ձեւով լաւ բանի կը յանգի: Դարասկիզբին Նախիջեւանի մէջ հայ բնակչութիւնը 40 տոկոս կը կազմէր: Այսօր այդ թիւը 0 տոկոս է: Աւելին, բացէ ի բաց ոչնչացուած են հայկական պատմական յուշարձանները, գետնին հաւասարեցուած են հայկական գերեզմանատուները: Հետեւաբար ատրպէյճանցիներու հետ միատեղ ապրելու հեռանկարը հայերու համար ոչ միայն գրաւիչ չէ, այլեւ չափազանց վտանգաւոր: Նախիջեւանի տխուր օրինակը ղարաբաղցիներուն աչքին առջեւն է: Այսօր անհնար է Ատրպէյճանի կազմին մէջ մտնելը:
– Որքանո՞վ հաւանական է Արցախի մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը:
– Այդ հաւանականութիւնը մշտապէս կայ, եւ բացառել կարելի չէ: Ամէն օր Ատրպէյճան կ’աւելցնէ իր ռազմական հզօրութիւնը, սահմաններու մօտ զօրավարժութիւններ կատարելով: Կը փորձէ վախցնել հայկական կողմը՝ չմտածելով, որ ռազմական գործողութիւնները կրնան յանգիլ լայնածաւալ գործողութիւններու եւ, որպէս արդիւնք, փոխադարձ լիակատար ոչնչացման: Նման ելք Ատրպէյճանին համար կարեւոր չէ, սակայն ան պէտք է գիտակցի, որ եթէ կը պայքարի տարածքի համար, ուրեմն Արցախն ու Հայաստանը կը պայքարին ապրելու իրաւունքի համար եւ, յանուն անոր, ամէն ինչի կը դիմեն: Սպառազինութիւնները աւելցնելով, նորատիպ զինատեսակներ ձեռք բերելով, կրնան հարցը ուժով լուծելու կարելիութիւն ստեղծել, սակայն Ղարաբաղեան պատերազմի փորձը ցոյց կու տայ, որ ատրպէյճանական բանակի քաջութիւնն ու խրոխտութիւնը վայրկեանապէս կ’ոչնչանան, երբ ան բախում կ’ունենայ հմուտ հակառակորդի, նպատակաուղղուած ու լաւ զինուած իսկական զինուորականներու հետ: Մենք այսօր Հայաստանի մէջ կ’ապրինք «Խաղաղութիւն կ’ուզես, պատրաստուէ՛ պատերազմի» նշանաբանով: Անկէ փախուստ չկայ:
– Հայաստանի իշխանութիւններուն հանդէպ Ռուսիոյ վստահութեան մակարդակը լրջօրէն նուազած է: Ձեր գիտաժողովը անոր ապացոյցն է: Ինչպէ՞ս այդ իրավիճակը կրնայ ազդել Արցախի անվտանգութեան վրայ:
– Նոր կառավարութիւնը չէ նախատեսած ու չէ սահմանած իր ռազմավարութիւնը: չկայ հասկացողութիւն, չկան յստակ առաջնահերթութիւններ: Նոր իշխանութիւններու հետ կան տարաձայնութիւններ, յատկապէս Արցախի հարցով: Հարկաւոր է, որ իշխանութիւնները յստակօրէն նախանշեն, թէ ինչպէ՛ս պիտի պատրաստուին վարել ու լուծել Ղարաբաղեան հարցը, կարգաւորել հակամարտութիւնը: Փաշինեան պէտք է բացայայտօրէն ըսէ, թէ ինչ մտադիր է ընել, այլապէս ռազմավարութեան կրկնութիւնը չի բացառուիր այն, որուն իբրեւ հետեւանք Հայաստանի առաջին նախագահը հեռացուեցաւ իշխանութենէն:
Էդուարդ Սախինով