ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ Պասքեթի Դաշնութեան նախագահ Ճալալ Նաքրաշ, Շաբաթ օր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց իր հրաժարականը: Ըստ Նաքրաշի, Սուրիոյ մարզական գերագոյն գրասենեակը խոչընդոտներ յառաջացուցած է Դաշնութեան (ֆետերասիոն)ի աշխատանքներուն դիմաց:
– Կիրակի օր Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Սուրիոյ Ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական քառեակի ակումբներու ներկայացուցիչներուն միջեւ: Նիստին որոշուեցաւ վերջնականապէս չեղեալ համարել 2020 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը եւ չորս ակումբներուն տրամադրել նիւթական հատուցում: Աւելցնենք, որ Ճէյշի եւ Ուասպէի խումբերը փափաք յայտնած էին շարունակելու մրցաշարքը, իսկ Իթթիհատն ու Քարամէն առաջարկը մերժած էին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՆՈՐ ՏԱՐԱԶ ՈՒՆԵՑԱՒ
Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութիւնը ներկայացուց հաւաքականի նոր երեք տարազները: Պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ կազմը կ’ունենայ երեք տարբեր գոյներով տարազներ: Դաշնութիւնը (Ֆետերասիոնը) պաշտօնական իր էջով յայտնեց, որ հաւաքականի արտաքին մրցումներու տարազին գոյնը նարնջագոյնն է, վերջինիս կողքին ան ունի նաեւ կարմիր եւ ճերմակ մարզաշապիկներ:
Մարզաշապիկները պիտի վաճառուին 25 Օգոստոսին: Հաւաքականի մարզաշապիկները Macron մակնիշի արտադրութիւն են: Այսպիսով, ՀՖՖ-ն պիտի չշարունակէ իր անդամակցութիւնը UEFA Kit Assistance Scheme ծրագիրին, եւ Macron ընկերութիւնը պիտի պատրաստէ Հայաստանի ազգային եւ բոլոր տարիքային հաւաքականներու, ինչպէս նաեւ ֆուտզալի եւ կանանց հաւաքականներու տարազները: 1 Յունուար 2020-էն սկսեալ, Macron ընկերութիւնը պաշտօնապէս դարձաւ ՀՖՖ հովանաւորը: Պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ 30 Դեկտեմբեր 2023 :
ՄԻՋԱԶԱՅԻՆ
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻՉԸ
Սպանիոյ Քաթալոնէական ակումբը՝ Պարսելոնան, անցեալ շաբթուան ընթացքին պաշտօնապէս ներկայացուց խումբին նորանշանակ մարզիչը՝ Քումանը: Հոլանտացի մասնագէտը զիջելով իր երկիրի հաւաքականի մարզիչի պաշտօնէն, ընդունեց գլխաւորել սպանական խումբը, պատասխանատուներուն ներկայացնելէ ետք որոշ պայմաններ, որոնցմէ մէկն էր կարգ մը խաղացողներու հեռացումը խումբէն: Քումանի նկատի չառած խաղացողներէն մէկն է ուրուկուէյցի մարզիկ Լուիս Սուարէզը: Աւելցնենք, որ Պարսելոնայի արժանթինցի խաղացող Լիոնէլ Մեսին ակումբի պատասխանատուներուն ներկայացուցած է խումբէն հեռանալու իր փափաքը: Քուման վարչութեան հետ միատեղ հանդիպում մը ունեցաւ Մեսիի հետ՝ զինք համոզելու մնալ կազմին մէջ մինչեւ պայմանագիրին աւարտը:
ՍԵՒԻԼԻԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ԵՒՐՕ ԼԻԿԻՆ
Եւրօ Լիկի ախոյեանութեան աւարտական մրցումին, Սպանիոյ Սեւիլիան 3 – 2 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Իտալիայէն ժամանած Ինթըր Միլանը: Այս վեցերորդ անգամն է, որ Սեւիլիան կը տիրանայ սոյն տիտղոսին. Ան Եւրօ Լիկի ախոյեան էր 2006-2007-2014-2015-2016 թուականներուն: Հանդիպումին, Ինթըրի կոլերը նշանակեցին Լուքաքուն եւ Տիէկօ Կոտինը 5-րդ եւ 36-րդ վայրկեաններուն, իսկ Սեւիլիայի կոլերը նշանակեցին Լոք տի Եոնկ՝ երկու կոլ եւ Տիէկօ Գարլոս՝ 12 – 33 – 74-րդ վայրկեաններուն:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան