«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ երթեւեկութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ատիլ Քարաիսմայիլօղլուն տեղւոյն կատարուող աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով այցելած է Արցախի գրաւեալ տարածքներ:
Ան յայտնած է, որ Թուրքիան այդ տարածքներու վերակառուցման հարցով ամբողջապէս պիտի աջակցը Ատրպէյճանին:
«Թուրքիան Լեռնային Ղարաբաղի վերակառուցման հարցով երկրաչափական եւ արհեստագիտական ամբողջ ներուժով կանգնած է եղբայրական եւ բարեկամական Ատրպէյճանի թիկունքին»:
Թուրք նախարարը ատրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ եղած է Հորատիզ-Աղպենտ ճամբու շինհիրապարակին մէջ, ապա ծանօթացած է Շուշի տանող ուղիի կառուցման աշխատանքներուն:
Քարաիսմայիլօղլուն դիտել տուած է, որ Հորատիզի մայրուղիին եւ երկաթուղիին կառուցման համար մեծ աշխատանքներ տարուած են: