«Թերթ».-Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Անգարա կրնայ զինուորական գործողութիւնները վերսկսիլ Սուրիոյ մէջ: Ան  յայտնած է, որ ան տեղի կ’ունենայ, եթէ Ռուսիա ու ԱՄՆ չկատարեն քրտական կազմաւորումներուն անվտանգութեան գօտիէն հանելու պարտաւորութիւնները:
Միեւնոյն ատեն` Չաւուշօղլու դիտել տուած է, որ մինչ այս պահը Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն իրենց խոստումները չեն յարգած: «Եթէ արդիւնքներ չտեսնենք, կրկին կ’ընենք այն, ինչ հարկաւոր է», ըսած է Չաւուշօղլուն` սպառնալով վերսկսիլ զինուորական գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ:

Յիշեցնենք, որ 17 Հոկտեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի, ԱՄՆ փոխնախագահ Մայք Պենսի եւ ԱՄՆ պետքարտուղար Մայք Փոմփէոյի բանակցութիւններուն համաձայն, Թուրքիա պարտաւորուած էր 120 ժամով Սուրիոյ հիւսիսը դադրեցնել իր գործողութիւնները, որպէսզի քրտական ջոկատները «անվտանգութեան գօտիէն» հեռանան 30 քմ.-ով:

22 Հոկտեմբերին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի հանդիպման ընթացքին կնքուած է յուշագիր մը, որուն 5-րդ կէտին մէջ յիշուած է, որ 23 Հոկտեմբերէն ժամը 12:00-էն սկսեալ թուրք-սուրիական սահմանին սուրիական կողմը, որ դուրս է Թուրքիոյ «խաղաղութեան ակունք» գործողութեան շրջանէն, պէտք է մուտք գործէին Ռուսիոյ զինուորական ոստիկանութիւնը եւ Սուրիոյ սահմանապահ ջոկատները: Անոնք պէտք է նպաստէին քրտական խմբաւորումներու դուրսբերման թուրք-սուրիական սահմանէն 30 քմ. հեռաւորութեան վրայ, որ պէտք է աւարտէր 23 Հոկտեմբերին ժամը 12:00-էն  սկսեալ 150 ժամուան ընթացքին: