«Միակուլուած դուն ու ես՝ հոգի, երազ ու մարմին,
Մոռցած անցեալն ու ներկան, մոռցած աշխարհ մը ամբողջ՝
Թո՛ղ մեր եսերը նետենք՝ անցաւորէն անանցին…»
Լեւոն Գարմէն
Այո՛, կայ մնայունն ու անցաւորը, բայց մենք պարտաւոր ենք մատնանշել յանցաւորը:
Վերջին ըսուելիքը սկիզբը ըսենք ու այդպէս ճամբայ ելլենք:
Հայրենի հայութեան ազգային յիշողութեան դէմ շղթայազերծուած նորովի արշաւը իր բուն դիտաւորութիւնները սկսաւ դրսեւորել այն օրէն, երբ ժամանակավրէպ հռչակեցինք փանթուրքիզմի վտանգը, իսկ անոր դէմ ահազանգ հնչեցնողները՝ հայրենի ժողովրդային շարժումին թշնամիներ:
Ստրկութիւնը վիճակ մըն է:
Ստրկամտութիւնը՝ խառնուածք եւ հոգեբանութիւն:
Ստրուկը ուշ կամ կանուխ կրնայ ազատագրուիլ ու դառնալ ազատ: Ստրկամիտը, աւա՜ղ, ազատում չունի, եւ ազատութեան մէջ իսկ կը կրէ ստրկութեան անտեսանելի շղթաները:
Պատմութիւնը իր ծալքերուն մէջ ունի երեւոյթներ, որոնք տակաւին անբացատրելի են եւ կամ նուազագոյնը ոչ-ամբողջական բանաձեւում ստացած՝ ազատութիւն, անկախութիւն, գոյութիւն, բանականութիւն եւ վստահութիւն: Ազգ եւ ազգութիւն, ժողովուրդ եւ պետութիւն:
«Ազգը մարդոց այն ամբողջութիւնն է, որ ունի ընդհանուր ծագում, որուն յատուկ է զգալու եւ մտածելու միեւնոյն եղանակը»:
Ազգ, հայրենիք, ազգային պետականութիւն եւ անկախութիւն յղացքները օրկանական ամբողջութիւն մը կը կազմեն եւ կը հանդիսանան ժողովուրդի մը հաւաքական կամքին ու համազգային իտէալներուն գլխաւոր դրսեւորումները:
Երբ ազգը գոյութիւն ունի, հայրենիքը բնականաբար գոյութիւն կ’ունենայ, երբ հայրենիք գոյութիւն ունի, անժխտելիօրէն ազգային պետականութիւն պէտք է գոյութիւն ունենայ, իսկ երբ պետականութիւն կայ, անկախութիւնը անսակարկելի իրաւունք է, գոյատեւման երաշխիք է, ստեղծագործութեան խթան եւ ինքնակերտումի անփոխարինելի խարիսխ:
Ազատութեան մէջ խօսքը ոչ թէ ցանկութիւններու այլ՝ գործելու կարելիութեան սահմաններու մասին է:
Պատմութիւնը կ’ըսէ. «Ինչ որ գրեցի, գրեցի, եւ ոչ ոք ու ոչ մէկ ուժ կրնայ ջնջել պատմութեան գրածը»:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ալ արձանագրուած են դէպքեր, թուականներ, տեղանուններ եւ անձնանուններ, որոնք իրենց արձանագրումէն ետք վերածուած են խորհրդանիշներու. իրենց մէջ խտացուած են պատմութեան յոյզեր, կեանք ու մահ, բայց մանաւանդ պատգամ եւ յանձնառութեան թելադրանք:
Մէկ այլ եզրակացութիւն մը այն է, որ ժողովուրդներու պատմութեան ընթացքին բոլոր արմատական փոփոխութիւնները կատարուած են անձնազոհ եւ ազնիւ անձերու շնորհիւ:
«Ժողովուրդից է ամէն յաղթանակ,
Անկարող ղեկավարից՝ ամէն պարտութիւն»:
Զանգուածները յեղափոխական եւ արմատական փոփոխութիւններու ընթացքին կը հրաժարին ազատութենէն եւ կ’որոնեն առաջնորդներ:
Առաջնորդները պէտք է ունենան սկզբունքային մէկ պայման՝ պէտք է, անտարակոյս, ապահովել ժողովուրդի անվտանգութեան բոլոր իրական երաշխիքները:
Պետութեան բարոյական առողջ դիմագիծի եւ մթնոլորտի պահպանման լաւագոյն երաշխիքն է ժողովրդավարութիւնը, որուն հաստատման ի խնդիր պայքարը հիմնական նշանակութիւն ունի մեր երկրի վաղուան բարօրութեան ու լուսաւոր ապագայի կերտումին մէջ: Այս բոլոր սկզբնաղբիւրները, եւ տակաւին շատ մը այլ հաստատումներ եւ վկայակոչումներ կու գան փաստելու այն անժխտելի ճշմարտութիւնը, թէ հայ ժողովուրդի ազգային, քաղաքական յիշողութիւնը լրիւ վերականգնելու, մեր ազգի բարոյական, գաղափարական հարազատ նկարագիրը ամէն տեսակի կեղտաջուրերէ մաքրելու, ազգային մեր պետականութիւնը իր պատմական հունին վերադարձնելու դժուարին երթ մը վիճակուած է հայրենի մեր ժողովուրդին՝ վերադարձնելու հայ ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարական-կազմակերպական հարազատ անօթը:
Հայրենի հայութիւնը կը թեւակոխէ քաղաքական իր ճակատագրին տէր կանգնելու փուլը, անցեալի ազգային քաղաքական աւանդներու վերականգնումը աւելի քան անհրաժեշտ կը դառնայ, նոյնիսկ կեանքի պարտադրանք՝ որպէսզի հայութեան պատմութեան շարունակական, սահուն ընթացքը ապահովուի, որպէսզի հայրենի հայութեան ազգային-քաղաքական զարթօնքը մտնէ իր ճիշդ հունին մէջ:
Քաղուած խորհուրդի եւ իմաստի իւրաքանչիւր դրսեւորում՝ ուշ կամ կանուխ իր դրոշմը պիտի ձգէ՝ ըսելու թէ քաղաքական իրադրութիւնները իրենց անդրադարձը կ’ունենան վճռական որեւէ եզրակացութեան համար:
Հզօրացումը առաքելութիւն է, սրտի ու խղճի պարտք:
Պահանջուածը՝ միայն ու միայն
Քիչ մը աւելի լրջութիւն:
Պարգեւ Աւագեան