ՀՅԴ Յունաստանի Աթէնքի Կոմիտէութիւններու կազմերը անցնող շաբաթավերջին համախմբուեցան Աթէնքի «Արամ Մանուկեան» ակումբէն ներս, արտահերթ առցանց հանդիպումի մը մասնակցելու նպատակով։ Այս հանդիպումը նախատեսուած էր ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէին կազմակերպութեամբ, տեղեկութիւններ քաղելու եւ քննարկելու համար Հայաստանի Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ կատարուած՝ Ատրպէյճանական ռազմական յարձակումին վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քաղաքական զարգացումները ու տիրող իրավիճակը: Լուսաբանական հարցումներուն պատասխաններ տրուեցան։ Քննարկուեցան նաեւ Յունաստանի քաղաքական եւ պետական շրջանակներու մօտ տարուած աշխատանքներուն արդիւնքները։ Զրոյցին մասնակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Բենիամին Պչաքճեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ ընկ. Իշխան Սաղաթէլեան։ ՀՅԴ Աթէնքի կոմիտէներու կազմերը իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին եւ սահմաններուն վրայ ծառայող խիզախ հայ զինուորներուն, իրենց անվերապահ հաւատքն ու զօրակցութիւնը յայտնելով հայոց բանակին հանդէպ։