Թուրք վերլուծաբան Ճենք Պաշլամըշ հրապարակած է ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մասին ուշագրաւ յօդուած, ուր բաւական հետաքրքրական դիտարկումներ եւ կարծիքներ կը յայտնէ:
Վերլուծելով վերջին շրջանին ռուս-թրքական համագործակցութիւնը, յատկապէս Սուրիոյ ճգնաժամի գծով` վերլուծաբանը խորհուրդ կու տայ չհաւատալ այն տեսիլքին, թէ Ռուսիան ու Թուրքիան պիտի դառնան ռազմավարական գործընկերներ: Անոր կարծիքով, Ռուսիա ամէն միջոցով պիտի փորձէ թուլցնել Թուրքիոյ դիրքերը:
Յօդուածին հեղինակը դիտել կու տայ, որ թէեւ թուրք-ամերիկեան լա-րուած յարաբերութիւններուն դիմաց ռուս-թրքական յարաբերութիւնները օրէ-օր կ’ամրապնդուին, այնուամենայնիւ այդ ամէնը չի կրնար յանգեցնել այն արդիւնքին, որ երկու երկիրները դառնան ռազմավարական գործընկերներ:
Ռազմավարական գործընկերներ դառնալու համար Ռուսիան կը խանգարէ տարբեր հանգամանքներ, որոնցմէ մէկը պատմական դառն փորձառութիւնն է: Հեղինակը կը յիշեցնէ, որ երկու երկիրները իրենց աշխարհաքաղաքական նպատակներուն համար բազմիցս պատերազմած են իրարու դէմ:
«Ճիշդ է, եղած են պարագաներ, երբ երկու երկիրները նաեւ համագործակցած են, սակայն այդ գործակցութիւնը ռազմավարական բնոյթ չէ կրած: Երբ անոնց շահերը համընկնած են, համագործակցած են, իսկ երբ այդ շահերը անհետացած են, երկու երկիրները յայտնուած են հակադիր բեւեռներու մէջ»:
Անդրադառնալով սուրիական ճգնաժամի շրջագիծին մէջ ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն՝ թուրք վերլուծաբանը կը գրէ, որ ներկայիս պայմանները կը թելադրեն, որ տեղի ունենայ ռուս-թրքական գործակցութիւն: Թուրքիան շատ լաւ կը հասկնայ, որ Սուրիոյ մէջ պայմաններ թելադրողի դերը Ռուսաստանինն է, եւ առանց ռուսական կողմին թոյլտուութեան՝ Անգարան ոչինչ կրնայ ընել: Միւս կողմէն, ըստ յօդուածագիրին, Ռուսիա կը հասկնայ, որ Սուրիոյ մէջ կայունութիւն ապահովելու համար անհրաժեշտ է Թուրքիան պահել մօտիկ եւ ինչո՞ւ չէ, երբեմն կատարել թրքական կողմին պայմանները, ինչպէս եղաւ վերջերս, երբ Թուրքիան քիւրտերուն դէմ զինուորական գործողութիւն սկսաւ:
«Պատկերացնենք, որ Թուրքիան իրականութեան մէջ կը հրաժարի Արեւմուտքէն. ի՞նչ պիտի ընէ Ռուսիան նման պայմաններու մէջ», հարց կու տայ հեղինակը:
Պաշլամըշի համաձայն, Ռուսիոյ ձեռնտու չէ Թուրքիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ յարաբերութիւններու վերջնական վատթարացումը: Ըստ անոր՝ Մոս-կուային ձեռնտու են այն վերելքներն ու վայրէջքները, որոնք առկայ են Թուրքիա-արեւմուտք յարաբերութիւններուն մէջ:
Անոր կարծիքով, Ռուսիա որքան ալ յաւակնոտ յայտարարութիւններ կատարէ, իրականութեան մէջ կը փափաքի, որ միջազգային ներկայ դասաւորումը պահպանուի: Մոսկուան շատ լաւ գիտէ, որ չունի այնքան ներուժ, որպէսզի նորովի վերադասաւորէ աշխարհը:
«Եթէ որեւէ մէկը կը մտածէ, որ Ռուսիա գրկաբաց կը սպասէ Թուրքիոյ, կը սխալի: Կը սխալին յատկապէս անոնք, որոնք կը մտածեն, թէ Ռուսիան մոռցած է զինուորական իր օդանաւին ջախջախման դէպքը: Այս ամէնուն համար կան շատ պարզ պատճառներ: Ռուսիան Թուրքիան չի համարեր «իրը», ինչ որ չենք կրնար ըսել Ուքրանիոյ, Հայաստանի, Խազախստանի կամ նոյնիսկ Ատրպէյճանի պարագային: Այդ երկիրները, որոնք երկար ժամանակ մնացած են ռուսական մշակոյթին ազդեցութեան տակ, Ռուսիոյ հետ ընդհանուր անցեալ ունին: Իսկ Թուրքիան ռուսերուն համար օտար է եւ այդպէս ալ կը մնայ»: