Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2019-ին, Սուրիոյ արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ ըսաւ. “Սուրիան խստիւ կը դատապարտէ Սուրիոյ ժողովուրդին հանդէպ թրքական ուժերուն գործած ոճիրները, որոնց նորագոյնը տեղի ունեցաւ թրքական օդանաւի մը Թէլ Ապիատի եւ Ռաքքայի վրայ գնդակոծումներով, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան 5 զոհ եւ վիրաւորներ։
Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը կոչ կ՛ուղղէ համաշխարհային հանրային կարծիքին անմիջապէս դէմ դնելու Էրտողանի Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ գործած ոճիրներուն, որոնք կը հակասեն միջազգային եւ մարդկային օրէնքներուն”։
Նախարարութիւնը եզրափակելով իր հաղորդագրութիւնը շեշտեց, որ Սուրիան ջանք պիտի չխնայէ իր ժողովուրդին, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանը հանդիսանալու։