Երեքշաբթի, 1 Յունիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց որ Չինաստանի նախագահ Շի Կին Պինկ շնորհաւորագիր յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատին՝ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ վերընտրուելուն առիթով։
Չինաստանի նախագահը յայտնեց, որ Չինաստանը եւ Սուրիան պատմական բարեկամներ են, իսկ Սուրիան առաջին արաբական երկիրներէն է, որ Չինաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է։
Չինաստանի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնեց նախագահ Ասատին հետ գործակցելու՝ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 65-ամեակին առիթով սատարելու յարաբերութիւններու զարգացման։
Նախագահը եզրափակելով հաստատեց, որ Չինաստան պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ՝ պսակաձեւ ժահրի յաղթահարման եւ սուրիական տնտեսութեան բարելաւման ի խնդիր։

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ ՍՏԱՑԱՒ ՉԻՆԱՍՏԱՄԻ ՆԱԽԱԳԱՀԷՆ