Այն անձերը, որոնք վարակուած են Covid 19-ով պէտք ունին յատուկ սնունդի։ Այստեղ կը ներկայացնեմ, թէ ինչպիսի՛ ուտելիքներէ պէտք է հեռու մնալ եւ ի՛նչ կենսանիւթերով եւ հանքային մետաղներով հարուստ սնունդ պէտք է ստանալ:
Վարակակիրները կ’ունենան կարգ մը ախտանշաններ, ինչպէս օրինակ` հազ, մարմինի ջերմութեան բարձրացում, շունչի նեղութիւն եւ յոգնութիւն: Այս աշխտանշանները կ’ազդեն նաեւ անոնց ախորժակին եւ կերակուրի քանակին վրայ, հետեւաբար անոնց սնուցումը թերի կը մնայ, այս պատճառով ալ չեն կրնար դիմադրել պսակաձեւ ժահրը:
Յիշենք, որ գոյութիւն ունի Covid 19-ով վարակուած հիւանդներու երկու տեսակ: Առաջին տեսակը հիւանդանոցային խնամքի կարիք կ’ունենայ կամ բժշկական խիստ հսկողութեան տակ կը մնայ։Այսպիսիներուն սնուցումը ներերակային կ’ըլլայ, բժիշկին հսկողութեան տակ։ Երկրորդ տեսակին մաս կը կազմեն այն հիւանդները, որոնք ծանր վիճակի չեն հասած, կամ բուժուելէ ետք կարիքը կ’ունենան յատուկ սննդառութեան՝ իրենց մարմինին դիմադրողականութիւնը զօրացնելու համար:
ԱՅՍՊԻՍԻՆԵՐԸ ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ՍՆՆԴԵՂԷՆ ՊԷՏՔ Է ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՆ
Անոնք նախ պէտք է հեռու մնան շաքար պարունակող ուտելիքներէ՝ անուշեղէն, ճերմակ հաց, քաղցր տուրմ եւ այլն, որոհետեւ այս նիւթերը պիտի տկարացնեն իրենց մարմինին դիմադրողականութիւնը: Պէտք է բաւարար չափով սպիտակուց (protein) ստանան, օրական առնուազն մէկ կրամ սպիտակուց իւրաքանչիւր մէկ քիլոկրամ ծանրութեան համար, ուստի պէտք է ուտեն` հաւու կրծքամիս, ձուկ, հաւկիթ, պանիր եւ այլն։ Անշուշտ պէտք է ստուգել, թէ ինչպէ՛ս եփուած են այս ուտելիքները։ Անոնք պէտք է դիւրամարս ըլլան եւ օրուան անհրաժեշտ սպիտակուցի կարիքը ապահովեն մարմինին։
Կան անձեր, որոնք սուր ախորժակ չեն ունենար։ Անոնք հաւանաբար չկարենան ուտել անհրաժեշտ քանակով կերակրատեսակներ։ Այս պարագային նախընտրելի է, որ իրենց ուտելիքը բաժնեն մասերու եւ օրուան ընթացքին անօթենալու պարագային զերծ մնան տուրմ, կրկնեփուկ եւ այլ տեսակի քաղցրեղէն ուտելէ, որովհետեւ անոնք պիտի չապահովեն մարմինին անհրաժեշտ սնունդը: Պէտք է իւրաքանչիւր ուտելիք՝ նախաճաշ, ճաշ, նախընթրիք թէ ընթրիք, հարուստ ըլլայ սնուցիչ նիւթերով, օրինակ` տարբեր կենսանիւթեր եւ սպիտակուց պարունակող ապուրի տեսակներով, ինչպէս ոսպով ապուրը, որուն կարելի է աւելցնել A եւ C կենսանիւթերով հարուստ բանջարեղէն՝ սոխ, ստեպղին, գետնախնձոր, սխտոր եւ կտոր մը հաւու կրծքամիս:
Անհրաժեշտ է կեդրոնանալ նաեւ կարգ մը կենսանիւթերու վրայ, որոնք շատ կարեւոր են մարմինին դիմադրողականութիւնը ամրապնդելու համար։ Անոնցմէ են C կենսանիւթը, որ կը գտնուի պղպեղին, կիտրոնին, նարինջին, սեխին, խնձորին, արքայախնձորին, ազատքեղին, ծաղկակաղամբին, պրոքոլիին եւ այլ պտուղներու եւ բանջարեղէնի մէջ: Զինկը, որ կը գտնուի մսեղէններուն, ձմեռնային դդումին ու անոր կուտին, ընդեղէններուն, ընկոյզին եւ նուշին մէջ։ A կենսանիւթը, որ կը գտնուի ստեպղինին, ծիրանի չիրին, անուշ գետնախնձորին, հաւու թոքերուն եւ լիարդին մէջ։
Եթէ անձը կարիք ունի յաւելեալ կենսանիւթերու, դեղահատերու միջոցով կրնայ ստանալ զանոնք, սակայն բժիշկին հսկողութեան տակ, մանաւանդ երբ առողջական այլ հարցերու բերումով չի կրնար բնականոն ուտելով ամբողջական սնունդ ստանալ։ Անհրաժեշտ է նաեւ բաւարար քանակով հեղուկ խմել, որովհետեւ հեղուկը կ’օգնէ մարմինին բորբոքումներու, յոգնածութեան եւ հիւանդութեան դէմ պայքարելու համար: Իւրաքանչիւր անհատ օրական առնուազն պէտք է խմէ 2 լիթր ջուր, այլապէս անհրաժեշտ հեղուկը ստանայ ապուրին կամ պտուղի հիւթին միջոցով:
Շաղիկ Գաբրիէլեան
Սննդագէտ