Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան կեդրոնները ընդլայնեց Հասիչէի հիւսիսարեւմտեան արուարձանին մէջ` բնակչութեան պաշտպան հանդիսանալու համար։ Միւս կողմէ թրքական բանակը եւ անոր հետեւող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները կը շարունակեն յարձակումներ գործել Հասիչէի հիւսիսային արուարձանին վրայ, զուգահեռաբար անոնք Թալ Թամրի եւ Ռաս ուլ Այնի բնակարանները կը թալանեն եւ երիտասադները կ՛առեւանգեն։