«Արմէնփրէս».- ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Իջեւան քաղաքի ռազմամարզական համալիրի եւ լեռնային զօրավարժարանին մէջ «Միջազգային Բանակային Խաղեր-2020» նախաձեռնութեամբ աւարտած է «Աթլեթ» փուլը` ռազմամարզական վարժութիւններով:
Ռուսիոյ Հարաւային զինուորական օքրուկի մամուլի ծառայութենէն յայտնած են, որ
«Աթլեթ» ռազմամարզական մրցումներուն արդիւնքները յայտարարուելէն ետք, Ռուսիոյ խումբը յաղթանակ տարած է, երկրորդ տեղը գրաւած է Պելառուսի խումբը, իսկ երրորդը՝ Հայաստանի մարզիկներն են:
«Խաղաղութեան Մարտիկ» միջազգային մրցոյթի կրակային պատրաստութեան «Դիպուկահար» եզրափակիչ փուլը պիտի իրականանայ 31 Օգոստոսին ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Իջեւան քաղաքի լեռնային զօրավարժարանէն ներս:
Միջազգային մրցոյթը տեղի կ’ունենայ ամէն տարի 2009 թուականէն սկսեալ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (այսուհետեւ՝ ԱՊՀ) մասնակից պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդին որոշումով եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան եւ ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու Պաշտպանութեան Նախարարութիւններու միջեւ երկկողմ գործակցութեան ծրագիրներուն համապատասխան: 2018 թուականէն ի վեր` նախաձեռնութիւնը ընդգրկուած է Բանակային միջազգային խաղերու մրցումներու ցանկին մէջ թոյլ տալով ընդլայնել մասնակիցներու աշխարհագրական ընդգրկումը: Արդէն 3-րդ տարին է, որ անընդմէջ կը մասնակցի նաեւ Յունաստանը:
«Խաղաղութեան Մարտիկ» զինծառայողներու մասնագիտական վարպետութեան մրցոյթին կը մասնակցին խումբեր Հայաստանի, Պելառուսի, Յունաստանի եւ Ռուսիոյ հանրապետութիւններէն: Իւրաքանչիւր խումբ բաղկացած է 4 զինծառայողէ, ներառեալ մէկ կին:
Մրցոյթը ընթացած է բոլոր հակահամաճարակային կանոններու պահպանումով, որոնք կը բացառեն ժահրային հիւանդութիւններու տարածումը: