Հալէպի ազգային կառոյցները, իրենց յառաջացուցած մթնոլորտով, կարեւոր դեր խաղացած են հայապահպանումի ջանքերուն արդիւնաւորման մէջ: Մերթ ընդ մերթ լոյսին բերելու այդ կառոյցներուն պատմութեան ծալքերը, հաստատման փուլերն ու յատկապէս հալէպահայութեան յետ-եղեռնեան տարիներու ինքնադրսեւորման նկրտումները, «Գանձասար» կը շարունակէ իր հարցազրոյցներու շարքը, այս անգամ տիար Խաժակ Տիլպէրեանի յուշերուն գանձարանը բանալով:
Տիլպէրեան կը փորձէր ներկայացնել ամէնէն պարզ մանրամասնութիւններն անգամ, ուրուագծելու այդ օրերուն մթնոլորտը, պայմանները, հալէպահայութեան ջերմութիւնն ու ազգային գիտակցութիւնը: Ան նախ կը պարզէ Նոր Գիւղ հայահոծ շրջանի ընդհանուր դրուածքը, ազգային եռուն կեանքը, աշխատունակ բնակչութեան անկոտրում թափը, յատկապէս յիշելով իր կեանքին մէջ մեծ տեղ գրաւած Ազգային Զաւարեան վարժարանի հիմնադրութեան փուլերը: Այս բոլորը արտաբերած պահուն Նոր Գիւղի բնակիչ ըլլալու իր հպարտութիւնը վառ երանգ կու տար պատումին, ձայնի ելեւէջները յատուկ բարձրութեան մը վրայ պահելով:
«Նոր Գիւղի հայաբոյր շրջանը ընդհանրապէս ճանչցուած է այս մակդիրով՝ հայաբոյր, որովհետեւ Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած մեր մեծ մայրերն ու հայրերը ատենին ամայի, անմարդաբնակ շրջանը շէնցուցին, ծաղկեցուցին, գոյն ու կեանք տուին անոր: Սոյն վայրը քսանական թուականներուն տրամադրուեցաւ հայ ժողովուրդին, որպէսզի աւանի մը վերածուի եւ դառնայ իր բնակութեան կեդրոնը: Անշուշտ երբ կ’ըսենք Նոր Գիւղ, մեր մտապատկերին մէջ կը տողանցէ այրիանոցը, որ մեծ դանիացի հայասէր՝ օրդ. Քարէն Եփփէին շնորհիւ հետագային վերածուեցաւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի եւ անոր շուրջ համախմբուած ժողովուրդը սկսաւ կառուցել իր տնակները՝ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ»:
Անդրադառնալով Նոր Գիւղի ընդհանուր դրուածքին, տիար Խաժակ աւելցուց. «Երբ Նոր Գիւղը պիտի կառուցուէր, ծրագրուած էր, որ ան ընդհանուր քեմփի ձեւով ըլլայ՝ տուները միօրինակ, նոյն ձեւով եւ նոյն ոճով: Այդ ձեւը, սակայն, ընդունելի չէր տեղւոյն հայութեան համար, որովհետեւ այլազան գաւառներէ եկած մարդիկ՝ այնթապցիներ, ուրֆացիներ, խարբերդցիներ եւ այլք, ունէին իրենց հայրենի բնօրրանէն ժառանգած ճաշակ ու ապրելաձեւ, անոր համար ալ, ժողովուրդին կամքին համաձայն ընթացք առին աշխատանքները: Այսպէս հայ ընտանիքներու տուները մէջտեղ եկան եւ շրջանը աստիճանաբար զարգանալ սկսաւ ու կոչուեցաւ Նոր Գիւղ կամ Մէյտան: Այդ տարիներուն՝ 1927-ին, հիմնուեցաւ Ազգային Սահակեան վարժարանը եւ դարձաւ ձեւով մը շրջանի բնակչութիւնը համախմբող ուսումնակրթական կեդրոն մը: Անոր յաջորդեց 1930-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնը, զոյգ վեհափառներու՝ Սահակ Խապայեանի եւ Բաբգէն Կիւլէսէրեանի օրհնութեամբ, ջանքերով եւ աշխատանքով: Օրուան Առաջնորդն էր Գերա-շնորհ Տ. Զաւէն Արք. Սիւրմէլեան: Նոր Գիւղը հետզհետէ ուռճանալով սովորական բնակավայրէ մը աւելի՝ եղաւ մանրակերտը հայրենիքին եւ սկսաւ ծաղկիլ: Ապա, 1936-ին, վրայ հասաւ Զաւարեան վարժարանի հիմնադրումը: Վարժարանը այս անունը կը կրէր, որովհետեւ ունէր ուղղուածութիւն եւ կազմակերպութեան անմիջական հսկողութեան ու հովանաւորութեան տակ կը գործէր։ Բաժնուած ըլլալով այնթապցիներու Կրթասիրաց վարժարանէն՝ սկիզբը Ներսէսեան, ապա Զաւարեան կոչուած էր: 1936-էն վարժարանը սկսաւ իր առաքելութիւնը եւ շրջանի ժողովուրդին ուսումնակրթական երկրորդ կեդրոնը դարձաւ»:
Խաժակ Տիլպէրեանի պատումներուն ընդմէջէն վերակենդանացան Զաւարեան վարժարանին առնչուող յուշերը: Վարժարանը, այսօր, հալէպահայ աշակերտութեան թիւի նուազումին բերումով դադրած է ուսումնական կեդրոն ըլլալէ:
«Ես, որպէս զաւարեանական, ծնած-մեծցած եմ այս շրջանին՝ Նոր Գիւղի մէջ: Զաւարեանը այդ օրերուն չունէր ներկայ դպրոց-կառոյցի տեսքը, այլ ընդարձակ տուն մըն էր, որուն սենեակները դասարաններու վերածուած էին: Որոշ դասարաններ հասնելու համար սանդուխներէն վեր պիտի բարձրանայինք, այլ դասարաններ ալ՝ 12-13 աստիճան վար պիտի իջնէինք: Այդ դասարաններուն պատուհանները գրեթէ առաստաղին փակած էին: Դասարաններ ալ կային աւելի լուսաւոր: Շրջանի աշակերտները բնաւ չէին զգար, որ իրենք դպրոցական յարկի մը տակ կը գտնուէին, այլ՝ իրենց տան մէջ, որովհետեւ իրենց ապրած բնակարանները նոյն կառուցուածքը ունէին: Զաւարեանի մուտքի աջ կողմը գոյութիւն ունէր ընդարձակ սրահ մը, ուր մանկապարտէզը կը գործէր: Այնտեղ մասերու բաժնուած էին ծիլ դասարանէն մինչեւ ծաղիկ դասարանի փոքրիկները: Դպրոցին վերի բաժինը ունէր գրադարան մը, որ կը գործէր պրն. Ռուբէն Պարսումեանի ղեկավարութեամբ: Զաւարեան գրադարանը, 30-ական թուականներուն դարձաւ շրջանի ժողովուրդը հայ լեզուին ու գրականութեան մերձեցնող հիմնական փարոսը: Մարդիկ թրքախօս ըլլալով այբուբենն անգամ չէին գիտեր եւ այդ գրադարանին ճամբով, հեգելով ու կմկմալով սկսան հայ գիրին ու գրականութեան մերձենալ, սորվիլ, սկսան «Արեւելք» օրաթերթը կարդալ, որ այդ տարիներուն արդէն կը հրատարակուէր: Հետեւաբար, երբ մարդիկ կու գան եւ կ’այցելեն շրջանը անպայման կ’ըսեն, որ Հալէպը հայկական Սփիւռքի կարեւոր կեդրոնն է, Նոր Գիւղը անոր հայատրոփ սիրտն է, Զաւարեանն ալ անոր ծաղիկն է:
Նոր Գիւղի թաղերը ճանչցուած էին իրենց բնակիչներուն անուններով եւ մինչեւ այսօր ալ այդպէս ճանչցուած են: Կային նաեւ ականաւոր հայերու բնակարաններ»:
Խաժակ Տիլպէրեան գեղեցիկ նկարագրութեամբ ներկայացուց այն խճանկարը, որ ուսումնակրթական իւրայատուկ առաքելութեամբ օժտած էր վարժարանը. «Ես յաջորդաբար երեք տնօրէններու պաշտօնավարութեան շրջաններուն աշակերտած եմ: Առաջինը Գրիգոր Էքմէքճեանն էր: Անոր յաջորդեց Երուանդ Տէմիրճեանը, որուն, 4-5 տարի ետք, յաջորդեց երկարավաստակ Յովհաննէս Մուշեղեանը:
Յիշատակութեան արժանի է 1962-ին, Երուանդ Տէմիրճեանի օրերուն տեղի ունեցած յուզումնալից դէպքը: Այդ տարիներուն ծնողքիս հետ ամրան արձակուրդներուն կը ճամբորդէի Լիբանան: Այնտեղ ծանօթացած էի Զարեհ կաթողիկոսին, որովհետեւ մօրեղբայրս վարդապետ էր: Հայրս վեհափառ հօր հետ մօտէն ծանօթութիւն ունէր Հալէպի մէջ անոր առաջնորդութեան տարիներէն: Ուրեմն, 1963 թուականին, փետրուարեան անձրեւոտ առաւօտ մըն էր, երբ հայրս տխուր նստած էր, դպրոցէն ներս ալ խանդավառութիւն չկար: Զանգը հնչեց եւ աշակերտները խմբուեցան: Տնօրէնը բակի ամպիոնին վրայ, խիստ կեցուածքով, իր մնայուն սեւ զգեստով, տխուր արտայայտութեամբ մը ըսաւ .«Սիրելի՛ աշակերտներ, մենք ազգովին որբացանք, որովհետեւ Զարեհ կաթողիկոսը վախճանեցաւ»: Այդ կարծր տիպի մարդը աշակերտներուն դիմաց սկսաւ լալ: Իրեն հետեւեցան ուսուցիչներն ու աշակերտները: Այս դէպքը անջնջելի կը մնայ յիշողութեանս մէջ»:
Տիլպէրեան ակնածանքով անդրադարձաւ Զաւարեան վարժարանի մշակութային դերին. «Զաւարեանը միայն ուսումնակրթական կեդրոն մը չէր, այլ նաեւ ունէր 1938-ին յառաջացած Օժանդակ Մարմին մը, որ կազմուած էր դպրոցի հիմնադրութեան փուլի աշակերտութեան օրերուն: Այս Օժանդակ Մարմինին մէջ իրենց ուրոյն դերակատարութիւնը ունեցած են Ռուբէն Պարսումեանը, Զաւարեանի քարտուղար Շիթիլեանը եւ այլ անձեր, որոնք յանձնառու էին մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպելով առաւել հարստացնելու շրջանն ու պահելու անոր ազգային դիմագիծը: Սոյն մարմինը դարձաւ թատերական կեանքին կարեւոր ներդրում բերող, գործունեայ մարմին մը, ապա յառաջացուց Զաւարեան թատերախումբը, որ հետագային դարձաւ միաւոր: Ամէն տարի Փետրուար ամսուն մէջ Վարդանանցը մեծ շուքով կը տօնէինք դպրոցի սրահէն ներս:
Թէեւ Զաւարեանը չքաւոր ընտանիքներու զաւակներուն դպրոցը եղած էր, սակայն Օժանդակ Մարմինը, իր կազմակերպած հասութաբեր զանազան ձեռնարկներով, նիւթապէս նեցուկ կը կանգնէր դպրոցին:
Ասոր կողքին կար նաեւ Զաւարեան Միութիւնը, որ դպրոցի գրենական եւ այլ պիտոյքները ապահովելով եւ հոգաբարձութեան օժանդակելով նեցուկ կը կանգնէր դպրոցին:
Հիմնական, բանալի աշխատանքը վստահուած էր Օժանդակ Մարմինի անդամներուն, որոնք թատերական ներկայացումներով ժողովուրդին մէջ հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն կը ստեղծէին: Վարդանանքի տարազները եւ այլ ներկայացման գոյքերը բոլորը ձեռակերտ էին եւ խնամքով պատրաստուած, շնորհիւ Ռուբէն Պարսումեանին: Վարդանանց պատերազմը իր բոլոր մանրամասնութիւններով կը բեմականացուէր:
Ասոր կողքին Երուանդ Տէմիրճեանի օրերուն շաբաթ օրերը, երեկոյեան 15 օր անգամ մը մշակութային ատենամարզանք տեղի կ’ունենար դպրոցի սրահին մէջ, ուր 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ կարգի աշակերտները կը մասնակցէին վիճաբանական ասուլիսի մը: Այստեղ իրենց ձիրքերը, սորվածները արտայայտելու առիթ կ’ընծայուէր: Այսպէս Զաւարեանը վերածուած էր ուսումնակրթական դարբնոցի, որ ինքատիպ էր: Մեծ նպաստ բերած է Նոր Գիւղի շրջանին մէջ հայ գիրի եւ գրականութեան տարածման: Նոյնիսկ այն պապիկներն ու մամիկները, որոնք լրիւ թրքախօս էին, սկսան հայերէն գիրքեր ընթերցել: Հայ մարդը կերտելու աշխատանքը ճիշդ հունի մէջ էր:
