Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7-00ին Սիտնիի Ուիլուպի Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս (Armenian Culture Center Willoughby) տեղի ունեցաւ «Դասախօսական -Տեղեկատուական Երեկոյ»:
«Կամաւորներու Դերն ու Կարեւորութիւնը Յաղթահարելու Սուրիական Ճգնաժամն ու Վերականգնումի Մարտահրաւէրները» թեմայով դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան: Դասախօսը համապարփակ գիծերով անդրադարձաւ Սուրիոյ վերջին ութը տարիներուն ճգնաժամային իրավիճակին, ծառացած դժուարութիւններուն ու վերականգնումի մարտահրաւէրներուն: Այնուհետեւ Համայնքապետ Վերապատուելին ներկայացուց Սուրիոյ մէջ գործող կամաւորներուն ներդրումը, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի ծաւալած գործունէութիւնը՝ ի նպաստ ժողովուրդի բարօրութեան:
Երեկոյի աւարտին կազմակերպող մարմինին Տիկ.Նինա Գաբրիէլեանի եւ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի կողմէ երկուստեք յուշանուէրներու փոխանակում տեղի ունեցաւ:
Սոյն դասախօսութեան իրենց ներկայութիւնը բերած էին նաեւ պատկան մարմնի անդամներ, համայնքային եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ: