Month: September 2024

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Կը ցաւակցինք Հըզպալլայի մէջ իսլամական Դիմադրութեան մեր եղբայրներուն` ղեկավարութիւն, կուսակցականներ եւ համակիրներ, անարգ թշնամիի ձեռամբ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի…

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏՈՒԹԵԱՄԲ ՎԱՐԱԳԱՅ Ս. ԽԱՉԻ ՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ՔԵՍԱՊԻ Ս.ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 29 Սեպտեմբեր 2024-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ…

ՍՈՒՐԻՈՅ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ԲՈԼՈՐ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ ԸՆԴՈՒՆԻԼ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՆ ՈՒ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ

Նկատի առնելով եղբայր երկրի՝ Լիբանանի դէպքերը, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը նահանգներու իր տնօրէնութիւններուն յորդորեց ընդունիլ Լիբանանէն ժամանող բոլոր այն աշակերտները եւ…

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԽՍՏԻՒ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ, ՈՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՍԵՅԻՏ ՀԱՍԱՆ ՆԱՍՐԱԼԼԱ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Լիբանանի հարաւային արուարձանին ուղղուած իսրայէլեան իրարայաջորդ հրթիռակոծումները, որոնց հետեւանքով…

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

27 Սեպտեմբերին, նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական պատուիրակութիւններու եւ ներկայացուցիչներու…

ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԳՈՒԺԵՑ ՍԵՅԻՏ ՀԱՍԱՆ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Լիբանանեան Հըզպալլա Կուսակցութիւնը գուժեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութիւնը՝ 27 Սեպտեմբերին Լիբանանի հարաւային արուարձանին դէմ իսրայէլեան բուռն հրթիռակոծման…

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼՈՒ ԾՐԱԳՐՈՒՄ

«Ազդակ»- Պէյրութի Երեսփոխանական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբերին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ հայկական համայնքային, բարեսիրական ու ընկերաբժշկական կառոյցներու եւ կեդրոններու…