Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2019-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց 2019-ի 24 թուակիր օրէնսդրական որոշումը, որուն համաձայն հանգստեան կոչուած զինուոր եւ քաղաքային պաշտօնեաներուն ամսականները 16.000 ս.ո.-ի արժողութեամբ յաւելում պիտի կրեն։
Իսկ 2015-ի 7 եւ 2016-ի 13 թուակիր օրէնսդրական որոշումներուն համաձայն, ամսականի ընդհանուր գումարին վրայ պիտի աւելնայ նաեւ ապրուստի փոխհատուցման յատկացուած գումարը։