Փրոֆ.Պասքըն Օրան ծնած է Իզմիր,1945-ին:
Իզմիրի «Սան Ժոզէֆ» եւ «Աթաթուրք»ի երկրորդական վարժարանները աւարտելէ ետք,1963-1964 տարեշրջանին յատուկ կրթաթոշակով իր ուսումը շարունակած է ԱՄՆ-ի մէջ:
Յետ համալսարանական քառամեայ ուսումնառութեան,1968-ին վկայուած է «Աթաթուրք»ի համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքէն: Հուսկ,1974-ին, որպէս միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ, նոյն բաժանմունքէն ստացած է դոկտորականի աստիճան, որմէ ետք 1974-1975-ին, Ժընեւի մէջ կատարած է փոքրամասնութիւններու հարցերը միջազգային չափանիշներով շօշափող ուսումնասիրութիւններ:
Իսթանպուլ վերադառնալէն ետք, իբրեւ դասախօս կը սկսի ծառայել տեղւոյն համալսարաններուն քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքներուն մէջ։
1983-ին, Իսթանպուլի կառավարման մարմինին որոշումով պաշտօնէն կ’արձակուի՝ 6 Փետրուար 1982-ին Կրթութեան Բարձրագոյն Խորհուրդին դէմ իր շահած դատէն ետք։
1990-ին, պետական խորհուրդի ընդհանուր ժողովին որոշումով կը վերադառնայ քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին մէջ զբաղեցուցած իր նախկին պաշտօնին։
1991-ին դոցենտի, իսկ 1997-ին փրոֆեսորի կոչում կը ստանայ:
2004-ին լոյս կը տեսնէ իր «Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքները եւ Մշակութային Իրաւունքներու Տեղեկագիրը» գիրքը:
2006-ին կը հրաժարի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքի միջազգային յարաբերութիւններու ճիւղի ղեկավարութենէն եւ իր ցանկութեամբ հանգստեան կը կոչուի:
2007-ին, որպէս ձախակողմեան անկախ թեկնածու, կը մասնակցի երկրին խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
2008-ին, հայերէն ներողութիւն խնդրելու, իսկ 2009-ին բանակի ղեկավարութեան դէմ քրէական բողոքի արշաւներ նախաձեռնողներէն մէկը կը դառնայ:
Մնայուն յօդուածագիր է «Ակօս» եւ «Ռատիքալ» թերթերուն, ուր կ’արծարծէ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան եւ պետութիւն-կրօն յարաբերութեան առնչակից հարցեր:
Սալբի Գասպարեան- Այսօրուան դրութեամբ, Թուրքիա կը դիմագրաւէ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ: Ըստ ձեզի, ո՞րն է անոնց առաջնագոյնը:
Պասքըն Օրան- Անշուշտ քրտական հարցն է, որ թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին քաղաքական խնդիր է, մինչդեռ հայկական Սփիւռքը միայն մէկ խնդիր ունի, հաւանաբար ասոր համար ալ կը կարծէ, թէ Թուրքիոյ դիմագրաւած ամենակարեւոր խնդիրը հայկական հարցն է, բայց դժբախտաբար այդպէս չէ: Երանի՜ այդպէս եղած ըլլար: Այսօր երկրին դիմաց կը ծառանան քրտական, իսլամական, հայկական եւ Կիպրոսի հարցերը, որոնց հասարակաց կէտը այն է, որ բոլորն ալ 1915-էն սկսեալ լուծում չեն գտած, պարզապէս գորգին տակ հրուած աղբ եղած են… իբրեւ դիակներ միշտ դարաններու մէջ պահուած են, որոնք այժմ կենդանացած ըլլալով «զոմպի»ներու նման մեր առջեւ կը ցցուին եւ մեզ կը սարսափեցնեն: Բարեկարգումներու պահանջքին դէմ դնելու հիմնական պատճառը այս է, բայց պէտք է ըսել, որ պատկան կողմերու ցուցաբերած վախը չի կրնար կանխել իրավիճակին անխուսափելի հետեւանքները…։
Ս.Գ.- Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը որքանո՞վ կիրառելի համակարգ է: Այս ուղղութեամբ ի՞նչ են ձեր ակնկալութիւնները:
Պ.Օ.- Այս պահուս, եթէ լուսանկար մը առնէք, պատկերը այնքան ալ լաւ բան պիտի չըսէ ձեզի, բայց եթէ վաթսուն տարուան ժապաւէն մը դիտէք, կը նկատէք թէ Թուրքիա անհաւատալի փոփոխութիւններու, զարգացման եւ բարելաւումի ընթացքի մէջ է։
Գալով ակնկալիքներուս, քրտական հարցին կապակցութեամբ՝ արիւնահեղութեան դադրեցումը, անկէ ետք ալ քիւրտերուն մարդկային իրաւունքներու ճանաչումը կը սպասեմ: Իսկ հայկական հարցին կապակցութեամբ՝ գիտեմ որ պետութեան ներողութիւն խնդրելը դեռ ժամանակի կը կարօտի։ Այնուամենայնիւ, կը կարծեմ որ հայերէն անօրինաբար խլուած կալուածներուն համար փոխհատուցում ալ պէտք է կատարել:
Ս.Գ.- 90-ականներէն ետք ձեւաւորուած քաղաքացիական ընդդիմութիւնը որեւէ ազդեցութիւն ունեցա՞ծ է երկրին պետական քաղաքականութեան ընթացքին վրայ:
Պ.Օ.- Պէտք է ըսել, որ թերեւս ո՛չ ուղղակիօրէն, սակայն ժամանակի ընթացքին եւ դէպքերու զարգացման բերումով մտաւորական այս խաւին գործունէութիւնը լուրջ ազդեցութիւն ունեցած է պետական քաղաքականութեան վրայ: «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» Կուսակցութիւնը պաշարուած ըլլալով քեմալիստական պետութեան կողմէ, առանց մտաւորական այս շրջանակի զօրակցութեան եւ յատկապէս անոր թշնամութիւնը շահելու պարագային, չի կրնար գոյատեւել… «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» Կուսակցութիւնը երկու քայլ առաջ, մէկ քայլ ետ կը նետէ: Ան թէ՛ իր գաւառական ծագումին պատճառով չէ կրցած ժողովրդավարութեան հասկացութիւնը իւրացնել, թէ՛ կուսակցութիւն մը ըլլալէ աւելի կուսակցութիւններու համադաշնակցութիւն մը եղած է: Պէտք է ըսել նաե՛ւ, որ «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» Կուսակցութեան անդամները հետզհետէ կը հարստանան: Ի վերջոյ բոլորին յայտնի է արդէն, որ կանաչ դրամագլուխը, Անատոլուի դրամագլուխը, Անատոլուի տնտեսական վագրերը, եւ այլն … հարստացում կը նշանակեն, իսկ հարստացումը քանի մը սերունդ ետք կը նշանակէ քաղքենիացում, հետեւաբար գիւղացիութենէ հեռացում եւ ազատականացում: Իրականութեան մէջ այս է, որ կը սպասենք, սակայն գլխաշորերու ստեղծած հարցերը բարեփոխումներու այս բնական ընթացքը կը դանդաղեցնեն…։
Ս.Գ.- Հրանդ Տինքի սպանութիւնը եւ անոր յաջորդած ընդվզումի լայնահուն շարժումը ի՞նչ դեր ունեցաւ ձեր տարած արդարութեան պայքարին մէջ։
Պ.Օ.- Հրանդը իր մահով. իր կենդանութենէն աւելի ազդեցիկ դարձաւ … Անոր խօսքերէն աւելի, մահն է որ Թուրքիան ցնցեց : Հրանդը այսօր տեսակ մը «սուրբ» է … բոլորիս վրայ իր պայծառութիւնը սփռող աշխարհիկ սուրբ մը…։
Ս.Գ.- 19 Յունուար 2007-էն ետք, Թուրքիոյ հասարակական-քաղաքացիական ընդդիմութիւնը, իր տարած պայքարի բոլորովին նոր միջոցներով եւ տարողութեամբ, դարձաւ երկրին պետական քաղաքականութեան ուղղուած լուրջ սպառնալիք. ի՞նչ կ’ըսէք այս մասին:
Պ.Օ.- Հրանդին յուղարկաւորութեան ընթացքին, մինչ մենք «Բոլորս Հրանդ ենք … բոլորս հա՛յ ենք …» վանկարկելով կը քալէինք, որպէս հակազդեցութիւն՝ կարգ մը մարզադաշտերու վրայ ոմանք «Բոլորս Սամասթ ենք …» գոռալով պաստառներ կը բանային, սակայն այդ բոլորը շուտով շուքի տակ մնացին: Այսօր Հրանդը նոր ընթերցումի ենթակայ դարձած է, իր մասին գիրքեր կը գրուին, գիրքեր կը հրատարակուին: Այսօր Հրանդին ընդմէջէն հայ ժողովուրդին եւ բոլոր անիրաւուածներուն եւ անտեսուածներուն իրաւունքները պաշտպանելու համար կատարուածները մէկիկ-մէկիկ կը պատմուին: Միւս կողմէն, Հրանդին դատավարութեան վատ ընթացքն ալ աւելի կը նպաստէ անոր առասպել մը դառնալուն … եւ ահա թէ ինչո՞ւ, տրամաբանութեան թելադրանքով, հայկական հարցը կը նկատուի Թուրքիոյ ամենամեծ թապուն, եւ այսօր եթէ մենք կարող ենք երկրին ամենամեծ թապուին վրայ յարձակիլ, միւս թապուները, որոնք աւելի փոքր են, այլեւս մանկական խաղալիքներ ըլլալ կը թուին: Հրանդը թէ՛ իր կեանքով, թէ՛ իր մահով ասոր մէջ ամենամեծ նպաստը ունեցաւ:
Ներկայ տուեալներով, օրուան պետութիւնը կը փորձէ Հրանդը սպանած ստորին արարածը արդարացնել, սակայն իրականութեան մէջ ան երբեք կարեւոր չէ, կարեւորը անոր ետին կանգնողներն են, որ այսօր Էրկէնեքոնի հարցով կը դատուին:
Ս.Գ.- Էրկէնեքոնի երկրին, մանաւանդ արդարադատութեան կասկածելի համակարգին մէջ յարուցած խնդիրը, իր յղացքով եւ նպատակներով կը քօղազերծէ իթթիհատականներու բնորդով՝ ազգայնապաշտ Թուրքիոյ մը քաղաքական կառոյցը: Ի՞նչ կ’ըսէք այս մասին։
Պ.Օ.- Էրկէնեքոնի դատը՝ ազգայնամոլ պետութեան զինեալ թեւը չէզոքացնելու դատն է: Եթէ Թուրքիոյ դատախազութեան հերթական սխալները չըլլային, այս դատը շատոնց կարգ մը դրական արդիւնքներու հասած կ’ըլլար, սակայն երկա՜ր ժամանակ, առանց դատավարութեան պատիժներ սահմանելու երկիր համարուող Թուրքիոյ մէջ նման դատի մը բացուիլը ինքնին շատ կարեւոր ձեռքբերում մըն է։
Ս.Գ.- Հայ ժողովուրդը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ այն հիմնաւորուած կարծիքը ունի, որ Հանրապետական Թուրքիոյ քաղաքական գաղափարախօսութիւնը բնական շարունակութիւնն է Իթթիհատականներու գաղափարախօսութեան: Ի՛նչ կ’ըսէք այս մասին, մանաւանդ երբ այսօր Թուրքիոյ քաղաքական ցեղապաշտ տարրը, առանց դոյզն վերապահութեան համապատասխան յայտարարութեամբ հանդէս կու գայ: Այս մէկը ի՞նչ պատասխանատուութեան առջեւ կը կանգնեցնէ ձեզ եւ ձեր նմանները իբրեւ յառաջապահ մտաւորականներ։
Պ.Օ.- Այս եզրակացութիւնը ամբողջովին ճիշդ է … իրօք, Իթթիհատական գաղափարախօսութենէն դեռ չենք ազատագրուած, արդէն մեր ամբողջ պայքարը, այս գաղափարախօսութենէն ազատելու համար կը մղենք: Ամէն առիթով մենք ասիկա մատնացոյց կ’ընենք: Մեր գործն ու բանը այս է: Միշտ կը յայտարարենք, որ այսօրուան մեր պետական գաղափարախօսութիւնը թէ՛ Հրանդը սպանած է, թէ՛ 1915-ը ստեղծած մտայնութեան շարունակութիւնն է: Բնականաբար մեր այս ըսածները օդին մէջ ցնդելով չեն անհետանար … այս առնչութեամբ՝ «հայերէն ներողութիւն կը խնդրենք» ստորագրահաւաքի արշաւ մը կազմակերպեցինք , որ նախապէս անկարելի կը թուէր, սակայն հակառակ բոլոր վտանգներուն, հակառակ սպայակոյտին եւ վարչապետին ցուցաբերած բուռն հակազդեցութեան, հակառակ ամէն կողմէ տեղացող մահուան սպառնալիքներուն, առաջին 24 ժամուան ընթացքին, հինգ հազար մարդ իր ստորագրութեամբ հանդէս եկաւ:
Ս.Գ.- Ըստ նոյնինքն Թուրքիոյ կարգ մը քաղաքական տեսաբաններու յայտնած պաշտօնական տեսակէտներուն, հայերու բնաջնջման ծրագիրը գործադրութեան դրուած է այն պատճառով, որ տարածաշրջանին մէջ հայերու գոյութիւնը մեծ խոչընդոտ մըն էր Թուրքիոյ «Ազգայնամոլ Պետութիւն» իտէալի իրականացման ճանապարհին: Այսօր կ’արժէ հարց տալ, թէ հայերու բնաջնջումով եւ այլ փոքրամասնութիւններու երկրէն բռնի հեռացումով, Թուրքիա կրցա՞ւ իր «Ազգայնամոլ Պետութիւն»ը յառաջացնել:
Պ.Օ.- Թուրքիոյ «Ազգայնամոլ Պետութիւն» ը պատմութեան անցնելու փուլին հասած է … «Ազգայնամոլ Պետութիւն»ի սահմանումը հետեւեալն է՝ «Ազգայնամոլ Պետութիւն»ը ցեղային-կրօնական լոկ մէկ ամբողջութեամբ կազմուած պետութիւն է եւ զայն իրականացնելու համար ձուլումի կամ ցեղային մաքրագործումներու միջոցով պետութիւն կերտելու միջոցին կը դիմեն: Պետութեան այս տեսակը այլեւս տակաւ պատմութեան կ’անցնի, իր տեղը զիջելով ժողովրդավարական պետութեան, պարզապէս որովհետեւ փոքրամասնութիւններու կամ այլ խմբաւորումներու ինքնագիտակցութեան ի յայտ գալէն ետք, ձուլումը անկարելի կը դառնայ, եւ նոյնիսկ կրնայ հակառակ ազդեցութիւն գործել: Այս առնչութեամբ պէտք է ըսել նաեւ, որ ձուլումը կարելի կը դառնայ, եթէ ազգային-տնտեսական շուկայի ստեղծումը տուեալ փոքրամասնութեան ի յայտ գալէն առաջ ըլլայ, բայց եթէ անկէ ետք է, ձուլումը անկարելի է: Քրտական ինքնագիտակցութիւնը 1960-ականներուն մէջտեղ եկաւ, մինչ երկրին ազգային-տնտեսական շուկան 1980-ականներէն ետք հիմնուեցաւ… ասկէ մեկնած կարելի կը դառնայ ըսել, որ ձուլումի հասկացութիւնը լաւագոյնս կը բնորոշէ «Ազգայնամոլ Պետութիւն»ի գաղափարախօսութիւնը, որ այսօրուան տուեալներով՝ բացի քրտական ինքնագիտակցութեան ամրակայումէն, ուրիշ ոչ մէկ բանի կը ծառայէ: Այս բոլորը քաղուած են «Իլէթիշիմ»ի կողմէ հրատարակուած «Թուրքիոյ Մէջ Փոքրամասնութիւնները» գիրքէս, ուր յստակօրէն կը ներկայացուին Ազգայնամոլ պետութենէ ժողովրդավարական պետութիւն դառնալու նախադրեալները, որոնք որոշակի տուեալներով կ’արտացոլացնեն Օսմանեան Կայսրութենէն անցումը դէպի 1930-ականներ եւ 1930-ականներէն անցումը դէպի 2000-ականներ, համոզուած ըլլալով, որ այս- օրուան բուն վէճը ամենեւին ալ թուրք-քիւրտ, սիւննի-ալեւի, յառաջդիմական-յետադիմական կամ այլ խումբերու միջեւ չէ, այլ ժամանակակից դառնալ եւ չդառնալ միտող հոսանքներու միջեւ:
Ս.Գ.- Ձեր կարծիքով, Թուրքիոյ մէջ զուգահեռաբար իմացական զարթօնք ապրողներն ու կրօնական եւ ազգայնապաշտական ըմբռնումներով առաջնորդուողները, դէպի ի՞նչ ուղղութիւններ կ’առաջնորդեն երկիրը :
Պ.Օ.- Մեկնելով աշխարհի տարածքին պարզուած նոյն իրավիճակէն, կրնանք ըսել, որ համաշխարհայնացումը բոլոր ինքնութիւնները ցնցումի ենթարկած է, հետեւաբար, Թուրքիոյ հասարակութեան, մանաւանդ երիտասարդներու իմացական ոլորտը եւս, բաւական խառն պատկեր կը ներկայացնէ, անոնց տրուած դաստիարակութիւնը մուսլուման-թուրք ուղղութիւններով է, սակայն ոմանք արեւմուտքցի երիտասարդներու նման կը մտածեն ու կը գործեն, ոմանք ալ մուսլումանական վարքագիծ կը ցուցաբերեն, ինքնագիտակցումի մէկ չափանիշ, կամ մէկ տեսակ չկայ, որ խորքին մէջ լաւ ցուցանիշ է, որովհետեւ այն վայրին մէջ, ուր բոլորը նոյն ձեւով կը մտածեն, հանրային կարծիք գոյութիւն չունենար: Բնականաբար այս վիճակը պիտի շարունակէ այսպէս մնալ, սակայն Ժողովրդավարութեան եւ բազմամշակութայնութեան հասարակաց միջավայր մը պէտք է ստեղծուի, եւ մենք կը փորձենք այդ մէկը կառուցել։
Ս.Գ.- ԹԷեւ այսօրուան թուրք հասարակութիւնը պատասխանատու չէ 1915-ին կատարուած Հայերու Ցեղասպանութեան, սակայն իր պետական պաշտօնական հանգամանքով եւ ազգայնամոլ տարրով, մաս կը կազմէ ժխտողականութեան եւ ուրացումի քաղաքականութեան գործընթացին: Ի՞նչ գործնական միջոցներով կը պայքարիք պետական քաղաքական տոկմա դարձած այս իրականութեան դէմ:
Պ.Օ.- Ամէն բանէ առաջ կրթութեան համար կը պայքարինք: Այս առնչութեամբ նպատակայարմար կը նկատեմ իբրեւ ուղեցուցային օրինակ բերել, ոչ մէկ տող գրած, սակայն բարոյախօսական մեծ աւանդ թողած մօրուքաւոր Ճէլալին խիստ կարեւոր խօսքը՝ «Այսքա՜ն տգիտութեան դէմ պայքարելու համար միայն կրթութիւն պէտք է…»: Կրնամ ըսել, որ մենք կը ջանանք այս կրթութիւնը ժողովրդավարութեան եւ բազմամշակութայնութեան ուղիով ջամբել, մեր լայնահուն հայեացքներուն թելադրութեամբ կը ջանանք բոլորին ալ սորվեցնել, որ ոչ միայն իւրայիններուն, այլ նաեւ բոլոր անիրաւուածներուն եւ անտեսուածներուն կողքին պէտք է կանգնիլ։
Միւս կողմէն, ձեր ըսածին պէս, անշուշտ որ 1915-ի խայտառակութիւնը իրականացնողը ներկայ Թուրքիոյ ժողովուրդը չէր, սակայն ժխտումի քաղաքականութիւնը ձեւով մը այդ ընթացքին շարունակութեան ծառայեց։ Այս ուղղութեամբ, ամէն տեսակ խաղաղ միջոցներով կը փորձենք լուսաբանութիւններ կատարել եւ համապատասխան յայտարարութիւններով հանրութեան մէջ արմատացած ապատեղեկատուութեան եւ ապատեղեակութեան գործօնները քողազերծել: «Հայերէն ներողութիւն կը խնդրեմ» ստորագրահաւաքի արշաւը, մեր տարած պայքարին մէջ կարեւոր միջոց մըն էր հասարակութեան մտայնութեան մէջ ցնցում յառաջացնելու, իսկապէս փորձը ցոյց կուտայ, որ մարդիկ նախ կը ցնցուին, ապա կը սթափին … հաւատացէք, որ այս է իրականութիւնը, սակայն չեմ գիտեր, թէ այս բոլորը դուրսէն ինչպէ՞ս կ’երեւին, ինչպէ՞ս կը դիտուին եւ ինչպէ՞ս կ’ընկալուին…։
Ս.Գ.- Ի տարբերութիւն մօտիկ անցեալին, մանաւանդ վերջին 10-15 տարիներու ընթացքին, Թուրքիոյ մէջ զարթօնք ապրող, քաղաքացիական ընդդիմութեան ողջախոհ տարրերուն շնորհիւ ձեւաւորուած հանրային կարծիք մը սկսած է գիտակցիլ եւ ճանչնալ տարագիր հայութեան պահանջքները: Ի՞նչ կ’ըսէք այս մասին:
Պ.Օ.- Ընդհանրապէս մարդիկ իրենց չճանչցած անձերուն եւ իրենց չիմացած գաղափարներուն հանդէպ հակազդեցութիւն կը ցուցաբերեն: Այս իմաստով ե՛ս ալ բացառութիւն չեմ կազմեր: Ասկէ մօտաւորապէս 10 տարի առաջ, Սփիւռքը որպէս մէկ ամբողջութիւն կը դիտէի, սակայն յետ տեղի ունեցած զանազան շփումներուս, նկատեցի որ շարք մը սփիւռքներ կան, որոնց մէջ գոյութիւն ունի լուռ մեծամասնութիւն մը: Կը խորհիմ, թէ այս բոլորին մէջ, ոմանց հետ կարելի է լուրջ երկխօսութիւն ունենալ: Այս տուեալը ամենայն պարզութեամբ յստակ դարձաւ Հրանդին սպանութենէն եւ ներողութեան ստորագրահաւաքի արշաւէն ետք, սակայն բնականաբար շուտափոյթ գրկախառնում տեղի պիտի չունենայ, հոն հասնելու համար քիչ մը ժամանակ պէտք է, երկու կողմերն ալ պատմութեան մասին տեղեկութիւններ պէտք է ունենան, եւ այս պարագային բնականաբար թրքական կողմը, ոչ թէ Սփիւռքը այդ տեղեկութիւններուն պէտք ունի: Պատմական յանցանքի այսպիսի ծանրակշիռ բեռէ մը այսքան շուտ ձերբազատիլը դժուար է։
Հարցազրոյցը վարեց՝
Սալբի Գասպարեան
Սալբի Գասպարեան