Երեքշաբթի, 1 Յունիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հալէպի հիւսիս-արեւմտեան արուարձանին մէջ թրքական ուժերը եւ անոնց ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները կը շարունակեն ոճիրներ գործել։
Տեղական աղբիւրներ ՍԱՆԱ-ի հաղորդեցին, որ թրքական ուժերուն ենթակայ «Շամի Ջոկատ» կոչուող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումը խուժեց Հալէպի հիւսիսարեւմտեան Աֆրին քաղաքի Պասութա աւանը եւ մեծ թիւով քաղաքացիներ առեւանգեց։