Այդ օրերուն Զաւարեանի աշակերտներուն թիւը մօտաւորապէս 350-370 կը հաշուէր: Վարժարանը ունեցած է նաեւ պարախումբ մը, որ 1975-ին սկսած էր գործել, ապա հինգ տարիներ ետք դադրած էր անոր գործունէութիւնը:
Յիշարժան են բոլոր ուսուցիչներն ու ուսուցչուհիները, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են հայ աշակերտի դաստիարակութեան վսեմ գործին: Մինչեւ 1966 թուական բոլոր նիւթերը հայերէնով կը դասաւանդուէին, սակայն անկէ ետք արդէն փոխուեցաւ եւ արաբերէնը տիրապետեց: 1965-էն մինչեւ 1966-ի վերամուտը, երբ Զաւարեանը վերաշինութեան ենթարկուեցաւ, կարճ ժամանակի մը համար աշակերտներու տեղափոխութիւն եղաւ. մանկապարտէզի աշակերտները զէյթունցիներու սրահ, նախակրթարանի աշակերտները Մարտիկեան սրահ փոխադրուեցան, իսկ դպրոցը ժամանակակից ձեւով կառուցուեցաւ:
Դպրոցը ունեցած է այցելուներ, որոնցմէ են Սիլվա Կապուտիկեանը, մեծ գործարար Ճորճ Մարտիկեանը, որուն անունով կոչուած էր Նոր Գիւղի Մարտիկեան շէնքը:
Վարժարանը շրջանաւարտ փայլուն հունձքեր տուած է հալէպահայութեան: Անոնցմէ եներեսփոխան Սիմոն Լիպարեան եւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Ալիս Գաթրճեան: Մօրս ուսանողութեան շրջանին՝ քառասունականներուն սկիզբը, Զաւարեանի մէջ հայերէնի դասատու եղած է Անդրանիկ Ծառուկեանը»:
Տիլպէրեան կը հաստատէ, որ Նոր Գիւղի հայկականութեան ուրուագծման մէջ դեր ունեցած են նաեւ այլ կառոյցներ. «Նոր Գիւղի մէջ կը գտնուէին Հալէպի հիմնական կառոյցները՝ Ազգային Ծերանոցը, Կիւլպէնկեան մայրանոցը, Մարտիկեան սրահը, Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, Ազգ. Սահակեան եւ Զաւարեան վարժարանները, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, սրճարան Սահակը, որ գաղափարական-մշակութային կեդրոնատեղի մը եղած էր, Նաւասարդեան դաշտը եւ այլ կառոյցներ:
Այս բոլորին ծաղկունքին մէջ մեծ էր շրջանի բնակիչներուն դերը: Անոնք հաւատացած էին դպրոցի առաքելութեան: Այդ կառոյցները ոչ թէ որմնադիրներու կամ մասնագէտ ձեռքերով կառուցուած են, այլ ժողովուրդին վաստակով եւ անոր ձեռքին ուժով կանգնած են: Ժողովուրդը իր առօրեայ գործէն ետք անմիջապէս կը փութար շինարարական աշխատանքներու, նոյնիսկ յղի կիներ իրենց ներդրումը կը բերէին: Եւ այսպէս` գեղեցիկ միահամուռ աշխատանքով Նոր Գիւղը դարձաւ սփիւռքահայութեան զարկերակը: Երբ կը շրջէիր Նոր Գիւղի շրջանին մէջ, անկարելի էր չարբենալ իւրաքանչիւր բնակարանէն բուրող յասմիկի եւ վարդի բոյրով»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով բաժնուեցանք տիար Խաժակ Տիլպերեանէն, յուսալով որ անցեալին թափած հսկայական ճիգերուն վերյիշումը յետպատերազմեան շրջանի վերականգնումը խթանող ազդակ պիտի հանդիսանայ:
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան